«Ինծի Համար Ամէնէն Կարեւորը Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Ընթացքին Արծարծուած Հարցերն Ու Առաջարկները Կեանքի Կոչելն Է». Սուրէն Շերիք
Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակիցներէն շատերը դեռեւս Հայաստանի մէջ են. անոնցմէ ոմանք կը մնան` մասնակցելու Երեւանի տօնակատարութեան ու վայելելու աշնանային քաղաքը: Անոնցմէ մէկուն` Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքէն ժամանած դոկտոր Սուրէն Շերիքի հետ զրոյց ունեցա «Հայերն այսօր»-ի համար, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
-Բարո՛վ եկած էք Հայրենիք. գիտեմ, որ եկած էիք ` մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, ուստի պէտք է խնդրեմ, որ ներկայացնէք Ձեր տպաւորութիւնները :
-Ես Հայաստան եկած եմ` ոչ միայն համաժողովին մասնակցելու, այլեւ` վայելելու երեւանեան աշունը, մասնակցելու քաղաքի տօնակատարութեան: Սովորաբար, մենք` ես ու տիկինս` Մարգոն, գրեթէ ամէն տարի կ’այցելենք Հայրենիք եւ յատուկ կ’ընտրենք սեպտեմբերի կէսերէն մինչեւ հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը, որովհետեւ ատիկա հիասքանչ ոսկէ աշնան ընթացքն է: Համաժողովը շատ լաւ կազմակերպուած էր, այդ առումով խօսք չունիմ, հսկայական աշխատանք եղած էր, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարին եւ նախարարութեան բոլոր աշխատակիցներուն: Ինծի համար ամէնէն կարեւորը համաժողովին ընթացքին արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւններն ու առաջարկները կեանքի կոչելն է: Հարկաւոր է խօսքէն անցնիլ գործի: Հիմնականին մէջ ատիկա՛ կ’ակնկալեմ համաժողովէն, կարեւորն արդիւնքն է:
-Պարո՛ն Շերիք, ի՞նչ կը կարծէք` այս համաժողովը դրական որեւէ տեղաշարժ կը գրանցէ՞ Հայաստանի զարգացման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել սերտացման ու համագործակցութեան առումով:
–Բաւականին հետաքրքիր հարցում է, սիրով եւ անկեղծօրէն կը պատասխանեմ, որովհետեւ մտածումներուս ու սրտիս մօտիկ է հարցը. մեծ ակնկալիքներ չունիմ համաժողովէն, յոյսեր ունիմ միայն: Կը կարծեմ` պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկել, դուրս գալ խօսքի, զեկուցումներու դաշտէն, բարձրացուած իւրաքանչիւր հարց լուծելու համար որոշակի ժամկէտներ սահմանել եւ արդիւնք ստանալ, պահանջել կատարուած ներդրումներու ցանկը: Ի հարկէ, համաժողովները անմիջական արդիւնքներ չեն կրնար տալ:
-Անկախ համաժողովէն` որպէս հայրենասէր հայ, ո՞րն է Ձեզի համար այս պահուն Հայաստանի զարգացման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման առումով առաջնահերթ խնդիրը:
-Ես կարեւոր մտածում մը ունիմ` արդեօ՞ք Հայաստանն ու Սփիւռքը նոյն ճանապարհով կ’ընթանան: Հայաստան-Սփիւռք առաւել սերտ համագործակցութեան զարգացումը կը համարեն առաջնահերթ խնդիր:
-Համաժողովի ընթացքին հնչած ելոյթներէն, բազմաթիւ առաջարկներէն ո՞րն էր Ձեզի առաւել սրտամօտ:
–Ես սիրեցի պաշտպանութեան թեմայով զեկուցումը. հայապահպանութեան, հայոց լեզուի, հայ դպրոցի պահպանման հարցերուն վերաբերող ելոյթները շատ կարեւոր կը համարեմ: Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է ունենալ լաւագոյնս մասնագիտացուած հայոց լեզուի մանկավարժներ:
–Պարո՛ն Շերիք, ի՞նչ մասնագիտութիւն ունիք եւ ներկայիս ի՞նչ աշխատանք կը կատարէք Ֆրանսայի մէջ` ի շահ հայութեան:
-Մասնագիտութեամբ քիմիագիտութեան գիծով ճարտարագէտ եմ, կոչումով` ակադեմիկոս, դոկտոր. համալսարանէն դուրս եկած եմ եւ, մասնագիտանալով քաուչուքի գործին, աշխատած եմ այդ ոլորտին մէջ: Ես ծնած եմ Պոլիս, 40 տարի է, որ գաղթած ենք Ֆրանսա, ուր 40 տարի շարունակ աշխատած եմ քիմիագիտութեան ոլորտին մէջ, սակայն արդէն 10 տարի է, որ թոշակի անցած եմ ու մշակութային- հասարակական գործունէութիւն ծաւալած եմ` աշխատելով հայկական «Այբ» ռատիոկայանին մէջ, ուր շարք մը հաղորդաշարեր ըրած եմ եւ սիրով կը շարունակեմ այդ աշխատանքը: Առաջին հաղորդաշարս կը կոչուէր `«Հինն ու նորը», որուն յաջորդեց «Ի՞նչ գիտենք» վերնագիրով հաղորդաշարը, երրորդ հաղորդաշարը կը կոչուէր «Առակ մը», որուն ընթացքին ես կը ներկայացնէի հայկական առակ մը, առած, մեկնաբանելով այն եւ ծաւալուելով ատոր շուրջ, չորրորդ հաղորդաշարը, կը կոչուէր «Մեր լեզուն», արդէն կէս տարի է, ինչ կը ներկայացնեմ յաջորդ հաղորդաշարը` «Արեւմտահայ արդի գրականութիւնը»: Ատոնք բոլորն իմ հեղինակային հաղորդաշարերն են:
… Փաստօրէն, Դուք, չըլլալով բանասէր, լեզուաբան, գրական-գեղարուեստական հաղորդումներ կը պատրաստէք, կը վարէք ատոնք, կ’ասմունքէք…ուրկէ՞ է այդ շնորհը:
-Դեռեւս դպրոցական տարիներուն տարուած էի մաթեմատիկայով, կը սիրէի ճշգրիտ գիտութիւնները, բայց միեւնոյն ժամանակ հոգով գրական աշխարհի մէջ էի, իմ ձեռքիս միշտ մաթեմատիկայի գիրքեր էին եւ գեղարուեստական որեւէ գիրք:
–Կը մօտենայ Երեւանի տօնը. ի՞նչ կը մաղթէք 3000-ամեակի շեմին մօտեցող մեր ծեր ու յաւերժ երիտասարդ վարդագոյն մայրաքաղաքին:
–Կը մաղթեմ, որ աւելի բարետես դառնայ, մաքուր ըլլայ, որպէսզի քաղաքաշինութիւնը թամանեանական երազանքին մօտ ըլլայ, քաղաքի համայնապատկերը չաղաւաղուի հայկական աւանդական ճարտարապետական լուծումներէն զուրկ նորաոճ շէնքերով, կառոյցներով, որոնցմով արտերկրէն եկած հիւրերուն չես զարմացներ: Թո՛ղ յաւերժ ապրի Երեւանը:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան