Մեծ Եղեռնի խորհուրդը կրող` 100 մեթր երկայնքով Եռագոյնը ծածանեցաւ Տաթեւի եւ Խնձորեսկի մէջ. լուսանկարներ

Սեպտեմբեր 6-ին` կիրակի օրը, «Տիգրան Մեծ» Բարեգործական Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Մեծ Եղեռնի խորհուրդը կրող` 100 մեթր երկայնք ունեցող Հայոց Եռագոյնը ծածանեցաւ Տաթեւի եւ Խնձորեսկի մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը  տեղեկանայ «Տիգրան Մեծ» Բարեգործական Հիմնադրամի կայք-էջէն:

Սեպտեմբեր 6-ի վաղ առաւօտեան «Տիգրան Մեծ» Հիմնադրամի նախագահ, Արցախեան Ազատամարտի մասնակից, ֆոթոլրագրող Սրապիոն Գէորգեան,  խումբ մը զբօսաշրջիկներու հետ միասին, Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակէն մեկնարկեց ուխտերթը դէպի Տաթեւի վանական համալիր:

Կէսօրէ ետք  ուխտաւորներու խումբը արդէն Տաթեւ էր:

«Տիգրան Մեծ» Հիմնադրամի նախագահ Սրապիոն Գէորգեան հանդիպեցաւ վանական համալիրի հոգեւոր ծառայողներուն եւ հոգեւորականաց դասին հետ, որմէ յետոյ, Տաթեւի վանահայր Հայր Միքայէլ վարդապետ Գէորգեանի օրհնութեամբ, վանական համալիրի բակին մէջ մեկնարկեց Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած հերթական ֆլեշմոպը:

Ուխտաւորներու խումբը Սրապիոն Գէորգեանի հետ միասին պարզեցին Մեծ Եղեռնի խորհուրդը կրող Եռագոյնը, որուն ընթացքին ֆլեշմոպին միացան նաեւ այլ վայրերէ Տաթեւ ժամանած զբօսաշրջիկներու խումբերը, մէջը ըլլալով նաեւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներ:  Շարժումի մասնակիցները 100-րդ տարելիցի Եռագոյնը ծածանելով շրջան կազմեցին, որմէ յետոյ, եկեղեցական զանգերու հնչիւններու ներքոյ` 100 երկվայրկեան լռութեամբ յարգեցին Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը: Ֆլեշմոպին մասնակցեցան 100-է աւելի անձեր:

Տաթեւի վանական համալիրէն յետոյ, ուխտաւորներու խումբին հիւրընկալեց Սատանի կամուրջը, ուր հանգստանալէ եւ ճաշելէ յետոյ` խումբը ուղեւորուեցաւ Հին Խնձորեսկ:

100 մեթրանոց Եռագոյնը հերթական անգամ բացուեցաւ արդէն Հին Խնձորեսկի նորակառոյց Ճօճուող կամուրջին վրայ:

Ուխտաւորները պարզեցին 100 մեթրանոց Եռագոյնը Ճօճուող կամուրջի երկայնքով, իսկ այնուհետեւ` 100 երկվայրկեան լռութեամբ յարգեցին Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը: Այստեղ եւս նախաձեռնութեան մասնակից դարձան նաեւ տուեալ վայրին մէջ գտնուող այլ զբօսաշրջիկներու խումբերը:

Ֆլեշմոպէն յետոյ ուխտովորները այցելեցին Հին Խնձորեսկի սրբավայրերն ու աղբիւրը:

Scroll Up