Ներսէս Սարգիսեան. «Թէեւ չենք ըսեր` լքեցէ՛ք, բայց դժուարութեամբ կ’ըսենք՝ դիմացէ՛ք…»

Բոլորը ծանօթ են, թէ ինչպիսի իրավիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ: Սուրիահայերէն շատեր հեռացած են երկրէն, սակայն կան մարդիկ, որոնք դեռ կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ, կը փորձեն դիմանալ, դիմակայել դժուարութիւնները, յոյս ունենալով, որ կը կարենան յաղթահարել իրավիճակը, որովհետեւ… պարտաւորութիւն ունին: «Հայրենիքէն դուրս մեր գոյութեան իմաստը ազգային կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունենալն է»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կ’ըսէ սուրիահայ ազգային-հասարակական գործիչ, ատամնաբոյժ Ներսէս Սարգիսեան:

– Մեզ Սուրիոյ հետ կապողը գլխաւորաբար մեր համայնքն է, մեր գաղութը: Եւ գաղութի կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունենալը բնական երեւոյթ է իւրաքանչիւրիս համար: Մեր կեանքը չ’իմաստաւորուիր, եթէ նման դերակատարութիւն չունենանք: Ինքնանպատակ, պարզապէս սուրիացի ապրիլ գոյութիւն չունի: Ասիկա հոգեբանութիւն է, դաստիարակութիւն, որ անցեալէն, պատմութենէն կու գայ: Շատ քիչ սուրիահայերու կան, որոնք դերակատարութիւն չունին համայնքային կեանքէն ներս: Այս է, որ կ’իմաստաւորէ մեր հաւաքական կեանքը:

Ին՞չ է կ’ենթադրէ ազգային կեանքով ապրիլը:

– Երկու բան: Հայութիւնը, իբրեւ հաւաքականութիւն, կենդանի մարմին է, որ ունի ապրելու իր օրէնքները, որոնք կ’առնչուին համահայկական կեանքի հետ: Երկրորդ` այս բոլորի հետ մէկտեղ մենք սուրիացի ենք: Եւ իբրեւ սուրիոյ քաղաքացի` մեր ներդրումը, մասնակցութիւնը ունենք երկրի կեանքին մէջ: Այս երկուքը փոխկապակցուած, շաղախուած են:

Հալէպի  ընտանեկան մթնոլորտի մէջ հայ երեխան մինչեւ 7-8 տարեկան նոյնիսկ  արաբերէն չի գիտեր: Մեր դպրոցները, ճիշտ է, պետական հովանաւորութիւն ունին եւ միայն մի քանի հայերէն դասապահ ունին, բայց ազգային հայկական վարժարաններ են, երեխաները ամէնուր հայերէն են խօսին, մթնոլորտը ազգային է:

Այս է պատճառը, որ համայնքը հայկականութեամբ բուրող համայնք է` կապուած Հայաստանին եւ հայկական ընդհանուր կեանքին: Կը յիշեմ, Սպիտակի երկրաշարժի, Անկախացումի, Արցախեան պատերազմի օրերուն Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ համայնքը Հայաստանով կ’ապրէր, մենք կարծես Հայաստանի մէջ ըլլայինք: Բաւական աշխատանք կատարուած է այդ օրերուն: Սուրիահայերը նոյնիսկ մասնակցութիւն ունեցած են Արցախի ազատագրական պայքարին: Սուրիահայը եթէ չզգար, որ անիկա իր հայրենիքն է, իր գոյութիւնը անոր հետ կապուած է, այդ ամէնը չէր ըներ:

Բայց պատերազմական այս իրավիճակը շատ բան փոխեց:

Ինչպիսի՞ն է այսօր համայնքը:

– Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, համայնքը դեռ չէ կորսնցուցած իր կազմակերպուածութիւնը, փուլ չէ եկած: Բոլոր կառոյցները` կրթական, մարզական, քաղաքական, մշակութային եւ այլն, գոյութիւն ունին, բայց, ցաւօք, սկսած են տկարանալ: Մարդուժը սկսած է հեռանալ Սուրիայէն, աշխատողները սկսած են նիւթական շահ չունենալ:

Եւ մէկը, որ կենցաղային սուր հարցեր ունի, պէտք է նաեւ ազգային կեանքի մէջ մասնակցութիւն ունենայ: Այս բոլորին աւելցած է յաւելեալ պարտաւորութիւն, որ գաղութի անվտանգութեան խնդիրն է: Երիտասարդները, նոյնիսկ մեծահասակները կը հսկեն հայկական թաղերն ու հաստատութիւնները:

Եւ ես, իբրեւ ականատես, Հալէպի մէջ ապրող, կը վկայեմ, որ գաղութը պահած է իր կազմակերպուածութեան կմախքը, փուլ չէ եկած, դասալիք չէ եղած: Սակայն, որքան երկարի այս պատերազմը, ի նպաստ մեզ պիտի չըլլայ:

Բայց հիմա դեռ այդ վիճակը չէ, թէկուզ համայնքի կէսէն աւելին այնտեղ չէ: Բոլոր հաստատութիւնները, վարժարանները կը գործեն, Հալէպի մէջ կեանք կայ: Պատերազմական այդ ծանր վիճակի մէջ կը զարմանամ ես, թէ ինչպէս մարդիկ քով-քովի կու գան, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, նոյնիսկ նորարարութիւններ կ’իրականացնեն: Օրինակ` մենք ռատիօ չունէինք, բայց պատերազմական այս իրավիճակի մէջ ռատիօ ունեցանք, նպատակ ունինք յաճախականութիւնը զարգացնել: Երիտասարդներ կան, որոնք դեռ կ’ուզեն նորարարութիւններ իրականացնել, զարգացնել գաղութը:

Բայց որքան երկարի այս իրավիճակը, ծանր պիտի ըլլայ համայնքի համար, մարդոց չես կրնար կասեցնել: Ու այդ պատճառով է նաեւ, որ փոխուած են այսօր մեր լոզունգները: Եթէ առաջ կ’ըսէինք` մնացեբք, պէտք է դիմանա՛լ: Հիմա թէեւ չենք ըսեր` լքեցէ՛ք, բայց դժուարութեամբ կ’ըսենք` դիմացէ՛ք, որովհետեւ ամէն մարդ դիմադրողականութեան, դիմանալու սահման ունի: Եւ որքան կարճ տեւէ այս պատերազմը, գաղութը աւելի շուտ պիտի կարենայ վերականգնուիլ, լիարժէք գաղութի վերածուիլ: Յոյս ունինք, որ այդպէս ալ կ’ըլլայ, որովհետեւ սա այնպիսի հարց է, որ մեզմէ կախուած չէ:

Դժուար է, կացութիւնը շատ բարդ է Սուրիոյ մէջ, բայց մարդիկ դեռ կը շարունակեն դիմադրել, կը շարունակեն դիմանալ:

Դուք ինչո՞ւ Հալէպ մնացած էք: Տեղեակ եմ, որ մինչեւ պատերազմի սկսիլը Հայաստան տեղափոխուելու մտադրութիւն ունեցած էք:

– Այոյ, պատերազմէն առաջ ծրագրած էի տեղափոխուիլ Հայաստան: Անիկա հանգիստ պայմաններու մէջ մշակուած ծրագիր էր: Բայց երբ պատերազմը սկսաւ, ես չուզեցի հեռանալ, որովհետեւ ես իսկապէս կապուածութիւն ունիմ այդ գաղութի հետ: Ինծի համար որեւէ մէկ տեղ, ուր ալ երթայի, հոգեպէս հանգիստ չէի ըլլար: Սուրիոյ մէջ մնալն էր, որ զիս պիտի հանգստացնէր: Մէկ այլ երկրի մէջ, նոյնիսկ Հայաստանի, հնարաւոր է ֆիզիկապէս հանգիստ ըլլայի, բայց մտքով եւ հոգիով հանգիստ չէի ըլլար:

Զիս կ’անհանգստացնէր միայն երեխաներուս ապահովութիւնը: Բայց մեր ընտանեկան պայմանները այնպիսին են, որ բոլորս մէկ տեղ պէտք է ըլլանք: Եւ… տիկինս ու երեխաներս հանդուրժեցին այս պատերազմը, որեւէ օր ես իրենցմէ գանգատ չեմ լսած: Օր մը իրենց բերանը չբացին, չդժգոհեցան: Կրցան գիտակցիլ, որ ասիկա պատերազմական վիճակ է, եւ մենք պէտք է դիմանանք: Ասիկա ինծի համար առաւելութիւն է…

Մեծ տղաս 14 տարեկան է, փոքրը` 11: Երեխաներ են, բայց կը դիմանան ամէն ինչի: Գիտեն, որ հրթիռներու պարագային տունը պիտի մնան , այսօր այսինչ բանը պէտք է ուտեն: Այսինքն, ամէն ինչ կը տանին լուռ:

Սակայն մտահոգ եմ, որ այս բոլորը ապագային ազդէ անոնց հոգեբանութեան վրայ` իբրեւ պատերազմի մէջ մեծցած սերունդ: Անոնք կեանքի մէջ դառն փորձառութիւն ունեցան: Բայց այսուհետ նաեւ շատ բաներու արժէքը կը գիտնան: Մենք նախապէս շատ բաներ ունէինք, որոնց արժէքը չէինք գիտեր։

Կը յիշեմ, երբ խնճոյքներ կը կազմակերպէինք, կերակուրներու երեք քառորդը կը թափուէր, շատ շռայլութիւններ թոյլ կու տայինք մեզի: Հարուստ պայմաններու մէջ չէինք ապրեր, բայց, ինչպէս կ’ըսեն, աչքը կուշտ գաղութ էր: Հիմա այդ մէկ կտոր հացի արժէքը գիտցանք: Հասկցանք, որ այդ կտոր մը հացը կրնայ օր մը չըլլալ, օր ջուր ալ չունենանք:

Պատերազմի մէջ մեծցող սերունդը այս ազդեցութիւնները իր մէջ պիտի կրէ ողջ կեանքի ընթացքին: Աւերածութիւններու, վայրագութիւններու պատկերները  դրոշմուած են անոնց հոգեբանութեան մէջ: Բայց, յոյս ունիմ, որ անոնք այս բոլորը կը շրջանցեն, կը յաղթահարեն: Ու այս փորձառութիւնը կ’օգնէ անոնց՝ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ ապագային աւելի լաւ ճամբայ ունենալու համար:

Իսկ Հայաստան տեղափոխուելու հեռանկարը դեռ կա՞յ:

– Այո, կայ, թէեւ շատ բան փոխուած է: Երբ Հայաստան տեղափոխուելու ծրագիր կը մշակէի, այսքան սուրիահայեր չկային Հայաստանի մէջ: Եւ բոլորի կողմէն միայն քաջալերանք կը տեսնէի, երբ մտադրութեանս մասին կը խօսէի: Հիմա, երբ շատեր հաստատուած են Հայաստանի մէջ, պատկերը այլ է: Այսօր նոյնիսկ հայաստանցիի, ոչ սուրիահայու, հետ երբ կը խօսիս ու կ’ըսես, որ կ’ուզեմ Հայաստան գալ, կը զարմանան` Հայաստա՞ն ես ուզում գալ: Կ’ամչնաս ըսլու` այո: Կը զարմանան, որ հնարաւորութիւն ունիս Ամերիկա, եւրոպական երկրներ երթալու, բայց կը նախընտրես Հայաստանը: Ասիկա որոշ  չափով կը ճնշէ:

Բայց կան մարդիկ, որոնք կ’ըսեն, եթէ կ’ուզես ոչ միայն ֆիզիկական, այլեւ քու ազգային գոյութիւնդ պահել (ինչը մեր կեանքի մէջ հիմնականը եղած է) եւ գոյատեւել ոչ միայն իբրեւ մարդ, այլեւ իբրեւ հայ, համեմատաբար Հայաստանն է ամենայարմար միջավայրը: Սակայն պայման է, որ ունենաս գոյատեւելու նուազագոյն պայմաններ:

Մենք չենք ենթադրեր ունենալ այն, ինչն Հալէպի մէջ ունինք, եւ պէտք չէ այդպէս մտածել: Ընդամէնը կ’ուզենք ունենալ այնքան, որ մարդավայել կարենանք ապրիլ: Այսքանը մեզ կը բաւարարի: Շատեր կ’երազեն Հալէպի ունեցածը այստեղ ունենալ: Կարծեմ, որ այդ էլ ճիշտ չէ: Հայաստանի քաղաքացին ալ դժուարութիւններ ունի: Եւ հնարաւոր չէ Հայաստանի մէջ մէկ անգամէն ունենալ այն վիճակը, ինչ ունէին Սուրիոյ մէջ: Բնակարան, եկամուտ, որ քեզ կ’ապրեցնէ. ասիկա կրնայ զիս բաւարարել:

Սակայն շատեր, դժբախտաբար, կ’երթան Արեւմուտք, պատճառաբանելով, որ այնտեղ երեխաներու ապագան աւելի լաւ կ’ըլլայ, լաւ կրթութիւն, աշխատանք կ’ունենան: Բայց ի՞նչը քեզի կը վստահեցնէ, որ երեխադ կը մնայ քո՛ւ երեխադ, կը դառնայ հա՛յ երեխայ: Ցաւօք, այսօր մարդիկ այդ մասին չեն մտածեր: Կը մտածեն լաւ ապրելու, ապագային դժուարութիւններ չունենալու մասին:

Ամենադժուարը ի՞նչն է այսօր Սուրիոյ մէջ:

– Առաջինը անվտանգութեան խնդիրն է, որովհետեւ չես կրնար հանգիստ ըլլալ: Արձակուած հռթիռը կրնայ իյնալ խաղաղ բնակչութեան վրայ, եւ տուժողը կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկը:

Երկրորդը կենցաղային հարցերն են: Ցուրտ ձմեռ է, իսկ մարդիկ վառելանիւթ չունին տաքնալու համար, ելեկտրականութիւնը օրական 2 ժամ կայ եւ շատերը հնարաւուրութիւն չունին այլընտրաքային միջոցներու դիմելու:

Ասիկա է պատկերը: Բայց եթէ պատերազմական գործողութիւնները դադրին, մարդիկ ինքնաբերաբար կը վերականգնուին: Սուրիահայերը, իսկապէս, ստեղծագործ ջիղ ունին: Ես անոնցմէ մէկն եմ, բայց երբեմն կը զարմանամ, թէ ինչպէս հնարամիտ ձեւով խնդիրներուն լուծում կը գտնեն: Իրարու օգնելու պարագան ալ է շատ հետաքրքրական է: Բայց երբեմն խնդիրները այնքան մեծ կ’ըլլան, որ որեւէ բան չես կրնար ընել: Օրինակ` ջուրի, ելեկտրականութեան խնդիրը:

Իսկ ի՞նչը յոյս կը ներշնչէ, ո՞րն է այն լուսաւոր կէտը, որ կ’օգնէ դիմանալ:

– Յոյս ներշնչողը նախ մեր քով-քովի ըլլալն է: Ամէն մարդ իր տան մէջ նստած չէ: Երբ այս պայմաններու մէջ միասին կը հաւաքուինք ու միասնաբար կը դիմագրաւենք դժուարութիւնները, մեծ ուժ կը ստանանք:

Երկրորդ` հեռանկարը, որ եթէ այս ամէն ինչը վերջ գտնէ, պողպատէն աւելի զօրաւոր կ’ըլլանք, որովհետեւ ենթարկուեցանք թէ՛ տնտեսական, թէ՛ անվտանգութեան, թէ՛ ապատեղեկատուական դժուարութիւններու: Ու մենք այս բոլորի հանդէպ դիմադրողականութիւն ունեցանք:

Եթէ գաղութը դուրս գայ այս ամէնէն, յաղթանակի արժէք ունեցող բան կ’ըլլայ: Ասիկա մեզ կ’ոգեւորէ: Եթէ յաղթենք, պատերազմը պէտք է յաղթած ըլլանք, մեր ներքին պատերազմը: Ասիկա մեզ կը գօտեպնդէ, այն հեռանկարը, որ կրցաք դիմանալ, կրցանք համայնքը, հաստատութիւնները պահել, որ համայնքը չփոշիացաւ: Թէեւ այսօր առօրեայի մէջ լուսաւոր բան չենք տեսներ, բայց մենք դեռ կը դիմանանք: Իսկ լուսաւոր բաները, յոյսով եմ, որ շուտ կու  գան…

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Nersses

Scroll Up