«Կարեւոր Չէ, Թէ Ուր Կ’ապրինք, Կարեւորը Հայրենիքի Մէջ Ներդրումներ Ընելն Է». Նարեկ Դշխունեան

«Հայաստան. ստեղծենք միասին»  համահայկական երիտասարդական հաւաքի «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն. Հեռաբժշկութիւն»  աշխատանքային խումբի  մասնակիցներէն  շատերը  արտերկրի մէջ ուսանած,  կրթութիւն ստացած եւ արդէն աշխատանքային գործունէութիւն ծաւալած  մեր  երիտասարդներն են,  որոնք այս հաւաքին կը մասնակցին ոչ միայն սեփական գիտելիքները  Հայրենիքի բժշկագիտութեան ոլորտին մէջ ներդնելու  մեծ ցանկութեամբ,  այլեւ`  աշխարհի լաւագոյն  համալսարաններուն մէջ եւ իրենց փորձնական աշխատանքի ընթացքին  ձեռք բերած հմտութիւններն ու փորձը հաղորդելու, սորվեցնելու  Հայաստանի մէջ բժշկական կրթութիւն ստացող մեր երիտասարդներուն:  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ  Մասաչուսէթսի համալսարանի  արուեստաբանական հիմնարկի  «Լոյս»  հիմնադրամի կրթական ծրագիրով   ուսանող   Նարեկ Դշխունեանի  հետ  ծաւալեց  իմ զրոյցս,  որուն ընթացքին  Նարեկը սիրով,  ոգեւորութեամբ ներկայացուց  իր աշխատանքային  առօրեան Հայաստանի մէջ:

«Կ’ուսանիմ  մագիստրատուրայի մէջ:  Իմ  մասնագիտութիւնս  բժշկութիւնը չէ,  այլ`  համակարգչային գիտութիւն   եւ կենսաբանութիւն,  որ,  բնականաբար,  բաւականին կապուած է բժշկութեան հետ:  Իմ երկրորդ մասնագիտութիւնս ուղեղագիտութիւնն է:   Բժշկութեան մէջ ինծի աւելի շատ կը հետաքրքրէ գիտական կողմը,  ըսենք` մաթեմատիքական ձեւը,  կենսաբանական   փորձերը:    Արդէն երրորդ ամառն է,  որ կու գամ,  իմ հիմնական ծրագիրս Երեւանի   «Այբ»  դպրոցին մէջ կ’իրականացնեմ,  որ արդէն 2-րդ  տարին է, որ նոր ծրագիր  սկսած ենք, որուն ծիրէն ներս ամառնային դպրոց կը կազմակերպենք, MIT-էն (Massachusetts institute of Technology) հայ եւ  արտասահմանցի ուսանողներու կը  հրաւիրենք:  Այս ծրագիրը արդէն պաշտօնական  կը դառնայ, կը հովանաւորուին MIT-ի  եւ «Լոյս»-ի կողմէ:  Մենք  MIT-ի ոճով տարբեր առարկաներ  ստեղծած ենք, ունինք յստակ դասացուցակներ, արդէն երեք շաբաթ է,  որ կը դասաւանդենք. դասընթացքի  ընդհանուր տեւողութիւնը 4 շաբաթ է: Աշակերտները,  որոնց  կէսը   մարզերէն է,  հաճոյքով կը մասնակցին.  անցեալ տարի աշակերտներ ունէինք Գիւմրիէն, Վանաձորէն, Մարալիկէն, Ստեփանակերտէն, իսկ այս տարի  միայն Երեւանի տարբեր դպրոցներու աշակերտներ կը մասնակցին  դասընթացներուն: Եթէ ամառուան տաքին, առտուան 9-էն այս  երեխաները կու գան սորվելու նորն ու  հետաքրքիրը,  ուրեմն  կարիք ունին ինչ-որ բան  լսելու, նոր գիտելիքներ ստանալու:  Այսպիսի ծրագիր առաջին անգամ կը կազմակերպուի «Լոյս»-ին կողմէն. անցեալ տարիներուն հիմնական  ուղղուածութիւնը մարզերը, համայնքներն էին:  Կը կարծեմ`  կարեւոր չէ,  թէ հայը ուր կ’ապրի,  կարեւորը Հայրենիքի մէջ  ներդրումներ ընելն է:  Հայաստան ծնած ու մեծցած շատ ուսանողներ  դուրսը կրթութիւն կը ստանան,  որոնք, 11 ամիս դուրսը ըլլալով,  միայն ամրան ընթացքին  գտնուելով Հայրենիքի մէջ, կրնան օգտակար ըլլալ մեր գիտական, կրթական  համակարգին.  իրենց ստացած գիտելիքներով,  ձեռք բերած փորձով   անոնք,  կարելի է  ըսել, արդէն ներդրումներ կ’ընեն:  Պէտք է  անկեղծ ըլլամ եւ ըսեմ,  որ ինքս ալ չեմ գիտեր,  թէ 5 կամ 10 տարի յետոյ ես  ուր պիտի ըլլամ. Կը վերադառնա՞մ   Հայաստան,  սակայն մէկ բան յստակ է ու  հաստատ`  ես  իմ մասնագիտական ներդրումները առաջին հերթին Հայրենիքի՛ս  մէջ պէտք է ընեմ,  որովհետեւ այս երկիրը՛,  այս հողն ու ջու՛րը    ծնունդ տուած են,  դաստիարակած են  զիս անանց արժէքներով:  Մենք բոլորս պարտք ունինք Հայրենիքին, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընտրած մասնագիտութեամբ պէտք է  օգտակար ըլլայ իր երկրին ու պետութեան:  Կեանքը առջեւ է.  դեռ մագիստրատուրայի մէջ սորվելու մէկ տարի ունիմ, կ’աւարտեմ եւ անմնացորդ կը նուիրուիմ իմ ընտրած մասնագիտութեանս: Շնորհակալութիւ՛ն «Հայսատան. ստեղծենք միասին» համահայկական երիտասարդական հաւաքի նախաձեռնողներուն, կազմակերպիչներուն ու հովանաւորներուն` ՀՀ սփիւռքի նախարարաութեան, ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակին, «Լոյս» հիմնադրամին, «Այբ» հիմնադրամին, «Վարդանանց» նորարական բժշկական կեդրոնին, մանրավիրաբոյժ Գէորգ Եաղջեանին, այս ծրագիրին անգամ  փոքր մասով աջակցող բոլոր  մարդոց` անկախ իրենց զբաղեցուցած դիրքէն ու պաշտօնին:

Նարեկ Դշխունեանի հետ  «Հայերն այսօր»  ելեկտրոնային պարբերականի  համար եղած հարցազրոյցը աւարտեց  նոյն խոստումնալից ու լաւատեսական վերջաբանով,  ինչպիսին  էին  «Բժշկութիւն եւ առողջապահութիւն. Հեռաբժշկութիւն» աշխատանքային խումբի միւս  5 մասնակիցներուն հետ եղած հարցազրոյցները… ու չես կրնար չհաւատալ երիտասարդական այս մեծ ներուժին,  որովհետեւ գործնական աշխատանքին մէջ  անոնք  արդէն կ’ապացուցեն այդ:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up