Սարատովի Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցը
ՌԴ Սարատով քաղաքի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի եւ ոգեկոչման արարողութիւն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին:
Անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող ձեռնարկին մասնակցած են «կռունկ» հայկական համայնքի ղեկավարութիւնը, հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, ուսանողներ ու դպրոցականներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, «Կռունկ» հայկական համայնքի նախագահ Համլէտ Շառոյեան իր բացման խօսքին մէջ նշած է, որ ժխտողականութեան դէմ պայքարը յաջողութեամբ պէտք է պսակուի, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը վերջապէս պէտք է ընդունուի. «Պարտաւոր ենք մշտապէս վառ պահել Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակն ու երբեք չյուսալքուիլ: Այսուհետ միայն ապրելու ապրիլ պիտի ըլլայ»:
«Կռունկ» հայկական համայնքի փոխնախագահ Արայիկ Քոսան նշած է, որ Հայոց պետականութեան շուրջ ողջ հայութեան համախմբուածութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է, որ պիտի իրագործուին Հայաստանի բոլոր ազգային նպատակները` հզօր եւ ծաղկուն հայրենիքի կառուցումը, Արցախի անկախութեան ամրագրումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Արկադի Ստոլիպինի անուան կառավարման հիմնարկի փրոֆէսոր Համբարձում Համբարեան իր ելոյթին մէջ կոչով դիմած է երիտասարդներուն. «Յիշէ՛ք միշտ, որ միայն հզօր եւ միասնական ազգն ի զօրու է նուաճել յարգանքի իրաւունքը»:
Այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Յուշարձանին անթիւ ծաղիկներ խոնարհուած են ու ծաղկեպսակներ դրուած: