Դամասկոսի Մէջ Լոյս Տեսած Է Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ» Գիրքը
Դամասկոսի մէջ լոյս տեսաւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ/ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբը» վերնագիրով գիրքը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, , 135 էջերէ բաղկացած արաբերէնով գիրքը հրատարակուած է «Աշ-Շարք» հրատարակչատան կողմէ, որուն տնօրէնը` դոկտ. Նեպիլ Թոհմէն գրած է գիրքի յառաջաբանը` վեր առնելով Արիսեանի գիտական, մտաւոր եւ քաղաքական գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ: Ինը գլուխներէ բաղկացած կը սկսի «Տէր Զօրի մասին պատմական ակնարկ»-ով, ապա ընդհանուր պատմական տուեալներով հանդէս եկած է «Տէր Զօրի բնակիչները», «Տէր Զօրը օսմանեան կայսրութեան ժամանակ» եւ «Տէր Զօրի կարեւորութիւնը» գլուխներով, որոնց մէջ պատմական անդրադարձ կատարելով կը պարզուի շրջանին մէջ օսմանեան քաղաքականութիւնը եւ տիրող իրավիճակը` լուսարձակի տակ առնելով Տէր Զօր քաղաքի ռազմական եւ քաղաքական պայմանները:
Գիրքին մէջ Արիսեան հանգամանօրէն անդրադարձած է Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, ապա գաղութի կազմութեան` ներառելով որոշ մանրամասնութիւններ եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին մասին, մանաւանդ եկեղեցի կառուցելու հանգամանքը եւ տեղական միջավայրին հետ առնչութիւնները:
Արիսեան ուսումնասիրելով Տէր Զօրի մէջ հայերու պատմական ներկայութիւնը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին, որոշ հաստատումներ կ՛արձանագրէ գիրքի աւարտին եւ կը հաստատէ, որ Տէր Զօրը մաս կազմած է հայ յիշողութեան եւ մեծ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, քանի որ եղած է հայերու տարագրութեան եւ կոտորածներու թատերաբեմ:
Նորա Արիսեանի «Հայերու տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ» գիրքը կը համարուի վաւերագրական գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւն, հասցէագրուած է Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի սուրիահայութեան մասին ուսումնասիրողներուն եւ հետաքրքրուողներուն: