«Հայկական Երաժշտութիւնը Հանճարեղ Է». Տոմինիքցի Երաժիշտ Ֆերնանտօ Պլանքօ
Հայկական հնամենի մշակոյթը միշտ հետաքրքրած է օտարներուն, դարձած անոնց` Հայաստան գալու եւ մեր ազգային-հոգեւոր արժէքներուն մօտէն ծանօթանալու շարժառիթ: Ճիշդ է, «Հայերեն այսօր»-ի զրուցակից Ֆերնանտօ Պլանքոն դեռ չէ այցելած Հայաստան, սակայն այնքան տարուած է հայկական երաժշտութեամբ, որ ցանկութիւն յայտնած է ընդգրկուելու ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ գործող «Արենի» երգչախումբին:
Այժմ ան երգչախումբի լիիրաւ անդամներէն է եւ կը վայելէ բոլորի սէրն ու յարգանքը:
–Ֆերնանտօ, պատմէք, խնդրեմ, Ձեր մասին:
– Ես ծագումով Տոմինիքեան Հանրապետութենէն եմ, ԱՄՆ տեղափոխուած եմ 1979-ին: Աւարտած եմ Farmingdale University-ին, այնուհետեւ Long Island University-ին` ստանալով կառավարման եւ հաշուապահութեան մասնագիտութիւն: Այժմ յատուկ մասնագիտացուած դպրոցի մէջ կ՛աշխատիմ կրթութեան ոլորտի մէջ` որպէս ուսուցիչ: Զուգահեռաբար 20 տարիէն աւելի Նիւ-Եորքի «Քուինս» թատրոնի տնօրէնն եմ:
– Ինչպէ՞ս իմացաք «Արենի» երգչախումբին մասին:
-«Արենի» երգչախումբին հետ առաջին անգամ հանդիպումս կայացաւ 2015 թուականին «Քուինս թատրոն»ին մէջ` երգչախումբի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգին, որմէ ես ցնցող տպաւորութիւն ստացած էի: Յաջորդ տարի երգչախումբը կրկին ելոյթ ունեցաւ նոյն թատրոնին մէջ, ուր ես նոյնպէս ներկայ էի: Կրկին մեծ տպաւորութիւն ստացայ. այս անգամ երգչախումբը բացարձակապէս նոր ու տարբեր ծրագիրով հանդէս եկաւ: Որոշեցի մօտենալ եւ ներկայանալ, ցանկութիւն յայտնեցի երգել հայերէն, քանի որ արդէն տարբեր լեզուներով երգելու բաւականին փորձառութիւն ունէի:
Երգչախումբի ղեկավար Արմինէ Վարդանեան առաջարկս սիրով ընդունեց, եւ սկսայ յաճախել փորձերուն: Սկիզբը լեզուի հետ կապուած դժուարութուններ կ՛ունենայի: Վստահ եմ` իմ փոխարէն ուրիշ մէկը հայերէն խօսքերը տեսնելուն պիտի բացականչէր` «օ~հ, ո’չ», սակայն երգչախումբի անդամներուն` ինծի օգնելու պատրաստակամութեան շնորհիւ, յաջողեցայ եւ շատ արագ կողմնորոշուեցայ:
–Ինչպէ՞ս կը զգաք երգչախումբէն ներս:
– Երգչախումբին մէջ շատ լաւ կը զգամ. ընտանեկան մթնոլորտ կը տիրէ այնտեղ: Բոլորն, անկախ տարիքէն, ազգութենէն, մասնագիտութենէն եւ գրաւած դիրքէն, շատ ջերմ են իրար նկատմամբ: Երգչախումբը մշտապէս հանդէս կու գայ տարբեր նախաձեռնութիւններով, որն ալ կը ստիպէ սորվիլ նորանոր ստեղծագործութիւններ, իսկ ես ատիկա շատ կը սիրեմ:
Առհասարակ, հայկական երաժշտութիւնը շատ գեղեցիկ է, իսկ երբ կը ծանօթանաս ատոնց բովանդակութեան ու խորապէս կ՛ուսումնասիրես կառուցուածքը, ապա այն պարզապէս հանճարեղ կը դառնայ:
–Ֆերնանտօ, ո՞ր ժանրի երգերը Ձեզի հոգեհարազատ են:
– Ես շատ կը սիրեմ յատկապէս հայկական ժամանակակից էսդրատային երգերը, որոնք մեծ սիրով կը կատարեմ: Ատոնցմէ կ’առանձնացնեմ Քրիստ Մանարեանի «Իմ Երեւան», Կոստանդին Օրբելեանի «Մեր սէրը երբեք չի ծերանում» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Այս երգերը չափազանց զգացմունքային են եւ մեղեդային: Թերեւս ատիկա է պատճառը, որ ամէն անգամ կատարելուս` գերագոյն հաճոյք կը ստանամ: Վստահ եմ` ապրումներս անպայման կ՛ուրուագծուին դէմքիս արտայայտութեան վրայ:
–Ինչ՞ գիտէք Հայաստանի եւ հայերու մասին :
-Երգչախումբին հետ ծանօթանալն առիթ հանդիսացաւ` խորապէս հետաքրքրուելու Հայաստանով եւ ուսումնասիրելու ձեր պատմութիւնն ու մշակոյթը: Իմացայ, որ Հայաստանը քրիստոնէութիւնն ընդունած առաջին երկիրն է, տեղեկացայ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ 1915 թուականին կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն ժամանակ հայ ժողովուրդն անպատմելի զրկանքներ կրած է:
Բազում յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ կարդացած եմ, վաւերագրական ֆիլմեր դիտած Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իսկ ամենացաւալին այն է, որ այն դեռեւս չէ ճանչցուած ոճրագործներուն կողմէ:
–Տարին յոբելենական է հայերուս համար.ազգովի կը նշենք հայ անուանի երգահան Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Կոմիտասն եւ անոր ստեղծագործութիւնները:
– Կոմիտասի երաժշտութիւնը իւրայատուկ է, այն ուղղակի կատարեալ է: Մինչ այդ երբեք առիթ չէի ունեցած լսելու այսպիսի հոգեթով երաժշտութիւն: Տեղեկացայ նաեւ անոր դաժան ճակատագրին մասին, որուն համար մեծ ցաւ ապրեցայ: Վերջերս առիթ ունեցայ ծանօթանալու եւ կատարելու աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի երգերէն մէկը:
Ինձմէ անկախ` սկսայ զուգահեռներ անցնել այս երկու հայ մեծերուն միջեւ, եւ եկայ այն եզրահանգման, որ հայ մշակոյթը չափազանց մեծ ներգործութիւն ունի համաշխարհային երաժշտութեան զարգացման վրայ:
Ամփոփելով միտքս` ըսեմ, որ ամենատարբեր ոլորտներու մէջ հայերը շատ մեծ աւանդ ունին համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի
Շնորհակալութիւն Նիւ Եորքի «Արենի» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արմինէ Վարդանեանին` հարցազրոյցը կազմակերպելուն աջակցելու համար: