«Հայաստան այն ադամանդն է, որ ես ժառանգած եմ իմ մեծ մօրմէս, իմ պապերէս. Անոյշ Նագաշեան

Երեւանեան աննախադէպ շոգ Յունիսն է. Հանրապետութեան հրապարակին յարակից այգիի բացօթեայ սրճարանին մէջ կը զրուցեմ երիտասարդ տաղանդաւոր երգիչի հետ ու յանկարծ, հէնց այն պահուն, երբ Հայկ Մխոյեան կը պատմէ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած «Պալքան ֆոլք» մրցոյթին իր ներկայացուցած Կոմիտասի երգի կատարման արձագանքները, շատ մօտիկէն «Կիլիկիա» երգը կը լսուի, երգողին ձայնն ալ այնքա՜ն հարազատ էՁայնակցողներ ալ կան: Կը շրջիմ եւ կը տեսնեմ կողքի սեղանի մօտ նստած սփիւռքահայ բանաստեղծուհի, մանկավարժ, ասմունքող Անոյշ Նագաշեանը` շրջապատուած արտաքին հագուկապէն դատելով` օտարերկրացիներով: Կը միանանք այդ խումբին եւ կը ծանօթանանք Անոյշի մայրիկի նախկին աշակերտներուն հետ. շիկավարս, կապտականաչ աչքերով դարակազմիկ հայերու ժառանգներ են:

Անո՛յշ, սկսինք Ձեզմով, քանի որ Հերմանն ու Անդրանիկը Ձեր ընկերներն են:

Հերմանն ու Անդրանիկը Պոլսէն եկած էին սորվելու Երուսաղէմի մէջ, ուր բացուած էր «Տատուրեան» գիշերօթիկ դպրոցը, որուն նպատակն էր Թուրքիայէն հայ երեխաները բերել ու հայերէն սորվեցնել: Այդ դպրոցի տնօրէնը մայրս էր: Այդտեղէն կու գայ մեր մտերմութիւնը, մենք քոյր ու եղբօր պէս ենք: Հիմա անոնք եկած են Հայաստան` վայելելու գեղեցիկ ամառը, այցելելու տեսարժան վայրեր եւ մասնակցելու մեր «Տատուրեան» դպրոցի ընկերներէն մէկուն տղուն հարսանիքին: Պատկերացուցէք, որ 43-44 տարի առաջ  իրար տեսած ենք, եւ այսօր երջանկութիւն ունեցանք հանդիպելու Հայրենիքի մէջ: Ես միշտ հետաքրքրուած էի տղաներով, մայրս պահած էր անոնց լուսանկարները, անընդհատ կը նայէինք: Օր մըն ալ երեսգիրքի (ֆէյսպուքի) միջոցով գտայ անոնց: Միշտ կը մտածէի Երուսաղէմի մէջ հաւաք կամզակերպել: Աստուած երկար կեանք տայ մօրս. Կը մեծնայ եւ միշտ կ’ապրի իր աշակերտներուն հանդիպելու ակնկալիքով: Հիմա Եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիրքին վրայ  կ’աշխատիմ, չհասցուցի տարելիցի օրերուն, սակայն կը վերջացնեմ եւ այնուհետեւ կը պատրաստուիմ գիրք գրել «Տատուրեան» դպրոցի սաներուն մասին. Ատիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ տղաները, որոնք թրքերէն ու քրտերէն կը խօսէին եւ որեւէ բան  չէին գիտեր իրենց ինքնութեան մասին, հայերէն խօսիլ սորվեցան, հայ ընտանիքներ կազմեցին, այսօր եկեղեցիներուն, հայկական մշակոյթին կը ծառայեն, եւ այդ ամբողջը, անշուշտ, Երուսաղէմի «Տատուրեան»-ով եղաւ:

Հերման Էրոյեան, Զուիցերիա– Իմ արմատները Պիթլիսէն են` Սարոյեանի ծննդավայրէն: Մինչեւ 1972 ապրած եմ Պոլսոյ մէջ, յետոյ` Երուսաղէմի մէջ: Երկրորդ անգամ կ’այցելեմ Հայաստան` սիրուն է, բարձր ու սքանչելի: Ղարաբաղ  գացած եմ, ես անչափ հիացած եմ այդ աշխարհի գողտրիկ բնութեամբ: Շատ կը սիրեմ Սեւանայ լիճն ու լիճի շրջակայքը: Մէկ զաւակ ունիմ, ցաւօք, հայախօս չէ, որովհետեւ կինս հայուհի չէ: Իմ հայերէնին համար պարտական եմ արմատներուս, հայոց լեզուի հանդէպ ունեցած սիրոյս եւ Երուսաղէմի «Տատուրեան» դպրոցին: Երուսաղէմի մէջ մենք սորվեցանք թէ՛ մեր պատմութիւնը, թէ՛ գրականութիւնը, թէ՛ կրօնը, թէ՛ հայկական երգերը:

Անդրանիկ Թորոսեան – Ես շուրջ 32 տարի կ’ապրիմ Գերմանիոյ Շթութկարտ քաղաքին մէջ: Ծնողներս Սթամպուլէն են: Ցեղասպանութեան զոհեր  դարձած են նաեւ ծնողներուս հարազատները. հայրս շատ  պատմած է այդ մասին: Աւա՜ղ, ծնողներս մահացած են: Հիմնական կրթութիւնս ստացած եմ Սթամպուլի մէջ, որմէ յետոյ ուսումս շարունակած եմ Երուսաղէմի, այնուհետեւ` Գերմանիոյ մէջ: Ես նոյնպէս երկրորդ անգամ  Հայաստան կ’այցելեմ: Շատ կը հաւնիմ Երեւանը, յատկապէս` Հանրապետութեան հրապարակը: Շատ համով է Երեւանի ջուրը: Ընտանիքս հայախօս է, կինս Սթամպուլի հայուհի է, երկու զաւակ ունիմ, որոնք նոյնպէս հայախօս են: Հիմա եկած ենք Հայաստան` մասնակցելու հայկական հարսանիքի: Ուրախ առիթ է, նաեւ առիթ է` ըլլալու շատ հայկական միջավայրի մէջ: Անոյշն է մեզ միաւորողը: Պոլսոյ մէջ մենք հայկական դպրոց կը յաճախէինք, տան մէջ կը խօսէինք հայերէն, սակայն հայոց պատմութիւնն ու գրականութիւնը արգիլուած էր դպրոցին մէջ: Մենք պատմութիւն եւ գրականութիւն սորվեցանք Երուսաղէմ:

Եղեռնի 100-րդ տարելիցը ըսես ցնցեց ողջ աշխարհը. կարծես հայաճանաչութեան տարի դարձաւ: Ձեր կարծիքով կու գա՞յ արդեօք հատուցման օրը, արդեօք հայը օր մը ոտք կը դնէ՞ իր Պատմական Հայրենիքի հողին:

Անոյշ Նագաշեան – Երբ այսօր թուրքը կը մերժէ, կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ատիկա կը նշանակէ, որ ինք կ’ընդունէ, որովհետեւ մարդ կը մերժէ այն բանը, որ ընդունած է, ոչ թէ այն, ինչ գոյութիւն չունի:

Հերման Էրոյեան – Ես կը հաւատամ, որ Պատմական Հայրենիքը դարձեալ մերը կ’ըլլայ. յոյսը միշտ վերջաւորութեան կը կորսուի: Ինծի համար աւելի կարեւոր է, որ մենք այսօրուան Հայաստանը զօրացնենք, ուժեղացնենք, որպէսզի այն դառնայ ծաղկուն ու երջանիկ երկիր: Ատկէ յետոյ միայն մեր երկիրը կը մեծնայ ու կը հզօրանայ, եւ կը հասնինք բաղձալի նպատակներու:

Անդրանիկ Թորոսեան – Կ’ուզեմ հաւատալ ու տեսնել այդ օրը. դիւրին չէ, բայց սրտով կ’ուզեմ, սրտով կը հաւատամ:

Ին՞չ է Հայրենիքը Ձեզի համար:

Անոյշ Նագաշեան – Հայրենիքը իմ էութիւնն է, ես չեմ կրնար անհայրենիք մարդ պատկերացնել: Հայրենիքը իմ պապերուս կառուցածն է, իմ պապերէս ժառանգածն է, եւ այն է Հայրենիքը, որ ես պիտի ձգեմ իմ ժառանգներուն: Ամէն մարդ կրնայ տասնեակ զարդեր ունենալ, բայց իւրաքանչիւրը  ադամանդ մը պիտի ունենայ` իր մեծ մօրմէն ժառանգած: Հայաստան այն ադամանդն է, որ ես ժառանգած եմ իմ մեծ մօրմէս, իմ պապերէս:

Անդրանիկ Թորոսեան – Հայրենիքը ինծի համար ամէն ինչ է. լիարժէքութիւն է, ապահովութիւն, խենթանալու բան է: Պէտք է, որ օր մը հաստատուինք Հայաստանի մէջ:

Հերման Էրոյեան – Հայրենիքը ինծի համար այն ուժն է, որմով օտար երկիրներու մէջ կրնանք գոյատեւել, Հայրենիքը ինծի համար Վանն է, Պիթլիսը, Մուշը…

Սիրելի՛ հայեր, ձեզ հանդիպեցայ երգելու ժամանակ, ուրեմն վերջին հարցս ալ երգի մասին է. ո՞րն է ձեր սիրելի հայկական երգը:

Անոյշ Նագաշեան – Շատ կը սիրեմ «Լեռներ հայրենի»-ն, որ Յովհաննէս Պատալեանը կը  կատարէր:

Անդրանիկ Թորոսեան – Հայկական բոլոր երգերն ալ կը սիրեմ, բայց «Էրեբունի-Երեւան»-ը ուրիշ է ինծի համար:

Հերման Էրոյեան – Ես շատ կը սիրեմ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, որ երգ դարձած է:

Եւ այսպէս, երգելով ալ, իմ սփիւռքահայ, կարօտաբաղձ հայրենակիցներուն հետ աւարտեց մեր զրոյցը:

 

 

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up