«Եկած Եմ Արեւ Տանելու Եւ Լիցքաւորուելու Իմ Հայրենի Ամենազօր Հողէն». Աննա Մաճկալեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ օրերս հիւրընկալուած էր մեր հայրենակցուհի, ֆրանսաբնակ Աննա Մաճկալեան, որուն հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
– Աննա՛, բարի գալուստ հայրենիք` տուն. ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ յայտնուեցաք Ֆրանսայի մէջ:
-Շնորհակալութիւ՛ն. ես ֆրանսա գացած եմ 10 տարի առաջ եւ բնակութիւն հաստատած Փարիզի մէջ, ամուսնացած եմ մասնագիտութեամբ բեմադրիչ, դերասան ֆրանսացիի հետ, ունինք մէկ դուստր: Ես մասնագիտութեամբ դերասանուհի եմ, աւարտած եմ Երեւանի ճազային արուեստի քոլեջը, այնուհետեւ` Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտը` երաժշտական երգիծական թատրոնի դերասանաուհիի մասնագիտութեամբ: Երբ տեսայ, որ Հայաստանի մէջ դերասանը չի կրնար աշխատանք ստեղծել, առաջ երթալ, սկսայ հանդէս գալ նախաձեռնութիւններով, զբաղուիլ կազմակերպչական աշխատանքներով
–Ձեր մասնագիտութեամբ երբեք աշխատա՞ծ էք:
-Ուսումնառութեան փորձնական շրջանին աշխատած եմ Երգի պետական թատրոնին մէջ, որմէ ետք` կարճ ժամանակահատուած մը ջրաշխարհի մէջ` որպէս դերասանուհի եւ երգչուհի, մասնակցած եմ ցուցադրական ծրագիրներու: Հայբուսակ ինստիտուտին մէջ աշխատած եմ` դասաւանդելով խօսքի մշակոյթ, մայրաքաղաքի թիւ 115 դպրոցին մէջ դասաւանդած եմ մշակոյթի պատմութիւն եւ ուսուցանած վարուեցողութիւն, գեղագիտութիւն: Յետագային Ֆրանսայի մէջ ամուսնուս հետ միասին «Միշել Կալապրու» թատրոնին մէջ աշխատած եմ, ուր ամուսինս տնօրէնն էր, ես` օգնականը: Մենք գործընկերներ եղած ենք: Ես էութեամբ շատ աշխոյժ, նախաձեռնող մարդ եմ , երբեք չեմ սիրած նստիլ ու սպասել: Թատրոն մտնելու մեր նպատակը եղած է հայ- ֆրանսական մշակոյթին զարկ տալը:
– Հայաստանի մէջ սեփական ի՞նչ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էք եւ ի՞նչ յաջողութիւններու հասած:
-Շատ ձեռնարկներ կազմակերպած եմ` «Միսս Արագածոտն», «Միսս Արմաւիր». աղջիկներու հետ աշխատած եմ կերպարուեստ, նաեւ կատարած եմ արտադրողական աշխատանք: Այդ տքնաջան աշխատանքի արդիւնքով աղջիկները դուրս եկան 1-ին փուլ, յաջողութիւններ արձանագրեցին: Եղած եմ նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ կազմակերպուած Միջազգային արուեստներու մրցոյթի ներկայացուցիչը, որուն կազմակերպչական ամբողջ աշխատանքը ինքս ըրած եմ: Ես ալ, որպէս երգչուհի, պէտք է մասնակցէի, սակայն չեղաւ, յաջորդ տարի եւս կազմակերպեցի, մասնակցեցաւ երգիչ Անդրէն եւ Հայաստան վերադարձաւ յաղթանակով:
–Աննա՛, Ֆրանսայի մէջ հայապահպան ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք, ինչո՞վ կը զբաղիք Իսի լէ Մուլինօ քաղաքին մէջ:
-Նոյն աշխուժութեամբ ալ այնտեղ կ’աշխատիմ. կապուած եմ հայկական համայնքին: Իմ գերնպատակն է այնտեղ ստեղծել թատրոն, ուր ներգրաւուած հայորդիները կը կարենան արեւելեհայերէնով ներկայացումներ խաղալ, սակայն մեծ մասը արեւմտահայերէն կամ ֆրանսերէն գիտեն, ուստի, առաջին հերթին, ես որոշեցի անոնց սորվեցնել արեւելահայերէն: Հայկական եկեղեցին ինծի փոքրիկ տարածք, սրահ մը տրամադրած է, ուր ալ ես կ’իրականացնեմ իմ դասերս: հիմնականին մէջ մենք երեք հոգինոց խումբ ենք, ինծի շատ կ’օգնէ Հայաստանէն եկած դերասանուհի Արմինէ Գաբրիէլեանը: Իմ միջոցներով աշակերտներուս համար շատ գիրքեր, դասագիրքեր տարած եմ Հայաստանէն, ներկայացումներու հագուստներու հարցը կը լուծեմ: Շատ նուիրեալ մասնագէտներ հաւաքուած են շուրջս, որոնք կը ցանկան ինչ-որ կերպ օգտակար դառնալ: Շատ շնորհակալ եմ այդ եկեղեցւոյ` ինծի տարածք տրամադրելուն համար, սակայն այդ փոքրիկ սրահը նեղ է մեր դասերուն, ներկայացումներուն համար, դեռեւս դասագիրքերու կարիք ունինք. այդ հարցով արդէն դիմած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան վարչութիւն, վստահ եմ, որ կ’աջակցին:
–Կրնա՞ք յիշարժան որեւէ ձեռնարկի մը ներկայացման մասին պատմել:
-Իմ առաջարկով հայ երեխաներուն համար Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կազմակերպեցի Ամանորին նուիրուած ձեռնարկ, այնուհետեւ դեսպանատան կողմէն առաջարկ եղաւ մասնակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաջադրած մշակութային ծրագիրին, որուն ընթացքին 9 –ը երկիրներ պէտք է հեքիաթի ձեւով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դահլիճին մէջ ներկայացնէին իրենց մշակոյթը. ես բեմադրեցի Յովհ. Թումանեանի «Բարեկենդանը», ուր ինքս խաղցայ կնոջ դերը, Ռոմէօ Մուրադեանը խաղցաւ ամուսնուն դերը, իսկ Արթուր Խաչոյեան` բարեկենդանի: Պէտք է ըսեմ, որ այդ ներկայացումը պատրաստելու համար մենք շատ ջանք ու եռանդ ներդրած ենք. հաւաքուած ենք մեր փոքրիկ բնակարանին մէջ, օրերով սորված, փորձեր ըրած ենք նաեւ թատրոնին մէջ. տղաները աշխատանքէն յոգնած, երկար ճանապարհ կտրելով` անտրտունջ, պատրաստակամ կու գային այդ փորձերուն:
Այդ ձեռնարկը եւ մեր փոքրիկ մշակոյթի դպրոցի գործունէութիւնը լուսաբանուեցաւ Հ1-ի լուրերու թողարկման ընթացքին եւ մեր ներկայացումէն հատուած մը ցուցադրուեցաւ: Վրացահայ երիտասարդ թատերախումբին մը հետ համատեղ ուժերով կազմակերպեցինք Փիեր Շէնոյի «Դուք ողջ ըլլաք» ներկայացումը. դերասանները տեսակապով կ’աշխատէին Թիֆլիսի մէջ իրենց բեմադրիչին հետ: Արցախեան քառօրեայ պատերազմին հետ կապուած` նախաձեռնեցի եւ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս, Իսի լէ Մուլինոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածամայր եկեղեցիներու օգնութեամբ բարեգործական համերգ կազմակերպեցինք, որուն ամբողջ հասոյթը տրամադրեցինք այդ պատերազմին զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն, Արցախին: Հրաւիրուած երգիչներ Սամուէլ Գալստեանի, Ռուբէն Աւագեանի, Լիլիթ Եղիազարեանի միջոցով հանգանակուած գումարը հասաւ անմիջապէս հասցէատէրերուն:
–Ձեր երազանքներն ու նպատակները…
-Երազանքս է հայութեան միասնական տեսնելը, երեխաներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալը եւ Սփիւռքի մէջ հայ մշակութային կեանքը պատշաճ մակարդակի հասցնելը :
Դժուար, բայց ցանկալի երազանք է, որուն իրագործումը ես շատ կարեւոր կը համարեմ. ատիկա հայապահպանութեան խթաններէն մէկն է օտարութեան մէջ: Առայժմ իրականութիւն է Իսի լէ Մուլինոյի մէջ իմ ստեղծած արուեստներու կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր կը դասաւանդուին հայոց լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, թատրոն… Յաջողութիւններ ունինք, որոնք, յուսանք , շարունակական ընթացք կ’ունենան: Ես աստիճանաբար հասայ այդ յաջողութիւններուն. ինծի համար սկզբունք դարձած է հայապահպան գործունէութեան նպաստող ամէն մէկ աշխատանքի ձեռնարկելը: Շաբաթը երկու ժամով տարիքային տարբեր խումբերու երեխաներուն կը դասաւանդենք հայոց լեզու, կը սորվեցնեմ գրել , կարդալ մայրենի լեզուով, որպէսզի կարենան ներկայացումներուն խօսիլ արեւելեհայերէնով. դերեր խաղալուն եւս լեզուն կը բացուի, տեսակ մը արդէն կը վարժուին հայերէն խօսելու: Թերեւս ամենամեծ երազանքս է իմ Հայրենիքս հզօր եւ խաղաղութեան մէջ տեսնելը:
–Աննա՛, այսօր Դուք սփիւռքի նախարարութեան մէջ էք, ծանօ՞թ էք նախարարութեան ռազմավարութեան ու գործունէութեան:
-Այո՛, ծանօթ եմ եւ ողջունելի կը համարեմ բոլոր ծրագիրները անխտիր:
–Ին՞չ լեզուով կը խօսի Ձեր` ֆրանսացի հօր եւ հայուհի մօր 7-ամեայ դուստրը:
-Երբ անոր հարցնեն, թէ ինք ինչ ազգութեան կը պատկանի, ան կը պատասխանէ` ֆրանսացի եւ հայ, աղջիկս կը տիրապետէ երկու լեզուները: Գրեթէ ամէն տարի ամառնային ամիսներուն կու գանք Հայաստան, որպէսզի ան ծանօթանայ իր հասակակից հայ երեխաներու հետ, խօսի հայերէնով, ապրի հայկական միջավայրի մէջ:
–Ին՞չ մտահոգութիւն ունիք` կապուած Ձեր աղջկան ապագային հետ:
-Ես կը ցանկամ, որ իմ երեխայիս ապագան ըլլայ Հայրենիքի մէջ, իսկ Հայրենիքն ալ ունենայ իր լաւ ապագան: Ես կ’ափսոսամ մեր տաղանդաւոր շատ դերասաններու, երգիչներու ու երաժիշտներու, որոնք, ըլլալով շատ յաճախ տաղանդաւոր, այդպէս ալ միջազգային ասպարէզ դուրս չեն գար:
– ի՞նչ առաքելութեամբ Հայաստան եկած էք, ի՞նչ պիտի տանիք Հայրենիքէն:
-Եկած եմ արեւ տանելու եւ լիցքաւորուելու իմ հայրենի հողէն:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան