Սուրիահայ երեխաներ կը մասնակցին «Արի տուն-2015» ծրագիրի առաջին փուլին
Յունիս 14-ին պիտի սկսի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն-2015» ծրագիրը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Համահայկական ծրագիրներու վարչութենէն «Հայերն այսօրին» տեղեկացուցին, որ այս պահի դրութեամբ ծրագիրի առաջին փուլին մասնակցելու յայտադիմում ներկայացուցած է 70 երեխայ աշխարհի վեց երկիրներէ` ՌԴ-էն, Պելառուսէն, ԱՄՆ-էն, Սուրիայէն, Ղրղզստանէն եւ Թուրքմէնստանէն:
Նշենք, որ «Արի տուն-2015»-ին մասնակցելու համար սուրիահայ երեխաներէն 48 հոգի յայտադիմում ներկայացուցած է, իսկ թէ անոնցմէ ստոյգ քանի հոգի պիտի մասնակցի ծրագիրին կը պարզուի մօտակայ օրերուն ընթացքին:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն-2015» ծրագիրը 8 փուլերով (իւրաքանչիւր փուլը` 14 օր) կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 29: