Սելինա Տողան Պահանջած է Թուրքիոյ Կրթութեան Նախարարութենէն Միջոցներ Ձեռնարկել Ներգաղթեալ Սուրիահայ Երեխաներու Հայեցի Կրթութեան Համար

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողան գրաւոր պահանջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւն` խնդրելով լուծում տալ երկրին մէջ բնակող սուրիահայ ներգաղթեալ երեխաներուն հայեցի կրթութեան խնդրին, կը հաղորդէ «Թերթ․am»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ը:

Տողան նշած է, որ սուրիացի ներգաղթեալներու կրթութեամբ զբաղող ժամանակաւոր վարչութիւնը՝ ըստ առկայ օրէնքին՝ սուրիահայ երեխաներուն արաբ եւ քիւրտ ներգաղթեալներուն պէս կ՛ուղղորդէ թրքական պետական դպրոցներ, մինչդեռ Պոլսոյ մէջ կայ գործող 16 հայկական յատուկ դպրոց, որոնք այսօր չեն կրնար ընդունիլ այդ աշակերտները՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներ ընդունուելու առկայ սահմանափակ կարգի պատճառով:

Պոլսոյ հայկական դպրոցներ կրնան ընդունուիլ միայն Թուրքիոյ քաղաքացի եղող քրիստոնեայ հայ ընտանիքներու երեխաները, որոնք կը ներկայացնեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կողմէ տրամադրուած մկրտութեան վկայականը:

Միւս կողմէն, եթէ սուրիահայ երեխաները հայկական դպրոց երթան եւ մասնակցին դասերուն որպէս հիւր-աշակերտ, չեն կրնար ստանալ միջնակարգ կրթութեան մասին համապատասխան վկայական:

Հայազգի պատգամաւորը նշած է, որ պետութեան կողմէ սահմանուած օրէնքի ծիրէն ներս պետական դպրոցներ ուղարկուող սուրիահայ երեխաները ստիպուած են սորվելու ու մեծնալու իրենց համար օտար մշակոյթի մը մէջ: Պատգամաւորը կը կարծէ, որ համապատասխան պետական կառոյցները պարզապէս հաշուի չեն առած, որ սուրիացի ներգաղթեալներուն մէջ միայն մահմետականներ չկան, քրիստոնեաներ ալ կան:

Scroll Up