«Ցեղասպանութիւններու ճանաչում եւ կանխարգիլում» խորագիրով երիտասարդական համագումար Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս

Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ցեղասապանութիւններու Ճանաչում եւ Կանխարգիլում» թեմայով երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակից դարձան հայ եւ օտար երիտասարդական թէ եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին կողմէ Տիկ. Քրիստին Ղազարեան-Արզումանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, համագումարին բացումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ան ողջունելէ ետք ներկաներուն մասնակցութիւնը խօսեցաւ արդարութեամբ պահպանուած խաղաղութեան մասին, զայն որակելով բոլոր կրօններու գլխաւոր արժէքներէն մէկը: Վեհափառը ըսաւ. «Բոլոր կրօնները վայրագութեան դէմ են: Մենք որպէս տարբեր ազգեր կոչուած ենք միասնաբար ապրելու եւ մեր կեանքին մէջ կրօնքն ու վայրագութիւնը միաժամանակ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ»: Մեկնելով իր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ստեղծած կարքխօսէն՝ յիշել յիշեցնել եւ պահանջել ան ընդգծեց թէ նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար պէտք է որ ի մտի ունենանք մեր նահատակները: Միջազգային ընտանիքին յիշեցնենք որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է եւ հետեւաբար ամբողջական հատուցում պահանջենք: Ան հաստատեց թէ ազգի մը հանդէպ կատարուած ոճիրը մարդկութեան հանդէպ կատարուած ոճիր է. «Մենք թշնամի չունիք այլ ունինք դատ եւ կ’ուզենք, որ այդ դատը պատասխանատուուղեամբ հետապնդուի». ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:
Վեհափառ Հայրապատի խօսքէն ետք «կրօնքին դերակատարութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլման մէջ» խորագիրը կրող առաջին նիստին Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերպ. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան խօսեցաւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մէջ կրօններու դերին մասին՝ քրիստոնէական դիտանկիւնէն: Ան վեց կէտերու մէջ անդրադարձաւ քաղաքական կեանքին մէջ կրօններու դերակատարութեան, շեշտը դնելով բարեպաշտութեան, կրօնական հաստատութիւններու ունեցած ազդեցութեան, քաղաքական հաստատութիւններու վրայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, անցեալը յիշելու, ձեռնածալ չմնալու եւ արդար շրջանակներու ուղղութեամբ հաստատելուն վրայ:
Ապա Իսլամ-Քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Մուհամմէտ Սամմաք անդրադարձաւ նոյն նիւթին՝ իսլամական դիտանկիւնէն: Ան հաստատեց, որ Միջին Արեւելքէն ներս սպաննութիւններ կը կատարուին կրօնքի անունով, սակայն մահմետական կրօնքը անմեղ է այդ ոճիրներէն: Ան յիշեցուց, որ ծանօթ բռնակալներ յաճախ սպաննած են նոյն կրօնքի հաւատացող հազարաւոր անձեր: «Քաղաքականութիւն է պատասխանատու է վայրագութիւններուն եւ ո՛չ թէ կրօնքը», – ըսաւ Սամմաք:
Համագումարը շարունակուեցաւ յաջորդական երեք նիստերով, որոնց ընթացքին հերթաբար զեկուցեցին հետեւեալները իրեց նիւթերով. Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ Պայքար. Դոկտ Զաւէն Մսրլեան՝ «Ցեղասպանութեան Կանխամտածուած Բնութիւնը» Իրաւաբան պրն. Գէորգ Յակոբճեան՝ «Հայկական Հարցը եւ Միջազգային Օրէնքը»:
Երիտասարդութեան Դերը Ցեղասպանութիւններու Ճանաչման եւ Հատուցման մէջ. Օրդ. Աքասիա Փոլատեան՝«Մասնագիտութիւններ, Քարոզչութիւն (advocacy) եւ Իրազեկութեան Բարձրացում» (raising awareness) Օրդ. Արազ Գոճայեան՝ «Երիտասարդական երկխօսութեան Դերը Հակամարտութիւններու Լուծման մէջ»: Երիտասարդութեան Դերը Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման մէջ. Պրն. Րաֆֆի Չիլինկիրեան՝ «Կանխարգիլման Միջոցներ» Օրդ. Լէյլա Նիքոլաս՝ «Ծայրահեղականութեան Ծագումը եւ Շարունակուող Ցեղասպանութիւնները»:
Յայտնենք որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին առիթ տրուեցաւ քննարկումի եւ ապա տեղի ունեցան աշխատանոցներ պատրաստուած Տիկ. Քրիստին Ղազարեան-Արզումանեանի կողմէ: Չորորդ նիստի աւարտի ներկաներու ցուցադրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Զաւարաեանական Ումանողներու Միութեան կողմէ պատրաստուաւ «Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ» տեսերիզը:
Փակման խօսքը կատարեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալլախը: Ան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նախ գնահատան խօսքեր արտայայտելէ ետք, շեշտեց ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը մանաւանդ Միջին Արեւելքէն ներս եւ այդ գծով աշխատանք տանելու կոչ ուղղեց երիտասարդութեան:
Համագումարը առիթ մըն էր Լիբանանեան երիտասարդութեան մօտ Ցեղասպանութեան ոճիրին մասին իրազեկութեան բարձրացման տեսակետէն: Մասնակիցները համագումարի աւարտին զինուած էին Ցեղասպանութիւնները դատապարտելու եւ կանխարգիլելու ժամանակակից միջոցներու եւ եղանակներուն մասին: