«Կուսակցութենէն Ներս Յաճախ Կանայք Տղամարդոցմէ Աւելի Աշխոյժ Կ’ըլլան». ՌԱԿ Անդամ Ճենի Գրիգորեան- Բարսեղեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/ԿԿ.jpg)
Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) վարչութեան նորընտիր անդամները: Անոնցմէ` Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
–Տիկի՛ն Ճենի, ՌԱԿ-ի նորընտիր վարչութեան կազմին մէջ Դուք առաջին եւ միակ կինն է՞ք:
-20 տարուան մէջ ես երկրորդ կինն եմ: Արդէն 22 տարի է, որ անդամ եմ ՌԱԿ-ին: Դամասկոսէն եմ: Մինչեւ պատերազմը ես տարբեր վարչութիւններու մէջ աշխատած եմ` կրտսերաց, պատանեկան, իսկ վերջին տարիներուն Տիկնանց վարչութեան ատենապետուհին էի: Պատերազմը սկսելէ յետոյ տեղափոխուեցանք այստեղ:
–Կանայք ի՞նչ դերակատարում ունին կուսակցութենէն ներս:
-Պիտի ըսեմ, որ կանայք մեծ թիւ կը կազմեն կուսակցութեան մէջ եւ, հաւատացէք, որ յաճախ տղամարդոցմէ աւելի աշխոյժ են. մանաւանդ Դամասկոսի մէջ կանայք էին նիւթականը բերողը;
–Տեղեա՞կ էք Արցախի հետ ունեցած ծրագիրներէն:
-Կան ծրագիրներ. շատ շուտով պիտի գործադրուին:Արցախի մէջ մենք ունինք մեր գրասենեակը, որուն ատենապետը պարոն Գալստեանն է: Մենք մշտապէս կապ ունինք Արցախի հետ,բնականաբար, կայ աշխոյժ համագործակցութիւն:
–ՌԱԿ-էն ներս գործող Տիկնանց միութիւնը ի՞նչ աշխատանքներով զբաղուած է:
-Հիմնականին մէջ` մշակութային ծրագիրներու իրականացմամբ:
–Տիկի՛ն Ճենի, ո՞րն է Ձեր որդեգրած կուսակցութեան հիմնական առաքելութիւնը:
-Հիմնականին մէջ հայապահպանութիւնն է մեր գերխնդիրը. Կ’ընենք ամէն ինչ, որպէսզի երեխաները հայ մնան, չմոռնան իրենց մայրենին, որ ընտանիքներուն մէջ պահպանուին հայկական աւանդոյթները:
–Կը համագործակցի՞ք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
-Անշու՛շտ: Սփիւռքի նախարարութեան հետ մեր կապերը շատ ամուր են. այն հայութեան հաւաքական տունն է, ընտանիքն ու տանիքը:
Կարինէ Աւագեան