Երեւանի Քաղաքապետարանին Մէջ Բացուած է «Յիշում եմ եւ Պահանջում. Վերածնունդ» Խորագիրով Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/0134.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ բացուած է «Յիշում եմ եւ պահանջում. Վերածնունդ» խորագիրով ցուցահանդէսը, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Հերմինէ Նաղտալեանը, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պողօսեանը, Երեւանի աւագանիի անդամներ, պաշտօնատար այլ անձինք, բազմաթիւ հիւրեր: Այս մասին կը յայտնեն Քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութենէն:
Ցուցահանդէսին նպատակը հանրութեան մինչեւ 1915 թուականը եւ անկէ ետք Երեւանը ներկայացնելն էր՝ փախստականներուն ապաստարաններ ստեղծելու, մեծագոյն աղետի հետեւանքները վերացնելու, Երեւանի վերակառուցման եւ վերածնունդի ծիրին մէջ: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ շրջած է ճեմասրահին մէջ, ծանօթացած ներկայացուած ցուցանմուշներուն: Շուրջ 30 մեծ պաստառներով հանրութեան ներկայացուած են դեռ անծանօթ այնպիսի լուսանկարներ, որոնք ժամանակի համահունչ գոյներով հնարաւորութիւն կու տան ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբի Երեւանը իր կառոյցներով, անոնց դերն ու նշանակութիւնը այն ժամանակ եւ ներկայիս:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացնելով Ցեղասպանութեան զոհ դարձած քաղաքներու եւ գաւառներու անուններուն մակագրութեամբ Անմոռուկի մեծ նախագիծը՝ թանգարանի տնօրէնը նշած է, որ ապակեպատ 10-ը ցուցափեղկերուն մէջ ալ ներկայացուած են ժամանակի մասին պատմող ինքնատիպ ցուցանմուշներ: Առանձին ցուցադրութիւններով ներկայացուած են նաեւ ժամանակի երեւանեան տարազներ, ասեղնագործութեան նմուշներ, 18-րդ դարու գորգ, ինչպէս նաեւ ազատ նստելու եւ կանգնելու տեղերով մեծ նկար-պաստառ, որուն մէջ պատկերուած է հայկական մեծ ընտանիք:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, առանձնակի կարեւոր համարելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկները, ընդգծած է, որ անոնց շարքը շարունակական պիտի ըլլայ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումների կազմակերպչական աշխատանքները համակարգող քաղաքապետարանի համապատասխան յանձնաժողովը, որը գործում է պետական յանձնաժողովին զուգահեռ, իրականացնում է իր բազմապիսի միջոցառումները, որոնցից մէկն էլ քաղաքապետարանի ճեմասրահում բացուած այս ցուցահանդէսն է: Ներկայացուած են Երեւանի պատմութեան թանգարանում պահուող բազմաթիւ ֆոնտային ցուցանմուշներ, ցուցադրութեան ենթակայ առարկաներ, որոնք մշտապէս չէ, որ ցուցադրւում են, եւ այս ցուցահանդէսն այդ առմով նաեւ բացառիկ է: Այստեղ, ցուցապաստառների վրայ, խորագրերի ներքոյ կը տեսնեք գրուած պահանջատիրութեան տարրեր, որոնք եւս շատ կարեւոր են: Ցուցադրութիւնների շարքում առանձնայատուկ է նաեւ այն սնդուկը, որի մէջ առկայ են Էրգրից մազապուրծ գաղթած մեր հայրենակիցներից շատերի տների բանալիները, որոնցով մի օր մենք բացելու ենք նրանց՝ այսօր փակ այդ տները»,– ընդգծած է փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Ձեռնարկի ընթացքին ճեմասրահի տարբեր հատուածներու մէջ ելոյթ ունեցած են Աննա Մայիլեանը, Ձայնի պահպանման երգչախումբը եւ Եուրի Բախշեանի անուան մանկական ֆիլհարմոնիայի կամերային նուագախումբը: Երկու պաստառներուն ցուցադրուած են օրուան խորհուրդին համապատասխան թեմատիկ շարժանկարներ:
«Յիշում եմ եւ պահանջում. Վերածնունդ» խորագիրով ցուցահանդէսը Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ պիտի մնայ մինչեւ Ապրիլ 30, այնուհետեւ պիտի տեղափոխուի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի ցուցասրահ եւ պիտի գործէ մինչեւ տարեվերջ: