ՀՀ Հիմնադրման 100-ամեակը Մեզի Համար Ամենանուիրական Յոբելեանն Է. Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Հայաստանի համար 2018 թ. յոբելենական տարի է. ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման, Մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը: Սփիւռքեան համայնքները նոյնպէս միաբանուած պիտի տօնեն այս կարեւոր իրադարձութիւնները, որոնցմէ անմասն պիտի չի մնան նաեւ թեհրանահայերը:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ տէր Սեպուհ արք. Սարգիսեան ըսաւ, որ յոբելենական ձեռնարկներու մեկնարկը կատարած են մարտի վերջին տեղի ունեցած ծառատունկով: Իսկ միւս ձեռնարկները համայնքին մէջ համակարգելու նպատակով յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծած են. կեդրոնական յանձնախումբը նիստերը կը գումարէ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ:
«Համապարփակ եւ բազմաբնոյթ ծրագիրներ մշակած ենք. գլխաւոր տօնակատարութիւնները նախատեսուած են իրականացնել յունիս 15-ին եւ 16-ին, յատուկ դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան: Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով առաջնորդանիստ Սբ.Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար կը տեղադրուի, պիտի կայանան նաեւ ազգային-ազատագրական երգերու համերգներ` նաեւ Հայաստանէն հրաւիրուած արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, պիտի ըլլան ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, յուշանուէրներու թողարկում»,-ըսաւ Տէր Սեպուհ արք. Սարգիսեան` աւելցնելով, որ աշնան հայ եւ իրանցի գիտնականներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ երկօրեայ գիտաժողով, քննարկման առանցքին մէջ պիտի ըլլայ այն, թէ Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումն ինչ կարեւորութիւն ունեցած է Իրանի կեանքին մէջ:
«Յոբելենական տարին ողջ հայութեան համար է, եւ բոլորս ներգրաւուած ենք այս տօնակատարութիւններուն, քանի որ այն մեր ժողովուրդի լինելիութեան խնդրին հետ կապուած է: Հայաստանի Հանարապետութեան կազմաւորման 100-ամեակը մեզի համար ամենանուիրական յոբելեանն է, որովեհետեւ անով տեղի ունեցաւ 21-րդ դարու մեծագոյն հրաշքը` ազատ, անկախ Հայաստանի ծնունդը եւ մեր պետականութեան վերականգնումը: Ձեռնարկներու առանցքին մէջ միայն տօնակատարութիւնները չեն. ատոնց մէջ նաեւ մեր ամբողջական Հայաստանի եւ պահանջատիրական պայքարի խորհուրդը կայ»,-նշեց Սրբազան Հայրը:
Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն մասին` Սրբազանը ըսաւ, որ կը նախատեսուի աւանդական երթի կազմակերպում դէպի թրքական դեսպանատուն, հոգեհանգիստի պատարագի մատուցում, աշակերտներու` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի մօտ ծաղիկներու խոնարհում, յատուկ ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ նաեւ իրանցի մտաւորականներու համար` անոնց ծանօթացնելու Օսմանեան կայսրութեան` հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուցած եղեռնագործութեան իրական փաստերուն:
Սրբազան Հայրն անդրադարձաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան` ընդգծելով, որ չնայած նախարարութիւնը ստեղծման առաջին տարիներուն երկչոտ քայլերով սկսաւ իր քայլերը, բայց այսօր հաստատակամ եւ ինքնավստահ աշխատանքով կ’իրագործէ իր առաքելութիւնը:
«Կը կարծեմ` Սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքեան իրականութեան մէջ շատ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ, եւ դեռ պէտք է ունենայ: Հրանոյշ Յակոբեան, որ աշխոյժ, եռանդուն եւ իր գործին հաւատացող մարդ է, նախանձախնդրօրէն իր կնիքը դրաւ այս նախարարութեան կայացման գործին մէջ: Սփիւռքն ալ, անշուշտ, գործուն մասնակցութեամբ, մեծ դերակատարում ունի այս հարցով:
Կը շնորհաւորեմ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման 10-ամեակին առիթով: Վստահ եմ, որ նոյն յանձնառութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի շարունակուին կեանքի կոչուիլ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղուած ազգանպաստ աշխատանքները»,-զրոյցն ամփոփեց Գերաշնորհ տէր Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Գէորգ Չիչեան