Վոլֆկանկ Կուստի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գերմանիոյ ԱԳՆ 1915-1916 թթ. Արխիւներուն Մէջ» Գիրքի Անգլերէն Թարգմանութիւնը
«Հայոց ցեղասպանութիւնը Գերմանիոյ ԱԳՆ 1915-1916 թթ. արխիւներուն մէջ» գիրքը անգլերէն թարգմանութեամբ հրատարակած է Berghahn Books-ը: Գիրքը լոյս տեսած է Վոլֆկանկ Կուստի խմբագրութեամբ: Այնտեղ զետեղուած են հարիւրաւոր հեռագիրներ, նամակներ ու զեկոյցներ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաւատարմագրուած գերմանացի հիւպատոսներէ` հասցէագրուած Գերմանիոյ ԱԳ նախարարութիւն, ուր մանրամասն նկարագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան ահասարսուռ տեսարանները: Փաստաթուղթերը կը վկայեն երիտթուրքերու մտադրութիւնները եւ գերմանական կառավարութեան պաշտօնական համաձայնութիւնն ու մեղսակցութիւնը կայսրութեան հայ բնակչութիւնը բնաջնջելու հարցին:
Այդ փաստաթուղթերու բացառիկ կարեւորութիւնը կ’ընդգծէ այն փաստը, որ միայն գերմանացի զինուորական պաշտօնեաները կրնային Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն առանց գրաքննութեան զեկոյցներ ուղարկել Թուրքիայէն: Ամերիկացիներէն բացի, որոնք մինչեւ 1917 թուականի ապրիլ 6 չէզոք էին, գերմանացի դիւանագէտներն ու անոնց իրազեկիչները Պաղտատի երկաթուղիի ներկայացուցչութենէն կամ աշխատակիցներու թիւէն, ցեղասպանութեան ամենակարեւոր ոչ հայ ականատեսներն էին: Բացառապէս ներքին օգտագործման համար նախատեսուած փաստաթուղթերը, որոնք ենթակայ չէին հրատարակման, աչքի կ’ինային իրենց անաչառութեամբ ու անկեղծութեամբ: Նոյնիսկ որպէս Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցներ` գերմանացի պաշտօնեաները, բարոյական ու քաղաքական պատճառներով, իրենց պարտաւորուած կը համարէին յայտնել հայերու դէմ կատարուող վայրագութիւններուն մասին:
Վոլֆկանկ Կուստը կը գրէ. «Շոքի մէջ էի, երբ տեսայ, թէ գերմանացիները ինչ մեծ դեր ունեցած են Եւրոպայի ծայրամասին մէջ զանգուածային սպանութեան գործին: Գերմանիան չէր նախաձեռնած այդ ցեղասպանութիւնը, բայց երիտթուրքերու ամենամերձաւոր դաշնակիցն էր եւ կապուած էր պաշտօնական ռազմական դաշինքով: Միթէ՞ նացիստները չպատճէնեցին հայերու ցեղասպանութիւնը երիտթուրքերու իրականացուցած մեթոդները»: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Փոլ Վոլֆ Մեթերնիխը գրած է կայսերական կանցլեր «վարչապետ» Տէոբալդ ֆօն Բետման-Գոլուեյգին` Պեռլին, 1915 թուականի դեկտեմբեր 7-ին. «…հայերու հալածանքներու դէմ մեր դժգոհութիւնը պէտք է յստակ արտայայտուի մամուլի մէջ, եւ այդ կ’ըլլայ թուրքերու հետ գործակցութեան վերջը: Ինչ ալ անոնք ըրած ըլլան, կապուած է մեզի հետ` մեր խորհրդականներու, թնդանօթներու, փողերու…: Եթէ ռազմական նկատառումներով չենք համարձակիր դիմակայել անոնց աւելի կոշտ դիրքերէն, ապա այլ ընտրութիւն չենք ունենար, քան… կողքէն հետեւելու, թէ ինչպէս դաշնակիցը կը շարունակէ կոտորածը»:
Կանցլերը պատասխանած է. «Պատերազմի ընթացքին դաշնակիցի նման հանրային պարսաւանքը նմանը չէր ունենար պատմութեան մէջ: Միակ նպատակն է որպէս դաշնակից մեր կողքին պահել Թուրքիան մինչեւ պատերազմի վերջը` անկախ անկէ` անոր հետեւանքով հայեր կը զոհուին, թէ ոչ»:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Թորոնթոյի Զօրեան հիմնարկի մամլոյ գրասենեակէն:
Թարգմանութիւնը`