Սուրիան երէկ, այսօր, վաղը…

Սուրիան թախիծ է, սէր ու կարօտ է, եւ այն չի կրնար յուշ ու երազ դառնալ
Այնպէ՜ս հարազատ կը հնչէ Սուրիա անուանումը, ըսես Հայրենիքի զգացողութիւն կը հաղորդէ էութեանս. գուցէ 1915թ. կոտորածէն մեր ժողովուրդին իր հիւրընկալ, բարեացկամ վերաբերմունքով արաբ ժողովուրդի սատարելն ու ընդունե՞լն է պատճառը, գուցէ վաղ դարերէն մեր բազմաշնորհ նախնիներու եւ անոնց սերունդներու ծննդավայր ըլլալո՞վ պայմանաւորուած է այդ զգացումը, գուցէ նախաստեղծ հայ ժողովուրդի աշխարհաձեւաւորման, ազգաստեղծ ճշմարտութեան մէ՞ջ է հարազատութեան առեղծուածը… Գուցէ եւ` այս ամէնուն ներդաշնակ համադրութեան մէջ…
Երիտթրքական դահիճներու ձեռքէն հայերէն շատերը ազատեցան, փրկուեցան մահէն արաբ ժողովուրդի օգնութեամբ: «Եթէ չըլլար արաբ ազնիւ ժողովուրդի մարդասիրութիւնը, Սուրիոյ ու Միջագետքի հայերու մեծ մասը գոյութիւն չէր ունենար», – իր նամակին մէջ կը գրէ 1915թ. նախճիրի վկաներէն Ա. Թորոսեան: Հալէպի նահանգապետ Ճելալ-բէյը, Թալէաթէն հայերուն ոչնչացնելու հրաման ստանալով, հեռագիր ըրաւ Սթամպուլ` «Ես այս նահանգի նահանգապետն եմ եւ չեմ ցանկար անոր դահիճը դառնալ», որմէ յետոյ նահանգապետին պաշտօնանկ ըրին: Պատմութենէն մեզի արդէն ծանօթ Նայիմ-բէյն իր յուշերուն մէջ կ’ընդգծէ, որ Հալէպի վիլայէթի Տէր-Զօրի նոր նահանգապետը ամէն ինչ կ’ընէր, որպէսզի փոքր մեղմացնէ աքսորուած հայերու տառապանքները: Կեդրոնական իշխանութիւններու հրամաններուն հակառակ` ան հայերուն չքշեց աւելի հեռու` դէպի անապտաներու խորքը, այլ անոնց տեղ յատկացուց վրաններ տեղադրելու համար եւ հնարաւորութիւն ստեղծեց` զբաղելու արհեստներով ու առեւտուրով: Հայերը բացին դերձակատուներ ու կօշկակարական արհեստանոցներ, նպարավաճառանոցներ, խանութներ, կառուցեցին քանի մը հացի փուռեր: Աքսորուած հայերու մէջ մեծ թիւով ճարտարապետներ ու շինարարաներ կային: Անոնց օգնութեամբ Տէր-Զօրի մէջ մեծ հիւանդանոց կառուցուեցաւ: Սթամպուլէն տեղեկանալով, որ նահանգապետը հայերուն հետ լաւ վարուած է, անոր անմիջապէս պաշտօնէն հեռացուցին: Անոր տեղը նշանակուեցաւ դահճապետ Ճէւտէթ-բէյը: Մօտ 200 հազար հայեր մաս-մաս ուղարկուեցան Մուսուլ, ուր զոհուեցան ոստիկաններու գնդակներէն, քաղցէն ու հիւանդութիւններէն: Տեղեկանալով, որ աքսորուած հայերու մէկ մասը կանգ առած է Հալէպի մէջ, Թալէաթ կը հրամայէ քաղաքը մաքրել անոնցմէ եւ քշել դէպի անապատներու խորքը:
Հայերու նկատմամբ երիտթրքական իշխանութիւններու գործադրած սահմռկեցուցիչ բռնութիւնները զայրոյթ ու բողոք առաջ բերին արաբ ժողովուրդի ամենատարբեր խաւերուն մէջ: Պատահաբար կենդանի մնացած հայերէն մէկը կը բերէ հետեւեալ բնորոշ փաստը. «Թուրք ժանտարմները 70 հայ մանուկներու լաստանաւ նստեցուցին եւ առանց ղեկը վարողի բաց ձգեցին Եփրատի ջուրերը` ջրվէժի մօտ: Լաստանաւը շրջեցաւ, եւ բոլոր երեխաները խեղդուեցան»: Անօգնական այդ մանուկներուն կործանման ականատես արաբները դիմեցին Հալէպի թրքական իշխանութիւններուն` պահանջելով պատժել դահիճները: Կ’ըլլային դէպքեր, երբ արաբները կը յարձակէին հայերուն ուղեկցող ոստիկաններուն վրայ, ազատելով քաղցէն հիւծուած կանանց ու երեխաներուն, կը թաքցնեն անոր իրենց տուներուն մէջ: Թրքական իշխանութիւնները չկարեցան ամբողջութեամբ ոչնչացնել աքսորուած հայերը… ու ապրեցան հայերը, վերընձիւղուեցան, շատցան, արարեցին, եւ աշխարհը զարմացաւ, որ բնաջնջուած ազգէն փրկուած սուրբ նշխարները կրցան անյատակ վշտերէն դարձեալ ծիլ արձակել… Եւ շարունակուեցաւ հայուն կեանքը աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ, եւ Սուրիան դարձաւ շատերուն համար երկրորդ Հայրենիք, ծննդավայր, ու պատարագուեցաւ մեր Կոմիտասը, հայ մանուկը հնչեցուց մեր ոսկեղինիկ այբուբենը, ապրեցան լեզուն ու հաւատքը հայուն շուրթերուն ու սրտին մէջ: Ծաղկեց Սուրիան. աշխատասէր հայերը արաբ ժողովուրդին հետ կողք կողքի ապրեցան, աշխատեցան, ստեղծեցին, եւ կատարուեցաւ Արարիչի մեծագոյն պատգամը` «Սիրեցէք զմիմեանս»:
Թրքական վայրագութիւններու բովով անցած եւ անլուր հալածանքներ կրած արաբ ժողովուրդը այսօր կրկին յայտնուած է պատերազմական գործողութիւններու կիզակէտին` այս անգամ ներքաղաքական պայքարի բովին մէջ, սակայն օտար ուժերու եւ օտար շահերու ինչ-ինչ ակնկալիքներով: Աւերակ քաղաքներ, աւերակուած թաղամասեր, բազմաթիւ զոհեր, ներառեալ շատ հայորդիներ, ու հայը կրկին գաղթական դարձած է` հանգրուանելով աշխարհի տարբեր երկիրներու, նաեւ` Մայր Հայրենիքի մէջ… Գուցէ այսպէ՞ս կը բացուի Հայրենիքի ճամփան… Դաժա´ն է, որովհետեւ Սուրիան ծննդավայր է, նախնիներու երկիր, Սուրիան հարազատ տուն է, Սուրիան հայկական հարուստ գաղթօճախ մըն է, ուր սրբութիւններ կան` եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակոյթի կեդրոններ, հարազատ շիրիմներ, արհեստանոցներ ու արուեստանոցներ, խանութներ ու այնտեղ մնացած շատ հարազատներ… Սուրիան թախիծ է, սէր ու կարօտ է, եւ այն չի կրնար յուշ ու երազ դառնալ Կիլիկեան վարժարան յաճախող այն սուրիահայ փոքրիկ տղուն համար, որ տխուր աչուկներով ու պերճաշուք արեւմտահայերէնով բարբառեց. «Ես իմ խաղատեղս, մահճակալս կը կարօտնամ…»: Կու գա´յ այդ բաղձալի օրը, երբ ցանկութեան պարագային ծննդավայր կը վերադառնան սուրիահայերը, երբ Սուրիոյ մէջ այլեւս չեն լսուիր կրակոցներ, արիւն չի հոսիր, տուներ ու երազներ չեն աւրուիր… Կու գա´յ այդ երանելի օրը եւ չեն իրականանար հռչակ ունեցող մարգարէներու խօսքերը թէ`կ’իյնայ Սուրիան, եւ կը սկսի 3-րդ համաշխարհայինը: Կը բարձրանա´յ Սուրիան, ոտքի կը կանգնի Սուրիան, եւ հակառակ շահեր ու գաղափարներ ունեցող սուրիացիները կը հասկնան, որ եղբայրներ են, ու կը դադրի եղբայրասպան, ուրիշներու շահերով թելադրուած պատերազմը: Կը դադրի… եւ սուրիական նոճիները, կիպարիսներն ու մայրիները միայն անուշ շշունջներ կը բերեն ու խաղաղութեամբ կը լեցնեն բոլորի հոգիները: Բանաստեղծի բառերով ցանկանք` «Արեւելեան կողմը աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ…»:
Կարինէ Աւագեան