Հայրենիքը Մարդու Մէջ Պէտք Է Ըլլայ` Հոգիին Ներսը. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016

Ես միշտ իմ ուսանողներուս կ’ըսեմ` հայրենիքը մարդու մէջ պէտք է ըլլայ` հոգիին ներսը»,- կը նշէ  «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակից Ռուզաննա Մարտիրոսեան: Քիեւէն ժամանած ուսուցչուհին հայրենիքի ու հայրենի հողի իր ընկալումը ունի, որ արդէն հինգ տարի հայերէնի դասընթացներ վարելով` կը փորձէ փոխանցել իր ուսանողներուն: «Այդ դասընթացները մեծ տարիքային խումբերու համար են, մարդոց համար, որոնք, հայրենիքէն հեռու գտնուելով, հեռացած են ազգայինէն, սակայն տեսակի ուժով դարձեալ որոշած  են մօտենալ իրենց արմատներուն, հայերէն սորվելով»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կ’ըսէ տիկին Մարտիրոսեան:

Ըլլալով նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տպագրուող «Հայկական լրատու» ամսագիրի լրագրող` ան առկայ խնդիրներուն նաեւ լրագրողական սուր աչքով կը նայի, կը գիտակցի, որ եղած բացերը ոչ թէ պէտք է շրջանցել, այլ` լրացնել: «Շաբաթական մէկ օր հայկական դպրոց երթալով, հայերէն սորվելով միշտ չէ, որ արդիւնքը զգալի ու որակեալ կ’ըլլայ: Բնական է` լեզուն ամենագործածուողն է, իսկ երբ շրջապատը կը թելադրէ հաղորդակցման այն լեզուն, որ քեզի հարազատ լեզու չէ, պայքարիլը շատ դժուար է: Այստեղ պէտք է օգնութեան հասնին երկարատեւ դասընթացները, որոնք կը պահեն հայկականութեան մթնոլորտը: Իմ կազմակերպած եւ ծրագրած դասընթացներս արդէն հինգ տարի է` կեանքի  կոչուած են: Սկսելով հայերէն սորվեցնել տառերու գրութենէն, արտասանութենէն, ուղղագրութենէն եւ անցնելով քերականութեան` ես կը փորձեմ իմ ուսանողներուս մէջ զարգացնել հայկական ու հայերէն լեզուամտածողութիւնը», – կը պատմէ ուսուցչուհին եւ կ’աւելցնէ, որ մէկ տարի սորվելէ յետոյ` ուսանողները Սփիւռքի նախարարութեան իրագործած ծրագիրներուն շնորհիւ հնարաւորութիւն կը ստանան հայրենիք գալու, այստեղ իրենց իմացութիւնը կատարելագործելու:

«Ամենալաւ ճանաչողական գիրքերը, ուղեցոյցները չեն կրնար փոխանցել հայրենիքի այն պատկերը, որ իմ ուսանողներս կը տեսնեն եւ կը զգան այստեղ: Յայտնի առածը կ’ըսէ` լաւ է մէկ անգամ տեսնել, քան հազար անգամ լսել: Ես հազար եւ աւելի անգամներ  Քիեւի մէջ անոնց կը պատմեմ հայրենիքի մասին, ատիկա կարեւոր է, թէկուզ բառի ուժով անոնք մշտապէս կապուած կ’ըլլան Հայաստանին, սակայն երբ կու գան, ատիկա այլ է, զգացողութիւնները ուրիշ կ’ըլլան: Հիմա ալ ուսանողներս այստեղ են: Ամէն երեկոյ կը խօսին իրար հետ, անվերջ կը պատմեն, ոգեւորուած կը քննարկեն օրուան ընթացքին տեսածն ու ապրածը: Ես կը հասկնամ անոնց ոգեւորուածութեան չափը եւ նաեւ կը գիտակցիմ, որ այս այցը անոնց կը պարտաւորեցնէ ետ դառնալէ յետոյ նոր ուժով շարունակեն սկսած գործը»- կը պատմէ տիկին Ռուզաննան:

Հիմա, երբ աշխարհը քիչ-քիչ կը դառնայ սփիւռքացուած, ոչնչացման վտանգի առջեւ կը  կանգնին նաեւ պետութիւններն ու ազգային լեզուները, հաղորդակցուելու հիմնական միջոց կը դառնան աւելի լայն տարածում եւ աշխարհագրութիւն ունեցող լեզուները, որոնք ալ այսօր ամենապահանջուածներն են: Անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի ու ռուսերէնի դասընթացներ կը կազմակերպուին ամէնուր, եւ մարդիկ կրնան օտար լեզուին տիրապետել ամիսներու ընթացքին: «Այս առումով մեր գործը եւս բարդ էր: Պէտք է մշակէինք օտար լեզուներու դասընթացներուն չզիջող եւ մրցունակ դասընթացք: Ի հարկէ, բարդ էր, սակայն երթալով ուսանողներու թիւը կ’աճի, կը նշանակէ` դասաւանդման եւ մատուցման ճիշդ ուղի  ընտրած ենք: Իմ ուսանողներս կը սիրեն ինծի, իսկ ես անոնց կը պաշտեմ: Այո՛, երբ կը տեսնեմ անոնց մէջ այդքան մեծ սէր դէպի հայերէնը, ես կը սկսիմ պաշտել անոնց: Գիտէք` հեշտ չէ տարիներ շարունակ օտար արժէքներու, օտար լեզուի հետ մշտական պայքարի մէջ ըլլալ: Կամք պէտք է, որ ուսանողներս ունին: Այս ամէնը  շատ կ’ոգեշնչէ զիս: Դասընթացներուն տրամադրելով իմ առօրեայի երեկոյեան ժամերը, օրուան այն մասը, երբ ընտանիքը կը հաւաքուի, իսկ ես կը շտապեմ աշխատանքի` երբեք չեմ ափսոսար սկսածս գործին համար»,- կը պատմէ ուսուցչուհին եւ կատակով կ’աւելցնէ, որ եթէ կողքին չունենար հայագէտ ամուսին, ապա երբեք չէր կրնար հասնիլ այս արդիւնքին:

Ամառնային դպրոցը տիկին Մարտիրոսեանի համար նախ նոր լիցքերու ու հնարաւորութիւններու հարթակ է: «Այս առիթ է սփիւռքի ուսուցիչներուն համար միաւորուելու, փորձով կիսուելու: Մենք բոլորս նոյն առաքելութիւնը ունինք` հայ պահել հայրենիքէն հեռու գտնուող երիտասարդն ու երեխան: Այս առումով ամէն մէկս դասաւանդման մէկ ուղի  մշակած ենք: Իսկ ամառնային դպրոցը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ մեր կուտակած ահռելի փորձը փոխանակելու իրարու հետ, նոր հմտութիւններ ձեռք բերելու: Այստեղ գտնուելուս եւ այս զգացողութիւններուս համար շնորհակալ եմ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Ուքրանիոյ հայերու ազգային ժողովին` օժանդակութեան եւ մեծ օգնութեան համար»,-կ’ըսէ տիկին Մարտիրոսեան: Ան հայրենիքէն Քիեւ կը մեկնի նոր հեռանկարներով` յաջորդ տարի հայրենիք բերելով իր նոր հայախօս ուսանողներուն:

Ամալեայ Կարապետեան

Ռուզաննա մարտիրոսյան Ռուզաննա մարտիրոսյան2

Scroll Up