Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթի Առաքելութիւնը Մէկ Անուն Ունի` Հայրենասիրութիւն

Շատ տարիներ  անցած են Պաքուի ու Սումգայիթի հայկական ջարդերէն, սակայն չեն սպիանար այդ նորօրեայ եղեռնէն մազապուրծ մեր հայրենակիցներու վէրքերը. անոնց մէկ մասը հանգրուանած է օտար ափերու վրայ, ինքնահաստատուած, կայացած` որպէս հասուն մարդ ու մասնագէտ: Անոնցմէ մէկը` առինքնող արտաքինով մեր հայրենակցուհի, ամերիկաբնակ գրող, դասախօս, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, «Ոչ մէկ տեղ. Արտաքսման մէկ պատմութիւն» գիրքի հեղինակ Աննա ԱսուածատուրեանԹերքոթը, օրերս հիւրընկալուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, որ  առիթ դարձաւ Աննային հետ հարցազրոյց ունենալու «Հայերն այսօր»-ի համար:

Աննա, ծնունդով ուրկէ՞ էք:

-Ես ծնած եմ Պաքուի մէջ, աւելի խորքէն` արմատներս կու գան Նախիջեւանէն, Կիրովապատէն, յետոյ` Գորիսի Խնձորեսկ գիւղէն, ծնողներս ծնած են Պաքուի մէջ:

Վերջին անգամ ե՞րբ եղած էք Հայաստանի մէջ եւ Ձեր նախնիներու օրրան Խնձորեսկի մէջ:

-Յաճախ կ’այցելեմ Հայաստան, այստեղ բարեկամներ ալ ունինք, սակայն գալուս նպատակը հիմնականին մէջ Արցախի թեմաներով հասարակական գործունէութիւնս է, իսկ Խնձորեսկ այցելած եմ այս տարուան մայիսին. աննկարագրելի գեղեցիկ է Խնձորեսկը. ցաւօք, այլեւս ոեւէ բարեկամ այնտեղ  չունինք:

Աննա՛, ցաւոտ հարց է, սակայն չեմ կրնար շրջանցել ու չհարցնել, թէ երբ եւ ինչպէս ստիպուած եղած էք դուրս գալ Պաքուէն:

-Պաքուէն մենք դուրս եկած ենք 1989-ի սեպտեմբեր 18-ին.ատոնք սարսափելի տարիներ էին, այլեւս անկարելի էր այնտեղ մնալ, գրեթէ բոլոր հայերը դուրս  կ’ելլէին: Մենք եկանք Երեւան, ապրեցանք այստեղ երկուքուկէս տարի: Կը մնայինք Քանաքեռ, կը յաճախէի թիւ 132 ռուսական դպրոց: Ես այդպէս ալ չկրցայ լիարժէք հայերէն սորվիլ` չնայած գրել-կարդալ գիտեմ: Այնուհետեւ տեղափոխուեցանք Միացեալ Նահանգներ, ուր ես ուսանեցի, բարձրագոյն կրթութիւն ստացայ, կայացայ` իբրեւ մասնագէտ. իրաւաբան եմ, կ’աշխատիմ` որպէս դրամատան փոխնախագահ, նաեւ զբաղուած եմ հասարակական աշխատանքով` «Ամերիկացիները Արցախի համար» հասարակական խորհուրդի անդամ եմ: Աւարտած եմ Հիւսիսային Տաքոթա նահանգի համալսարանը` ստանալով անգլերէն լեզուի ու գրականութեան, փիլիսոփայութեան, կրօնի, ռուսաց լեզուի ու գրականութեան մասնագէտի որակաւորում, իսկ 2003-ին իրաւագէտի որակաւորում  ստացած եմ եւ դարձած ամերիկեան առաջին քարտուղարներէն մէկը` Հաագայի միջազգային քրէական դատարանին մէջ: Արդէն 25 տարի է, որ Ամերիկայի մէջ կ’ապրինք` Պոսթընին մօտ  քաղաքի մը մէջ, սակայն իմ ծննդավայրս, իմ մանկութեան ապրած սարսափի տարիները չեմ մոռնար:

Որքանով տեղեկացուած եմ, Դուք գիրք  գրած էք հէ՛նց այդ օրերու յիշողութիւններու մասին

– Այդ գիրքը իմ օրագիրս է. պատմութիւնը կը սկսի Սումգայիթէն, այնտեղ կ’ապրէր իմ հօրեղբայրս եւ շատ բան  տեսած էր: Երբ Սումգայիթի մէջ հայերու հանդէպ այդ վայրագութիւնները, կոտորածները սկսան, Պաքուի մէջ միանգամէն ամէն ինչ  տեսակ մը փոխուեցաւ` մեզի հետ չէին խաղար ատրպէյճանցի երեխաները, չէին շփուիր դրացիները, ու ես կը մտածէի` ինչու…հասկնալի՞ չէր, թէ այդ ո՞ր դրացին կը զանգահարէր, մատնացոյց կ’ընէր մեզի, կ’ըսէր, որ այդտեղ հայեր կ’ապրին, եւ որ դրացին մեզի կը թաքցնէր, կը փրկէր: Կային նաեւ խիղճ ունեցող այլազգիներ. երբ եկած էին մեր բակ` հայեր փնտռելու, դրացիներէն մէկը, գրեթէ ծնկաչոք, երդուած էր` ըսելով, որ այդտեղ հայեր չեն բնակիր, եւ այդպիսով ան փրկեց մեզ…հիմա գիրքի մասին. ես 15 տարեկան էի ու գիրք կը գրէի (տաս տարեկանէս օրագիր կը պահէի), երբ Ամերիկա տեղափոխուեցանք, ես գրեցի այն անգլերէնով` իմ ապագայ երեխաներուս համար. կը մտածէի, որ յանկարծ իմ երեխաներս չմոռնան այդ մասին: Ինծի համար շատ կարեւոր էր պատմել իմ զաւակներուս եւ աշխարհին, թէ ինչպէս վարուեցան Ատրպէյճանի մէջ հայերու հետ, թէ հայերը ինչպիսի ճակատագրի արժանացան Պաքուի մէջ.  Քաղաք մը, ուր հայերը այնքա՜ն մեծ ներդրում ունին, ուր տարբեր ոլորտներու մէջ փայլած են շատ մեծանուն հայեր: Ես գիրքը գրեցի ու սկիզբը հրատարակեցի անգլերէն լեզուով, որպէսզի աշխարհի մէջ շատերը կարդան եւ իմանան, թէ ինչ  կատարուած է Պաքուի ու Սումգայիթի մէջ, որպէսզի այն, ինչ այսօր կ’ընեն Արցախի հետ` շարունակ խաթարելով խաղաղութիւնը, չկրկնուի յանկարծ Պաքուի ու Սումգայիթի հայատեաց վայրագութիւններու, ոճրագործութիւններու, ջարդերու նման: Յաջորդ հրատարակութիւնս ռուսերէնով է, ցանկութիւն ու մտադրութիւն ունիմ հրատարակելու նաեւ թրքերէնով:

Ինչոր դրուագներ յետագային աւելցուցա՞ք էք գիրքին մէջ:

-Այո՛, աւելացումներ ըսած եմ. ատոնք հիմնական նկարագրութիւններն են օրինակ` իմ տատիկս, պապիկս, ընկերներս. նկարագրած եմ, թէ ինչպիսին է Արցախը, նկարագրած եմ մեր տունը, մենք նոյն շէնքին մէջ երկու բնակարան ունէինք,  գեղեցիկ այգի մը…ամէն ինչ ձգեցինք, ամէն ինչ մնաց իրենց:

Աննա,՛ Ձեր երեխաները, Ձեր ամուսինը կը խօսի՞ն հայերէն::

-Ամուսինս ազգութեամբ հայ չէ. իմ երեխաներս հրաշալի գիտեն Հայոց պատմութիւնը, գիտեն Հայաստանի մասին, Պաքուի հայերու, Արեւմտեան Հայաստանի պատմութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիտեն, անոնք շատ լաւ կը հասկնան, թէ իրենց մայրը ինչ գործով  զբաղած է, ինչի մասին  գրած է:

Ներեցէ՛ք, չէի ցանկար իմ հարցադրումովս ցաւ պատճառել Ձեզի` յիշեցնելով անցեալը, սակայն կը խնդրեմ Պաքուի հայկական ջարդերու օրերէն շատ կարեւոր  նկատառում մը ներկայացնել, որ տարիներու հեռուէն, երբ արդէն հասուն մարդ ու մասնագէտ  դարձած էք, վերաիմաստաւորուած է Ձեզի համար:

-Կը լրանայ սումգայիթեան հայկական ջարդերու 30-րդ տարելիցը. Սումգայիթի օրերուն ես 10 տարեկան էի, դէպքերը ինծմէ շատ հեռու կ’ընթանային, եւ այդ ալիքը հասաւ նաեւ մեզի…մինչ այդ եղած հարեւանական, ծանօթութեան սովորական յարաբերութիւնները միանգամէն փլեցան, աւերակ դարձան…անկեղծ խօսքով` հայերու հանդէպ Պաքուի մէջ միշտ ալ եղած է թաքնուած, զսպուած ատելութիւն, չարութիւն, մենք երկրորդ տեսակի մարդ կը համարուէինք: Ղարաբաղեան շարժումն առիթ դարձաւ, որ հրաբուխի նման ժայթքի ատելութիւնը հայերուն հանդէպ, որ թշնամանքը բացայայտ դրսեւորուի` սարսափելի ոճրագործութեան ձեւով: Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ Սումգայիթի մասին երբեք չմոռնանք: Թէեւ ես ապրած ու կ’ապրիմ իմ ծննդավայրէս, իմ Հայրենիքէս հեռու, սակայն կարեւորն այն է, որ մենք, անկախ այն բանէն, թէ ուր կ’ապրինք, կ’աջակցինք Հայաստանին, մեր Արցախ աշխարհին: …Երբ թոշակի տարիքի հասնիմ ու չաշխատիմ, ծրագրած եմ տարուան կէսը ապրիլ Ամերիկայի մէջ, կէսը` Հայաստանի:

Աննա՛, Ձեր առաջին գիրքը տխուր յիշողութիւններով լի պատմութիւն է, իսկ ինչի՞ մասին պիտի ըլլայ երկրորդ գիրքը:

-Երկրորդ գիրքս յիշողութիւններու մասին չէ, ես այնտեղ կը նկարագրեմ այդ հակամարտութեան ազդեցութիւնը հասարակ մարդոց վրայ եւ ոչ միայն հայերու, այլեւ` բոլոր այն ազգերուն, որոնք կ’ապրէին մեր կողքին:

Ես կ’ուզեմ, որ ոչ մէկ հայ մոռնայ 1915-ի Հայոց եղեռնը, Սումգայիթի ու Պաքուի հայկական ջարդերը, որպէսզի ատոնք այլեւս չկրկնուին. եթէ մենք մոռնանք մեր անցեալը, ապա օտարներն ընդհանրապէս չեն յիշեր, ատիկա մե՛ր վէրքն է, մե՛ր ցաւը: Մենք չենք ուզեր լալ, մենք պարզապէս յարգա՛նք կ’ուզենք Հայոց պատմութեան հանդէպ:

Շնորհակալութիւ՛ն հետաքրքիր հարցազրոյցի համար, սիրելի՛ հայրենակցուհի. թո՛ղ Ձեր ծննդավայրի, Սումգայիթի, Ձեր մանկութեան տխուր յիշողութիւններու ամբողջացումը պարունակող գիրքերը թարգմանուին տարբեր լեզուներով ու սփռուին ողջ աշխարհով, որպէսզի Երկիր մոլորակի յառաջադէմ մարդկութիւնը միշտ զգօն ըլլայ եւ թոյլ չտայ այլեւս նման ոճրագործութիւններ, որ ուրիշ ազգերու իրաւունքներու ու տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ երբեք ոչ մէկը փորձէ ոտնձգութիւններ ընել:

Աննան համեստօրէն չպատմեց այն մասին, որ ինք 2015-ին Մեն շրջանի Ուուեսթպըրկ քաղաքի խորհուրդի անդամ  ընտրուած է` ստանալով ընդհանուր քուէներու 64 տոկոսը, որ ինք 2013-ին ՀՀ նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է Մխիթար Գօշ մետալով, Արցախի նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան մետալով, որ 2014-ին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն ստացած է Վահան Քարդաշեանի անուան մրցանակ: Աննա Աստուածատուրեան կարեւոր դերակատարում ունեցած է Մեն նահանգին կողմէ 2013-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման հարցին մէջ: Մեր հայրենակցուհին շատ աշխուժօրէն կը շարունակէ միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնել Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման մասին. ահա՛ Աննա Աստուածատուրեանի առաքելութիւնը, որ  մէկ անուն  ունի` հայրենասիրութիւն:

Կարինէ Աւագեան

 

 

 

 

Scroll Up