Արսէն Գրիգորեան.«Վաղեմի երազանքս իրականութիւն դարձաւ»

Սեպտեմբեր 28-ին «Գաֆէսճեան» կեդրոնի քանդակներու պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Գութան 2015» Հայաստանի ազգագրական երգի-պարի ամենամեայ փառատօնը:

Այս մասին «Հայերն այսօրը» զրուցած է փառատօնի հիմնադիր, «Մրրօ» հայ-ազգային երգարուեստի  կեդրոնի  նախագահ, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեանի (Մրրօ) հետ:

-Արսէ՛ն, ի՞նչ ըսել է «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօն:

-Տարիներ շարունակ երազած եմ այնպիսի փառատօն մը ստեղծել, որ կը համախմբէ մեր բոլոր լաւագոյն ազգագրական, աւանդական խումբերը:

Փառատօնի նպատակն է պահել-պահպանել մեր հարուստ մշակոյթը` ազգագրական, աւանդական  երգն ու պարը,   այն փոխանցել մեր ժողովուրդին, յատկապէս մատաղ սերունդին:

Վերանկախացած Հայաստանի հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր նման նախաձեռնութեամբ  դեռ ոչ մէկը հանդէս չէր եկած: «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնը առաջին անգամ իրականացուեցաւ անցեալ տարի, որուն մասնակցած են ազգագրական կայացած եւ սկսնակ 11 խումբեր. նախ խումբերու ղեկավարներուն ներկայացուցի մտայղացումս, որ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ անոնց կողմէ:

– Ինչու՞ ընտրեցիք գութան անունը:

-Երկար չեմ տատանած անուան ընտրութեան հարցով: Ընտրեցի «Գութան» անունը, քանի որ այն անմիջական կապ ունի հայու ծագման ու տեսակին հետ. մենք արարող, կերտող, քարէն հաց «քամող» ազգ ենք: Ինչպէս նաեւ, այն երկրի ու երկնքի միջեւ հոգեւոր կապը կը խորհրդանշէ: Ուստի կը կարծեմ` «Գութան»-ը  նման ձեւաչափով փառատօնի համար նախընտրելի եւ համահունչ  անուանում է:

– Այս տարի փառատօնին մէջ  փոփոխութիւններ կատարուա՞ծ են:

– Ի հարկէ, որոշակի ծրագրային փոփոխութիւններ տեղ գտան փառատօնէն ներս: Նախորդ տարուան համեմատ` երկուքով աւելի է մասնակից երգի-պարի խումբերու թիւը` հասնելով տասներեքի: Իսկ այս տարի մասնակցեցան «Ակունք», «Մարաթուկ»,  «Կարին», «Սասնայ ծռեր», «Մշոյ հաւքեր»,(Գաւառ), «Տարօնցիներ»,  «Նուբար»,  «Վան»,  «Մենք ենք մեր սարերը» (Արցախ),  «Գորանի», «Մասունք»,  «Վերադարձ», «Տաւրոս» (Մասիս) խումբերը:

Եթէ անցեալ տարի խումբերու ելոյթին համար քսան վայրկեան կը  տրամադրուէր, ապա այս տարի` տասներկու վայրկեան:

Խումբերուն յանձնարարած էի ամբողջական Հայաստանի էթնիկ երաժշտութեան պատկերը ստեղծելու նպատակով Հայաստանի որեւէ  գաւառի  երգերն ու պարերը ներկայացնել: Օրինակ` «Ակունքը» -ը ներկայացուց Տերսիմը, «Կարին» համոյթը` Էրզրումը, «Մասունք»-ը` Ջաւախքը եւ այդպէս շարունակ:

Կարելի է ըսել մեր գործունէութիւնը նաեւ ուսուցողական բնոյթ կը կրէ, քանի որ կը փորձենք հասարակութեան գեղագիտական հաճոյք պարգեւելէ բացի` անոնց ճանաչելի եւ հաղորդակից դարձնել մեր պատմական գաւառներու պատմութեան:

Փառատօնի ընթացքին արդէն աւանդոյթ  ձեւաւորուած է փոքրիկ տեսաֆիլմերու միջոցով ներկայացնել հայ ազգագրութեան` երգարուեստի, պարարուեստի եւ երաժշտարուեստի  երախտաւորներու կեանքն ու անցած ուղին, ստեղծագործութիւնները, որոնք կարեւոր աւանդ ու ներդրում  ունեցած են հայ ազգային մշակոյթի պահպանման, տարածման գործին մէջ: Պէտք է բոլորը քաջատեղեակ ըլլան անոնց մասին:

Նպատակ ունինք հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ  «Գութան»-ը կեանքի կոչել նաեւ մարզերու մէջ…առաջ Աստուած:

-Արսէ՛ն, փառատօնը տեղի ունեցաւ Երեւանի սրտին` Կասկադի մէջ: Ինչո՞վ  պայմանաւորուած էր վայրի ընտրութիւնը:

-Պատահական չէր ընտրուած փառատօնի իրականացման վայրը: Սկիզբէն մտածած եմ այնպիսի վայր ընտրել, որ եւ՛ մեր քաղաքացիներուն, եւ՛ զբօսաշրջիկներուն համար հասու ըլլար: Այս տարի Կասկադը լեփ-լեցուն էր: Ի ուրախութիւն մեզի, հանդիսատեսի շարքին մէջ զգալիօրէն մեծ թիւով սփիւռքահայեր կային,  որոնք մեծ ոգեւորութեամբ փառատօնի ողջ ընթացքին կը յայտնէին իրենց հիացմունքն ու շնորհակալութիւնը, որ ականատես դարձած են իսկական ազգագրական տօնախմբութեան: Անոնց շարքերուն մէջ յատկապէս նկատելի էին մուսալեռցիները:

Ըսեմ, որ յաւուր պատշաճի կազմակերպուած էր «Գութան 2015»-ը: Ձայնի լոյսի եւ բեմի ձեւաւորման լուծումները վստահուած էր «Ովացիա»  կեդրոնին, որուն կատարած աշխատանքը պարզապէս հիանալի էր:

– Արդեօ՞ք փառատօնը նուիրուած չէր Հայոց ցեղասպանութեան  100-րդ  տարելիցին:

– Ի հարկէ, նուիրում եւ յարգանքի տուրք էր: Եւ ես կ’ուզեմ ըսել, որ մենք թիւեր  կամ տարեթիւեր չենք սպասեր, որովհետեւ մեր ամբողջ գործունէութիւնը իբրեւ երդում կ’իրականացնենք  սուրբ նահատակներուն առջեւ. շարունակելու անոնց գործը, այն է ինքնազոհողութիւն`  յանուն  ազգի յարատեւման:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

g3g4

Scroll Up