Սուրիան Հետաքրքրուած Է Տեսնելու Հայկական Արտադրութեան Ապրանքներ Իր Շուկային ՄԷջ

Հոկտեմբեր 18-ին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլադեան հանդիպեցաւ ՍԱՀ Տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Ահմատ Սամիր Խալիլի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Հանդիպման քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման հեռանկարները: Նախարար Խալիլը նշեց, որ Սուրիան մեծապէս հետաքրքրուած է տեսնելու հայկական արտադրութեան ապրանքներն իր շուկային մէջ` ընդգծելով, որ ներկայիս առկայ են բոլոր նախապայմանները հայ-սուրիական առեւտրական համագործակցութիւնը վերսկսելու համար:

Իր հերթին դեսպանը նշեց, որ երկու պետութիւններու աւանդական պատմական առնչութիւնները եւ քսանհինգամեայ դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու առեւտրատնտեսական գործակցութեան աւանդոյթները մեծ ներուժ կը հաղորդեն համագործակցութեան երբեմնի աշխուժութիւնը վերականգնելու համար:

Նախարար Խալիլը եւ դեսպան Փոլադեան անդրադարձան Սուրիոյ տնտեսութեան վերականգնման գործին մէջ Հայաստանի մասնակցութեան հնարաւորութիւններուն գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ:

Հանդիպման երկուստեք ընդգծուեցաւ բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ իրականացնելու:

Scroll Up