«Մենք Ինչ Ունինք` Աստուծոյ Շնորհիւ Է, Եւ Մեր Պարտականութիւնն Է Օգնել Այն Մարդոց, Որոնք Ունին Այդ Ամէնուն Կարիքը». Ստեփան Գրքաշարեան

Փետրուար 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց աւստրալահայ հասարակական ու մշակութային գործիչ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, Խտրականութեան դէմ խորհուրդի նախագահ Ստեփան Գրքաշարեանը:

Ողջունելով հիւրը` Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց անոր հայանպաստ նախաձեռնութիւնները Հայրենիքի մէջ, ազգանուէր բազմամեայ գործունէութիւնը Աւստրալիոյ մէջ` ի նպաստ օտար ափերու վրայ հայ ինքնութեան պահպանման: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախալի է, որ դուք ՀՀ քաղաքացիութիւն էք ստացել, Երեւանում բնակարան էք գնել եւ բարեգործական գործունէութիւն էք ծաւալում նաեւ Հայաստանում: Գիւմրիի անապահով ընտանիքներին բնակարան նուիրելու ձեր ծրագիրը շարունակւում է եւ այս տարի էլ մի կարիքաւոր ընտանիք տանիք կ’ունենայ ձեր շնորհիւ: Հրաշալի ծրագրեր էք իրականացնում նաեւ Աւստրալիայում, ակտիւ մասնակցութիւն ունէք համայնքի խնդիրների լուծման գործում»:

Ստեփան Գրքաշարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուց. «Մենք ինչ ունինք` Աստուծոյ շնորհիւ է, եւ մեր պարտականութիւնն է օգնել այն մարդոց, որոնք ունին այդ ամէնուն կարիքը»:

 

Scroll Up