ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Դիմած Է Սփիւռքահայութեան, Որպէսզի Սատար Կանգնին Աղէտեալ Քեսապահայերուն

Ս.թ. մարտ  21-ին Քեսապի  եւ շրջակայ բնակավայրերուն վրայ Թուրքիայէն ներթափանցած խմբաւորումները թալանած ու աւերած են Քեսապի հայոց եկեղեցին, կողոպտած  տուները, շուրջ 700 հայ ընտանիքներ տեղահանուած են եւ ապաստանած Լաթաքիոյ Հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Քեսապի հայ բնակչութիւնը 1909 եւ 1915 թուականէն ետք, արդէն երրորդ անգամ, կ’ենթարկուի  Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած կամ հրահրուած տեղահանութեան ու զրկանքներու:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Հաագայի միջուկային անվտանգութեան գագաթնաժողովին, դատապարտեց կատարուածն ու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց քեսապեան իրադարձութիւններուն վրայ, որմէ ետք ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը անմիջապէս դիմեց սփիւռքահայութեան, որպէսզի սատար կանգնին աղէտեալ քեսապահայերուն, իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն ի պաշտպանութիւն վտանգուած մեր հայրենակիցներուն:

Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք մեկնեցին հայկական հոգեւոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները:  Անոնք տարբեր հարթակներէ խստօրէն կը դատապարտեն Թուրքիոյ եւ ծայրահեղական իսլամիստներու կողմէ քեսապահայութեան դէմ ուղղուած  ոճրագործութիւնը: ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ կը շարունակէ աշխատանքները:

ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները հարցը պիտի բարձրացնեն միջազգային կազմակերպութիւններ, պահանջելով դատապարտել եւ կասեցնել ողբերգութիւնը,  աշխատանքներ կ’իրականացնուին քեսապահայութեան օգնելու նպատակով:

Նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է Լաթաքիա գտնուող  Քեսապի քաղաքապետին եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանի, Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու հետ:

Scroll Up