Յոբելենական Շնորհանդէսներ` Նուիրուած Թուրքիոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի 110 Ամեակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/01/2-8.jpg)
Յունուար 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման 110 ամեակին առթիւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեւանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վահան Թէքէեանի, Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի` «Ժամանակ. 100 տարի» մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերու եւ «Ժամանակ» օրաթերթի կայքէջի յոբելենական շնորհանդէսները:
Շնորհաւորելով օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը եւ ողջ խմբագրակազմը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ «Ժամանակ»-ը իր գործունէութեան ընթացքին ոչ միայն լուրեր տարածած է, ստեղծած պոլսահայ համայնքի տարեգրութիւնը, այլեւ կրցած է եւ կը կարենայ Հայրենիքէն հեռու հայուն հայ պահել, հայ երիտասարդին մօտեցնել մայրենի լեզուին, ամէն ինչէ բարձր դասելով հայ ինքնութիւնը, արժէքները, աւանդոյթները: «110 տարի առաջ Կ. Պոլսում ժամանակի թելադրանքով սկսեց լոյս տեսնել մի օրաթերթ, որ պիտի անխափան լինէր իր երթի մէջ, կարճ ընթացքում դառնար պոլսահայ համայնքի առօրեայի անբաժան մասն ու ընկերը: Ինչ խօսք, ստեղծման օրուանից «ժամանակը» դարձաւ ժամանակի շունչը, քայլեց, պատմութիւն ստեղծեց, վաւերագրութիւն դարձաւ եւ՛ ժամանակի մէջ, եւ՛ ժամանակից անդին: Միսաք եւ Սարգիս Գոչունեան եղբայրները, որ Պոլսում յայտնի անհատականութիւններ էին, հայ կեանքի, թուրքահայ իրականութեան լաւ գիտակներ, հիմնադրեցին մի թերթ, որը ոչ միայն նկարագրում, ներկայացնում էր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններն ու երեւոյթները, այլեւ ընթերցողին հաղորդակից դարձնում հայ մտաւորականների գրչին ու մտքին»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը: Անդրադառնալով օրաթերթի ջանքերով հրատարակուած գիրքերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ դժուար է պատկերացնել արեւմտահայ գրականութիւնը առանց այս գիրքերու հեղինակներ Վահան Թէքէեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Երուխանի:
«Այս հրատարակութիւնները մեզ նորովի են ներկայացնում մեր երեք դասական գրողներին, բացայայտում նրանց գործունէութեան քիչ լուսաբանուած էջերը: Ցաւօք, մեր երկու հեղինակներն էլ` Ռուբէն Զարդարեանն ու Երուխանը, զոհ գնացին Հայոց ցեղասպանութեանը: Շնորհակալութիւն նման ծանրակշիռ աշխատանքի համար, իրօ՛ք, սրանք բարձրորակ հրատարակութիւններ են, խնամքով կազմուած, լուրջ գրականագիտական առաջաբաններով եւ հարուստ ծանօթագրական տուեալներով»,-նշեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը:
Ողջունելով ներկաները` ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Եորդեկեան շեշտեց, որ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ «Ժամանակ» օրաթերթի միջեւ ձեւաւորուած են բարեկամական յարաբերութիւններ: Յովիկ Եորդեկեան ՀԲԸՄ-ի կողմէ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր եւ շնորհաւորագիր:
Այնուհետեւ ձեռնարկը ընթացաւ «4 գիրքերու գրականագիտական արժեւորում» թեմատիկ նիստով: Նիստը վարեց Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան: Ներկայացնելով Վահան Թէքէեանի ցիրուցան էջերէն կազմուած «Երկու դրախտներ» վերտառութեամբ գիրքը` Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան մասնաւորապէս նշեց. «Թէքէեանի հրապարակագիտական էջերը ցոյց են տալիս, որ աւել կամ պակաս կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ ոչ մի իրողութիւն` քաղաքական, սոցիալական կամ կրօնական, չի վրիպել նրա ամենատես աչքից, եւ իր սթափ ու անկողմնակալ մօտեցմամբ նա միշտ ուղղորդել է հայ միտքը դէպի անվտանգ եւ ապահով հանգրուաններ: Հրապարակախօս Թէքէեանը նաեւ մեր այն առաջադէմ մտածողներից էր, որոնք ժողովրդի փրկութեան գաղափարը տեսնում էին համազգային միասնութեան մէջ` ուղիներ փնտռելով դրան հասնելու համար»: Վահան Թէքէեանի միւս` «Կեսարիա» աշխատութեան անդրադարձաւ ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեան: Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջ» եւ Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ» հատորեակները ներկայացուցին գրականագէտներ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան եւ Նառա Սարգսեան:
Երկրորդ` «Դարադարձից ի վեր նոր ձեռքբերումները» թեմատիկ նիստի ընթացքին «Ժամանակ» թերթի անցած ուղին բարձր արժեւորեց Հանրային ձայնասփիւռի տնօրէն Մարք Գրիգորեան: Հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեան նշեց, որ երկար տարիներ կը համագործակցի «Ժամանակ»-ի հետ, նկարահանուած են թերթի մասին պատմող ֆիլմեր, եւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային կը թուայնացուին նաեւ թերթի 100-ամեայ պատմութիւն ունեցող համարները: Հեռուստատեսային վերլուծաբան Գեղամ Մանուկեան ընդգծեց, որ պոլսահայ համայնքէն ներս եղած ծայրայեղութիւններու մէջ «Ժամանակ»-ը կրնայ գտնել ոսկի միջինը, ազդու կոչեր հնչեցնել եւ ստանալ իրական պատկեր:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Տէր Արարատ քահանայ Պօղոսեանին Վեհափառի օրհնութեան խօսքը փոխանցելու, Սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին սերտ համագործակցութեան ու աջակցութեան եւ ՀԲԸՄ-ին ջերմ ընդունելութեան համար` Արա Գոչունեան նշեց, որ տպագիր մամուլն այժմ կանգնած է շարք մը մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ թերթի խմբագրակազմն ամէն ինչ կ’ընէ` ատոնք յաղթահարելու եւ ժամանակին համընթաց քալելու համար: «Ժամանակ»-ի խմբագիրը կարեւոր համարեց նաեւ, որ թերթը սերտօրէն կ’աշխատի հայաստանեան լրատուամիջոցներուն հետ` Հայաստանի մէջ ունենալով հինգ աշխատակից: «Կը կարծեմ` յատկանշական է, որ «Ժամանակ»-ի 110 ամեակը համընկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100 ամեակին հետ: Թերթը մեր արդի պատմութեան բոլոր իրադարձութիւններու ականտեսն ու վկան եղած է: Համագործակցինք եւ առաջ երթանք յանուն հզօր եւ խաղաղ Հայաստանի»,-նշեց Արա Գոչունեան: