Պատգամաւոր Նորա Արիսեանը` Սուրիոյ Պետական Արբանեակային Հեռուստաընկերութեան Հիւր

Սուրիոյ պետական արբանեակային հեռուստաընկերութեան «Իլա հատ մա» (Որոշակի չափով) հաղորդումը հիւրընկալած էր Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտոր Նորա Արիսեանը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, «Պատկանելիութիւն եւ հաւատարմութիւն. ներկան ու ձգտումները» խորագիրը կրող հաղորդման հաղորդավար Նիտալ Զաղպուրը հարցազրոյց վարած է Արիսեանի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ թեմաներ, որոնք կ’առնչուին Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանին եւ սուրիահայերուն:

Հաղորդման ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուած է Եփրատի շրջանին մէջ իրականացուած ցեղասպանութեան եւ վերջինիս արձագանքներուն սուրիացիներու ստեղծագործութիւններու եւ սուրիական գրականութեան մէջ:

Սուրիական ինքնութեան եւ հասարակութեան հարցերը քննարկելուն` Նորա Արիսեան հաստատած է, որ հայկական ներկայութիւնը սուրիական ինքնութեան մէջ փոխկապակցուած է այնպէս, ինչպէս սուրիական ներկայութիւնը հայկական ինքնութեան մէջ, որ հայերը կարեւոր օրինակ են Սուրիոյ բազմազանութեան եւ բազմամշակութային խնդրին մէջ: Հայազգի պատգամաւորը նաեւ շեշտած է Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ իր ներկայութեան քաղաքական կարեւորութիւնը` որպէս հայ կին պատգամաւոր, միաժամանակ կարեւոր համարելով ազգային դիմագիծը սուրիահայերուն մօտ:

 

 

Scroll Up