Թուրքիան Անհանգստացած Է ԱՄՆ-¬Ի ՄԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ձեռնարկներով

ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ ուժեր կան, որոնք կը ցանկան փչացնել այդ երկրի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ:
Այս մասին, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, ըստ «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան: Անոր խօսքով, այդ քաղաքական ուժերը, արծարծելով 1915 թուականի իրադարձութիւնները, հակաթրքական քարոզչութիւն կը տանին ԱՄՆ-ի մէջ: Քըլըչ նշած է, որ ԱՄՆ-ի թրքական համայնքը բոլոր ջանքերը պիտի ներդնէ, որպէսզի դիմակայէ այդ քարոզչութեան: