«Արի Տուն-2014». «Վերադարձ Ինքնութեան». «Հայրս Ծագումով Հայ Է, Մայրս` Թուրք. Ես…»՞. Հուսէյն Յել

Տիարպեքիր կամ մեզի հարազատ Տիգրանակերտ, ուր այսօր մօտ 100 հազարէ աւելի թաքուն հայ, հայ նախնիներ ունեցող մարդիկ կ’ապրին: Ովքեր  են անոնք, ինչ գիտեն իրենց ծագման մասին: Պատմութիւնները տարբեր են, ինչպէս այս մէկը, որ կը ներկայացնէ «Հայերն այսօրի» ընթերցողներուն 33-ամեայ Հուսէյն Յելը.

«Կը յիշեմ, երբ ծնողներս կը վիճէին, այն ժամանակ ես դեռ փոքր էի, մայրս յաճախ  հայրիկիս «հայ» կ’ըսէր: Այդ ժամանակ չէի կրնար հասկնալ, թէ ինչու: Կը մտածէի, որ պարզապէս կը ցանկայ վիրաւորել հայրիկիս, որովհետեւ մեր մօտ «հայ» բառը վիրաւորանք կը նշանակէ: Հիմա արդէն կը հասկնամ, որ մայրս վիրաւորանքի պահուն պարզապէս հօրս երեսին  կը «շպրտէր» անոր իրական ծագումը:

Հայրս ծագումով հայ է` թաքուն հայ, մայրս` թուրք: Ես…

…ես ատաղձագործ-կահոյքագործ եմ, ինչպէս եւ իմ հայրս, եւ կ’ապրիմ Տիարպեքիր:

12 տարեկան էի, երբ դպրոցին մէջ ինծի եւ մեծ քրոջս ըսին, որ մենք հայ ենք: Անմիջապէս  դպրոցէն տուն գացինք ու ստիպեցինք ծնողներուս ըսել, թէ ատիկա ինչ կը նշանակէ: Անոնք ալ մեզի ըսին, որ հայրիկս թաքուն հայ է:

Շատ կ’ուզէի իմ նախնիներու մասին որեւէ տեղեկութիւն իմանալ, թէկուզ այն, թէ ինչ եղած է մեր ազգանունը: Բայց ո՞րմէ: Միայն գիտեմ, որ մեր ազգականներէն մէկը Ամերիկա գացած է: Շատ  փնտրած եմ, բայց անոր հետքը չեմ կրցած գտնել: Եթէ կարենայի գտնել անոր ընտանիքը, հնարաւոր է` կարենայի պարզել, թէ ովքեր եղած են մեր նախնիները:

Հայկական ծագումիս մասին գիտնալէ ետք  շատ կը ցանկայի Հայաստան այցելել, բայց չէր յաջողեր: Այս ծրագիրի մասին վերջին օրը  լսած եմ: Չյապաղեցի, անմիջապէս իրերս հաւաքեցի ու որոշեցի մեկնիլ:

Հայաստանի մէջ երկակի զգացողութիւններ ունիմ. Եւ´ ուրախ եմ, եւ´ տխուր: Ուրախ եմ, որովհետեւ իմ հայրենիքն է սա: Իսկ տխուր եմ, որովհետեւ տեսայ ժողովուրդի աղքատութիւնը, յատկապէս Երեւանէն դուրս ապրող մարդոց: Ու սա ինծի խորհելու առիթ  կու տայ: Եւ  քիչ մը դառնացած, տխուր  կ’երթամ Հայաստանէն: Չեմ գիտեր, թէ ինչ կրնամ ընել` այստեղի վիճակը շտկելու համար: Բայց շատ կը ցանկամ որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ:

Անկախ ամէն ինչէն, ես պիտի կարօտնամ Հայաստանը, այստեղ բոլորս միասին ենք ու շատ լաւ կը զգանք: Երբ  մենք, ովքեր կը մասնակցինք «Արի տուն» ծրագիրին, վերադառնանք Տիարպեքիր,  այստեղի պէս միասին չենք կրնար ըլլալ ու, հաստատ, միայնակ պիտի զգանք: Այս պատճառով քիչ մը մտահոգ եմ, տխուր:

Շատ կը ցանկամ շարունակել հայերէնի ուսուցումը: Երբ այցելած էինք ՀԲԸՄ, իմացայ Վիրթուալ համալսարանի մասին: Շատ լաւ է, որ կայ նման հնարաւորութիւն, եւ ինծի պէս  շատերը կրնան հայերէն սորվիլ:

…շատ խօսեցայ, հակառակ անոր, որ չեմ սիրեր խօսիլ: Բայց լաւ է, որ հարցազրոյցներ  կ’ընէք մեզի հետ, ու մենք կրնանք պատմել, խօսիլ տարբեր թեմաներու մասին:

Բաւականին բաներու շուրջ կը խորհիմ, յետագային, հնարաւոր է, որ այդ մասին պատմեմ: Իսկ հիմա կ’ուզեմ միայն ըսել` ցտեսութիւն Հայաստան, ես  օր մը կը վերադառնամ…

Հուսէյն Յել, 33 տարեկան, Տիարպեքիր»:

Պատրաստեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up