Ֆրեզնոյի Մէջ Կայացած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ գտնուող Սան Խոակին հարթավայրին մէջ կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ ամերիկեան ABC30 հեռուստատեսութեան:
Ֆրեզնոյէն ճարտարապետ Փոլ Հալաճեանի նախագծած յուշարձանը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի համար մշակութային նշանակութիւն ունեցող խորհրդանիշները: Պեթոնէ եւ տուֆէ` ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի նմանութեամբ կառուցուող յուշարձանը բաղկացած պիտի ըլլայ ինը սիւներէ, որոնք պիտի խորհրդանշեն Հայաստանի վեց նահանգները, Կիլիկիան, սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սիւներէն առաջինը պիտի ըլլայ 19 ոտք բարձրութեամբ, իսկ վերջինը` 15, որ պիտի խորհրդանշէ 1915 թուականը: Յուշարձանի սիւներու վերեւը կիսատ լուսապսակ պիտի ըլլայ, որ պիտի խորհրդանշէ Ցեղասպանութեան ձգած ճեղքը եւ հայ ժողովուրդի միասնութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը պիտի օծուի 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին: