«Հայաստանի ՄԷջ Օր Մը Օտար Չեմ Զգացած». Սուրիահայ Հայրենադարձ
Սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստանի մէջ հաստատուած են երեք գործընկերներ` Յակոբ Մարգարեան, Յովսէփ Գասպարեան եւ Գէորգ Մուրատեան: Երեւանի մէջ անոնք հիմնած են «Մանդալոուն» ճաշարանը, որ այսօր սիրելի վայր է շատերուն համար: Արաբական ոճով կահաւորուած ճաշարանին մէջ` կը հրամցուին հայկական եւ արաբական մշակոյթները:
Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը ճաշարանի համասեփականատէր Յակոբ Մարգարեանի հետ, որ չորս տարի առաջ առաջին անգամ գալով Հայաստան` այլեւս չի մտածեր այլ երկիր տեղափոխուելու մասին: Ան Հայաստանի մէջ ընկերներուն հետ կրցած է յաջողութիւններու հասնիլ ու կայանալ:
– Զրոյցի սկիզբը կը պատմէ՞ք Ձեր արմատներուն մասին: Ուրկէ՞ են Ձեր նախնիները:
– Ծնած եւ մեծցած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, բայց իմ նախնիներս Սասունէն են: Երբ սկսաւ Սուրիական պատերազմը, որոշեցինք ընտանիքով գալ Հայաստան եւ այստեղ շարունակել մեր ճաշարանային գործը: Ես արդէն չորս տարի է` կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ, իսկ իմ գործընկերս Գէորգը երկու տարի առաջ հաստատուած է այստեղ, թէեւ ան ճաշարանի գործով շատոնց կը զբաղի, քան ես:
Հայաստանի մէջ կ’ապրիմ ծնողքիս, կնոջս եւ երեխայիս հետ:
– Երբ հիմնեցիք «Մանդալոուն» ճաշարանը՞:
– Սա Յովսէփին, Գէորգին եւ իմ համատեղ գործն է: Նոյն գործով աշխատած ենք նաեւ Սուրիոյ մէջ: Երբ նոր Հայաստան եկած էինք, սկսանք փոքրիկ սրճարանով: Մէկ տարի աշխատելէ ետք զգացինք, որ այն յաջողութիւն կ’ունենայ: Մեր յաճախորդներուն թիւը կը մեծնար եւ անոնց պատշաճ ընդունելու համար կարիք եղաւ սրճարանը աւելի ընդլայնելու: Այնուհետեւ որոշեցինք հիմնել «Մանդալոուն» ճաշարանը:
– Ովքեր են ձեր մշտական յաճախորդները՞:
– Մեր յաճախորդներուն հիմնական մասը Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ամերիկայէն եկած հայերն են, չնայած այստեղի յաճախորդներն ալ քիչ չեն: Մեր այցելուները կը սիրեն մեր խոհանոցը, միջավայրը եւ երաժշտութիւնը: «Մանդալոուն»-ի մէջ կը կազմակերպուին ծննդեան երեկոներ, ընկերական հանդիպումներ եւ այլ ձեռնարկներ, որոնք կը գեղեցկացնէ մեր միւս գործընկերը` Յովսէփ Գասպարեանը, որ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն մօտ յայտնի երգիչ է եւ իւրաքանչիւր շաբաթ եւ կիրակի օրերուն ճաշարանին մէջ կ’երգէ:
– Ո՞ր երկրի խոհանոցը ներկայացուած է «Մանդալոուն»-ի մէջ:
– Ներկայացուած է արաբական, հայկական խոհանոցը: Չնայած մեր` սուրիահայերու խոհանոցը այնքան ալ նման չէ հայաստանեան խոհանոցին, որովհետեւ մենք աւելի շատ համեմունքներ կ’օգտագործենք: Ինքս մասնագիտութեամբ շէֆ-խոհարար եմ եւ կը հասկնամ համեմունքներու տեսակներէն: Եթէ այստեղ տոլմա պատրաստելուն կ’օգտագործեն ընդամէնը սեւ եւ կարմիր պղպեղ, ապա մենք կ’օգտագործենք տարբեր համեմունքներ:
– Արդեօք դժուար չէր Հայաստանի մէջ շարունակել ձեր գործը՞:
– Սկզբնական շրջանին, ի հարկէ, դժուարութիւններ կային: Այդ պատճառով սկսանք փոքրիկ սրճարանով, որ մինչեւ այժմ ալ կը գործէ Երեւանի կեդրոնին մէջ: Բայց աստիճանաբար կրցանք յարմարիլ: Գործ հիմնելու համար պէտք է մտածուած աշխատիլ, իսկ յաճախորդներ գրաւելու համար պէտք է կարենալ ճիշդ բան մատուցել:
Իմ կարծիքովս Հայաստանի մէջ աւելի հեշտ է աշխատիլ, քան դուրսը, քանի որ դուրսը մրցակցութիւնը մեծ է: Այնտեղ պէտք է այնպիսի բան մատուցես, որ կարենաս անուն եւ ճանաչում ունենալ: Իսկ Հայաստանի մէջ մրցակցութիւնը քիչ է, եթէ լաւ բան մատուցես, միանգամէն յաջողութիւն կ’ունենաս:
Միչեւ Սուրիական պատերազմը երբեք չեմ մտածած Հայաստան տեղափոխուելու մասին, բայց այստեղ արդարացան իմ բոլոր սպասելիքներս: Մենք կրցանք յարմարիլ եւ աշխատիլ: Ես այլեւս չեմ մտածեր հայրենիքէն հեռանալու մասին: Այստեղ կեանքը աւելի հանգիստ է, եւ մեր գործն ալ յաջողութեամբ կ’ընթանայ: Հայաստանի մէջ շատ բարեկամներ եւ ընկերներ ունիմ: Եւ օր մը օտար չեմ զգացած:
Տաթեւ Դաւթեան