«Այս Այցելութիւնս Հայրենիք Բերքառատ Է` Մասնակցութիւն Համաժողովին Եւ Գիրքերուս Շնորհանդէսն Աշնանաբոյր Երեւանի ՄԷջ».Արմինէ Մինասեան

«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն, պատասխանատուութիւն» խորագիրը կրող Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր ծայրերէն Երեւանի Կարէն Դէմիրճանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մէկտեղուած հայ մտաւորականները, ազգային-մշակութային, քաղաքական գործիչներն իրենց ելոյթներուն մէջ կ’արծարծէին տարբեր հարցեր` միտուած Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներուն, արտաքին արդի մարտահրաւէրներուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան յետագայ զարգացման, ազգ-բանակ հաւաքական ներուժի զարգացման, հայապահպանութեան գործին մէջ մշակոյթի դերին, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման, Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական համագործակցութեան եւ այլ խնդիրներուն: Համաժողովի մասնակիցներէն «Հայերն այսօր»-ի համար առիթ ունեցայ զրուցելու Նիւ Եորքէն ժամանած իրանահայ, դեռեւս Նոր Ջուղայի մէջ` ՀՕՄ-ի անդամ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան անդամ (յետագային` ատենապետուհի), լրագրող, մանկավարժ, ԱՄՆի մէջ յայտնի դիմայարդար, բանաստեղծուհի, հրաշալի մտաւորական Արմինէ Մինասեանի հետ, որ կը պատրաստուի նաեւ «Հայրենիքիս ճամփեքով» հայրենասիրական բանաստեղծութիւններու եւ «Սիրոյ արահետներ» իր երկու ժողովածուներու շնորհանդէսն իրականացնել Հայրենիքի մէջ:

-Արմինէ՛, Դուք կրկին Հայրենիքի ճամփեքին էք, այդպէս  վերնագրած էք նաեւ Ձեր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն. սկսինք մեր զրոյցը համաժողովէն  Ձեր ունեցած տպաւորութիւններուն եւ ակնկալիքներուն մասին:

-Շատ ուրախ եմ, որ նման հայահաւաք համաժողով գումարուեցաւ: Ինծի ամէնէն  շատ կը յուզէ Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանումը եւ սփիւռքեան երիտասարդութեան ներկայիս վիճակը. նոր սերունդը դժուարութեամբ կը մասնակցի ազգային-մշակութային ձեռնարկներուն, երիտասարդները ցանկութիւն չունին ներգրաւուելու որեւէ կազմակերպութեան: Դուրսը շատ կարեւոր է կազմակերպութիւններու, եկեղեցւոյ դերը, որովհետեւ անհատապէս չես կրնար մշակոյթ պահպանել. եթէ չես անդամակցիր որեւէ կազմակերպութեան, չես կրնար ազգապահպան կարեւոր գործեր ընել: Համաժողովէն  ես կ’ակնկալեմ նաեւ այս հարցերու լուծման ճանապարհները: Իմ զեկուցման թեման  հե՛նց կ’առնչուէր Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, լեզուի խնդիրներուն, մշակոյթին…պակաս մտահոգիչ չեն ինծի համար նաեւ Հայրենիքի մէջ ամէնուր աչք ծակող անգլերէնով գրուած ցուցանակները, գովազդային վահանակները, հայկական հեռուստաընկերութիւններու եթերով շարունակ հնչող անգլերէնաբառ հաղորդաշարերու վերնագիրները: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն պէտք է ապրեցնել, պահպանել, անաղա՛րտ պահել: Ինծի համար ողջ կեանքիս մէջ ամէնէն կարեւորը հայոց լեզուին ու գրականութեան, Հայրենիքին ծառայելը եղած է: Իմ այս այցելութիւնս Հայրենիք բերքառատ է` մասնակցութիւն համաժողովին եւ գիրքերուս շնորհանդէսն աշնանաբոյր Երեւանի մէջ:

–Առաջին անգամ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած մեր հարցազրոյցին հիմնականին մէջ կ’արծարծուէր Ձեր անցած ստեղծագործական Ճանապարհը, Համազգայինի մէջ կատարած Ձեր հասարակական աշխատանքը եւ առաւելապէս` Ձեր հօր`  իրանահայ յայտնի մատենագէտ, Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանի ձեռագիր գանձերու վաստակաշատ գիտաշխատող, ուսուցիչ, գրող, նկարիչ Լեւոն Մինասեանի աշխատանքային գործունէութիւնը. այսօր կ’ուզեմ շեշտադրել Ձեր երկու ժողովածուներու թեմաները, պատմէք, խնդրեմ, ատոնց ստեղծման շարժառիթներուն մասին:

– Վերջերս ՀՕՄ–ի հետ, նախքան համաժողովը, գացած էինք Արցախ`  մասնակցելու Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի բացումին: Ճանապահին ես կը հիանայի ցորենի արտերով, բնութեան անկրկնելի տեսարաններով, եւ հէնց այդ ժամանակ ալ ծնաւ գիրքիս առաջին էջին մէջ զետեղուած բանաստեղծութիւնը: Այդ ցորենի արտերն ինծի յիշեցուցին իմ ծննդավայրս` Փէրիոյ գաւառի Խոյգեան գիւղի արտերը, ցորենի հատիկները կտուցահարող ճնճղուկներըը:

-Որքա՞ն ժամանակ պահանջուեցաւ գիրքը գրելու համար:

-Գիրքին մէջ ամփոփուած են հայրենասիրական թեմաներով գրուած նաեւ ոչ նոր գործեր. հաւաքեցի բոլորը եւ զետեղեցի գիրքին մէջ. իմ Հայրենիքի ճամփեքին, Հայրենիքիս սիրոյց ծնած բանաստեղծութիւններ են ատոնք: Գիրքի խմբագիրը Արուեստի եւ գրականութեան թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանն է, յառաջաբանի հեղինակներէն մէկը գրող, հրապարակագիր Գրիգոր Ջանիկեանն է, միւս` «Սիրոյ արահետներ» գիրքիս յառաջաբանը գրած է գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեանը:

– Դուք Ձեր գիրքերու առաջին շնորհանդէսը նախընտրած էք Հայրենիքի մէջ իրականացնել, իսկ Նիւ Եորքի՞ մէջ

-Այո՛, նախապատուութիւնը տուած եմ Հայրենիքիս, ասիկա ինծի համար հպարտութիւն է. գուցէ յետագային շնորհանդէս ըլլայ նաեւ Նիւ Եորք: Մտադրութիւն ունիմ յաջորդ տարի ամբողջացնել նաեւ մեր համայնքի գործունէութիւնն արտացոլող տարբեր թերթերու մէջ լոյս տեսած յօդուածներս:

– Արմինէ՛, Դուք  զբաղուած էք  նաեւ հասարակական գործունէութեամբ, պատմէք այդ մասին:

-Սիրով կը կատարեմ նաեւ այդ աշխատանքը: Լրացաւ Նիւ Եորքի համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 50-ամեակը. այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն հասոյթը` 15 հազար տոլար, ամբողջութեամբ տրամադրուած է Արցախի սահմանապահ զինուորներուն` արեան հոսքը կասեցնող բժշկական սարքեր հայթայթելուն. 3000 սարք  յատկացուած է զինուորներուն, սակայն ինչպէս ըսաւ Արցախի «Վիրաւոր զինուորներու ֆոնտ»-ի երկհիմնադիր Ռազմիկ Արզումանեան, կարիքը կայ աւելին ընելու, եւ այդ աշխատանքը շարունակական պէտք է ըլլայ: Դոկտոր Հրանդ Մարգարեանն ու իր տիկինը` Ժանէթ Մարգարեանը, այդ առիթով Արցախ գացին եւ սարքերը նուիրեցին: Այդպիսով, մեր միութիւնն արձագանքած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման: Մեր միութեան ձեռնարկներէն մէկուն ժամանակ դոկտոր Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Հաւաքական մեր կեանքը մէկ գերխնդիր ունի այսօր, որ կը կոչուի Արցախ: Արցախը մեր ազգային պայծառ հեռանկարի գրաւականն է»: Յիրաւի՛, մեր հայեացքները յառած ենք դէպի Հայաստան ու Արցախ աշխարհ. Հայրենիքի բարօրութիւնը մե՛ր բարօրութիւնն է:

–Շնորհակալութիւն, սիրելի Արմինէ. թո՛ղ Աստուծոյ կամօք իրականութիւն դառնան Ձեր հայրենանուէր բոլոր ծրագիրները, թո՛ղ Ձեր բոլոր ժողովածուները խօսին Հայրենիքի մասին, Հայրենիքի՛ լեզուով ու Հայրենիքի գոյներով:

Կարինէ Աւագեան

 

 

Scroll Up