Երեւանի եւ Էջմիածինի մէջ Ապրիլ 22-24 երթեւեկութիւնը սահմանափակ կ’ըլլայ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու օրերուն` Ապրիլ 22-24, Երեւանի եւ Էջմիածինի մէջ ճանապարհային երթեւեկութիւնը սահմանափակ կ’ըլլայ:
Ինչպէս Ապրիլ 17-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է Ոստիկանութեան պետի տեղակալ Սամուէլ Յովհաննիսեան, հիմնական ձեռնարկներէն մէկը` համաժողովը, կը սկսի Ապրիլ 22-ին Մարզահամերգային համալիրին մէջ: Նոյն օրը երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կը սկսի 1.5 մլն զոհերու սրբադասման արարողութեան նախապատրաստումը: Սրբադասման արարողութիւնը պիտի ըլլայ Ապրիլ 23-ին, ժամը 17:00-ին Մայր Աթոռին մէջ:
Ցանկացողները կրնան ժամը 14:00-ին Պրազիլիոյ հրապարակէն տանող հանրակառքերով մասնակցիլ արարողութեան: Էջմիածինի մէջ մինչեւ ժամը 14:00 փակ կ’ըլլայ միայն Արարատեան փողոցը, ժամը 14-էն փակ կ’ըլլայ նաեւ Մաշտոցի փողոցը:
Նոյն օրը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը կայանայ System of a Down-ի համերգը: Մուտքը հրապարակ սահմանափակ է:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր տանող ճանապարհները փակ կ’ըլլան Ապրիլ 23-ին` ժամը 19:00-ին: Քաղաքացիներուն համար Ապրիլ 24-ի առաւօտէն մինչեւ ժամը 13:00 մուտքը Ծիծեռնակաբերդ փակ կ’ըլլայ: Այդ ժամանակահատուածին այնտեղ կ’ըլլան պատուիրակութիւնները: Ապրիլ 24-ին փակ կ’ըլլայ նաեւ Կիեւեանէն Բաղրամեան տանող անցուղին:
Ապրիլ 24-ին ` ժամը 20:15-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը կայանայ «Վերածնունդ» համերգը, որմէ ետք ժամը 22:00-ին կը մեկնարկէ ջահերով երթը Ծիծեռնակաբերդ: Համերգէն յետոյ փողոցները բաց կ’ըլլան:
Այս մասին կը հաղորդէ News.am կայքը: