«Ճիշդ Չէ` Հայրենիքի Հետ Կապի Եւ Հաղորդակցութեան Ընթացքին Յուսահատիլը». Զաւէն Խանճեան

2018 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի տօնէ հիմնադրութեան 100-ամեակը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութենէն ետք մեծ է Ընկերակցութեան ներդրումը հայրենիքի մէջ:

Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի հետ զրոյցին «Հայերն այսօր»-ը փորձած է յետադարձ հայեացքով ներկայացնել մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող կառոյցի գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ 100-ամեայ անցած ճանապարհը:

– Պարո՛ն Խանճեան, Դուք մասնակցեցաք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին, եւ մեր զրոյցը կը ցանկայի համաժողովէն սկսիլ: Ինչպէ՞ս կ’ամփոփէք այն:

– Խօսքս կը ցանկամ երկու դիտանկիւնէ արտայայտել:

Առաջին` ստեղծուած մթնոլորտն էր` փոխադարձ վստահութեան` շատ ջերմ, լաւ պատրաստուած, եղբայրական, տաքուկ, ուր յայտնուելով`կը զգայիր, որ հայ ժողովուրդը կորիզ ունի, կիզակէտ, որուն զաւակներն աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած են, միացած. Ոմանք կը ծանօթանան, շատերը հին ծանօթութիւնները կը նորգեն: Օգտակար իրավիճակ, քանի որ այդ ծանօթութիւնները կրնան ընդլայնուիլ, արդիւնաբերել տարբեր ձեւերով: Համախմբումն, իսկապէս, շատ ուրախալի, նաեւ ջերմ ու արդիւնաբեր է: Նաեւ դժուար աշխատանք, որովհետեւ  հեշտ չէ 1000-է աւելի պատուիրակներ հաւաքել աշխարհի չորս կողմերէն: Այս առումով կը գնահատեմ ինչպէս Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, այնպէս ալ աշխատակիցներու կատարած աշխատանքը:

Կ’ուզեմ առանձնացնել նաեւ կամաւորներու ներկայութիւնը համաժողովին: Շատ լաւ պատրաստուած երիտասարդներ, որոնք մեզի համար ուղեցոյց եղան, մեր քարտէզն այդ երեք օրերուն ընթացքին: Չեմ յիշեր` նախկին համաժողովներուն կա՞ր նման բան, թէ՞ ոչ, բայց նախաձեռնութիւնը շատ գովելի է:

Երկրորդ` կազմակերպչական, միասնականութեան առումով համաժողովի չորս ուղղութիւններու բաժանումը շատ ճիշդ եղած էր: Իւրաքանչիւր մարդ ընտրութեան հնարաւորութիւն ունէր, եւ մասնակցելով այս կամ այն քննարկման` կրնար գործնականի մէջ հետեւիլ ծրագիրի ընթացքին եւ իր մտքերն արտայայտել:

Ինչ կը վերաբերի փոխադարձ վստահութիւն ստեղծելուն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելուն, մեզի յուզող հարցերը քննելուն եւ լուծումներ գտնելուն, պէտք է նշեմ, որ կար առաջարկութիւններու հարթակ, որ շատ լաւ կը կազմակերպէին նիստավարները: Եթէ որեւէ հարցի շուրջ մարդիկ տարակարծիք էին, իրենց տեսակէտը կը ցանկային արտայայտել, նիստավարը անոնց խօսելու հնարաւորութիւն կու տար` փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէս կրնայ լուծուիլ, շտկուիլ այդ հարցը: Այս երեւոյթը նոյնպէս շատ դրական կը համարեմ:

Իսկ ժողովի ամբողջական ընթացքին, քննարկուած հարցերու լուծման ճիշդ գնահատական տուողը միայն ժամանակը կրնայ ըլլալ:

Մինչ համաժողովը ժխտական կարծիքներու որոշ ալիք  բարձրացած էր Սփիւռքի մէջ, որ հիմնականին մէջ հիմնուած էր նախորդ համաժողովներու արդիւնքներու իրականացման վրայ: Իմ կարծիքովս այդ մարդիկ պակաս հայրենասէր չեն, քան վերջին համաժողովի մասնակիցները: Անոնք պարզապէս յուսախաբութեան, յուսահատութեան պատճառով` որոշած էին չմասնակցիլ: Չեմ ուզեր քննադատել անոնց կամ արդարացնել, բայց կը կարծեմ, որ ճիշդ չէ` հայրենիքի հետ կապի եւ հաղորդակցութեան ընթացքին յուսահատիլ: Կրնանք  պահ մը յուսալքուիլ, յուսահատիլ, բայց միշտ պէտք է դրական մօտեցում ցուցաբերել, դրական արտայայտութիւններ ընել, լաւը փնտռել, լուծումներ որոնել, աւելի խիզախ ըլլալ մեր արտայայտութիւններուն մէջ:

Ես սկիզբէն ի վեր հանգիստ  եղած եմ նախ ինքզինքիս հետ, արտայայտած եմ այն` ինչ մտածած եմ: Այդ պատճառով դժուարութիւններ չեմ ունեցած մեր հանդիպումներուն, երկխօսութեան ընթացքին: Դժուարութիւն չեմ ունեցած ներկայ ըլլալու, որոշելու, որ կարեւոր է մեր մասնակցութիւնը այս համաժողովին: Շատ լաւ բաներ սերտուեցան, կարեւոր նիւթեր  տեղ գտած էին օրակարգին մէջ, որոնք կապ ունին մեր ժողովուրդի կեանքին հետ:

Հայրենիքի հողը սուրբ է մեզի համար, բայց Հայաստանի ամենակարեւոր, գերկարեւոր արժէքը` մարդ էակն է, հայ քաղաքացին: Այն ամէն ինչ մենք կը ծրագրենք, կը մտածենք, կ’որոշենք` անոր համար է: Ու եթէ կը ցանկանք արդար գնահատականը տալ համաժողովներուն, պէտք է երբեմն նաեւ մեր քաղաքացիներուն հարցնել:

– Պարո՛ն Խանճեան, մայիս 28-ին Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար Ձեզի պարգեւատրեց «Երախտագիտութեան մետալով»: Համաժողովին օրերուն հանդիպեցաք Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ Արցախին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 100-ամեակին առիթով Ձեզ փոխանցուեցաւ Ընկերակցութեան շնորհուած «Երախտագիտութեան մետալը»: Ընկերակցութեան համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի պարգեւատրումը: Կը խնդրէի նաեւ, որ խօսիք այն օժանդակութիւններուն, ծրագիրներուն մասին, որոնք կ’իրականացնէք Արցախի մէջ:

– Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կրնայ հպարտութեամբ յայտարարել, որ Անկախութեան առաջին օրերէն եղաւ Արցախ եւ իր ծառայութիւնները սկսաւ մատուցել:

Արցախը մեր գերխնդիրներու կիզակէտն է: Արցախի անկախութեան հզօրացումը, խարսխումը գերխնդիր է ազգի համար: Բոլորս պարտաւոր ենք հնարաւոր ամէն բան ընել` օգտակար ըլլալու Արցախին, հզօրացնել Արցախի պետութիւնը: Շահած ենք պատերազմը, բայց ոչ` խաղաղութիւնը, որ տակաւին կը շարունակէ որպէս տագնապ մնալ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Արցախի համար: Մենք պէտք է օգտագործենք մեր կարողութիւնները, որպէսզի շահինք Արցախի խաղաղութիւնը:

Արցախի ժողովուրդը չի կրնար իր հանգիստ, արժանապատիւ կեանքը շարունակել, երբ տակաւին խաղաղութեան ապահովութիւնը չկայ:

Ինչ կը վերաբերի գնահատանքին եւ երախտիքին, որ մեզի փոխանցուեցաւ, ես կրնամ միայն խոնարհիլ այդ ժողովուրդին եւ անոր ներկայացուցիչ Նախագահ Բակօ Սահակեանի առջեւ, որ մեզի այդ ձեւով պատուեց, որովհետեւ մենք մեր պարտականութիւնը կը կատարենք: Ապաւինելով մեր ազգային, քրիստոնէական ոգիին` մեր ծրագիրներով օգտակար կ’ըլլանք մեր ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական եւ ֆիզիքական պէտքերուն:

Գնահատանքը եւ երախտիքը մեզի առաւել յանձնառու կը դարձնէ, որպէսզի աւելի մեծ ճիգով, մեր ծառայութիւնները ընդլայնելով` շարունակենք օժանդակել Արցախի ժողովուրդին:

– Պարո՛ն Խանճեան, անցնող տարիներուն ընթացքին Ընկերակցութիւնն իր օժանդակութիւններով սատար կանգնեցաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:

– Հինգ տարի շարունակ սուրիահայութեան տագնապը Սփիւռքի, եւ ո՛չ միայն, գերխնդիրն էր: Ժամանակաւոր  կերպով ես այն ազգային աղէտ կը համարեմ:

Սուրիահայ գաղութը սփիւռքահայութեան խարիսխն է: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ մարդը  փրկութիւն գտաւ եւ հաստատուեցաւ այդ հիւրընկալ քաղաքին մէջ, որ եւ դարձաւ Սփիւռքի Մայր գաղութը:

Գաղութի կորուստը ահռելի ցնցում էր ողջ Սփիւռքի, սփիւռքահայութեան համար: Կը կարծեմ` սուրիահայութեան վնասը` ֆիզիքական, նիւթական ու մարդկային` անգնահատելի է եւ, դժբախտաբար, անվերադարձ:

Սուրիոյ պատերազմը անակնկալ էր ո՛չ միայն Սփիւռքի համար, այլեւ` Սուրիոյ: Եւ Ընկերակցութիւնն առաջին իսկ օրերէն սուրիահայ համայնքին կողքին կանգնեցաւ: Ես նաեւ անհատապէս, քանի որ տակաւին Աւետարանչական ընկերակցութեան ղեկավարութիւնը չէի ստանձնած, եւ որպէս նախկին հալէպահայ` Լոս Անճելըսի մէջ հիմնեցինք Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմին` ՍԱՐՖ: Վերջինս հոյակապ աշխատանք տարաւ նիւթապէս օժանդակելու կրակի տակ գտնուող մեր հայրենակիցներուն եւ բարձրացնելու ժողովուրդի գիտակցութեան մակարդակը, որովհետեւ ԱՄՆ-ի մէջ, եւ արտասահմանի մէջ ընդհանրապէս, դժուար էր իրապէս ըմբռնել, թէ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ: Կարծես շղարշուած էր Սուրիան իր պատերազմով: Թէ՛ ՍԱՐՖ-ի շրջանին, եւ արդէն 2014 թուականին Աւետարանչական ընկերակցութեան ղեկավար ընտրուելով, մենք մեծ ներդրում ունեցանք օժանդակութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ մէջ աղէտալի վիճակի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն:

Այս 5 տարիներուն ընթացքին, երբ անոնցմէ շատերը հեռացան Սուրիայէն, բնականաբար, գլխաւոր հիւրասէրը հայրենիքը դարձաւ: Սա հրաշք էր, որ մենք պէտք է գիտակցէինք: Մարդիկ, որոնց անձնագիրները անընդունելի էին աշխարհի չորս կողմերը, մէկ տեղ կրնային ազատ մուտք ունենալ` հայրենիք: Միակ երկիրը, որ անոնց ընդունեց, ապաստան, տուն տուաւ` Հայաստանն էր: Սուրիահայութիւնը ասիկա շատ լաւ կը գիտակցի: Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն ես կ’անուանեմ անկողմնացոյց, որովհետեւ փախչելով պատերազմի ճիրաններէն` ֆիզիքապէս փրկութիւն գտան այստեղ, բայց չէին կողմնորոշուիր` անկողմնացոյց էին, թէ ինչ պէտք է ընեն: Շատերը եկան, յետոյ գացին այլ երկիրներ, որոշները մնացին` կողմնորոշուելու, թէ ու՞ր երթան, ի՞նչ ընեն:

Մեր օժանդակութիւնը թիրախաւորուած էր այնպէս, որ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը կողմնորոշուէին հաստատուիլ հայրենիքի մէջ: Գործակցելով Սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ` իրականացուցած ենք, եւ դեռ կը շարունակենք, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել, բնակարաններու վարձավ ճարները փոխհատուցել, բժշկական ծառայութիւններու համար գումարներ յատկացնել, կրթական օժանդակութիւններ իրականացնել, նպաստներ վճարել, իսկ անոնց, որոնք ամէնօրեայ սնունդի կարիքը ունին, նպաստ յատկացնել:

Շարունակեցինք նաեւ ուղղութիւն տալ, որ երկուստեք շահը կը պահանջէ, որ անոնք հաստատուին հայրենիքի մէջ: Որպէս Սփիւռք` հայութիւնը անկասկած կը շահի, որ այդ խումբը այստեղ հաստատուի, ատիկա օգտակար կ’ըլլայ նաեւ հայրենիքին` անոնց կարողութիւնները, տաղանդը, ներուժը օգտագործելով: Այդ աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

Ընկերակցութիւնը նոյնիսկ Գանատայի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն  նեցուկ կանգնած է: Սակայն մեր գլխաւոր նպատակակէտը անցնող տարիներուն` Սուրիան էր եւ Հայաստանը:

– Պարո՛ն Խանճեան, դուք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնն ենք 2014 թուականէն: Հե՞շտ էր Ձեզի համար ստանձնել այդ պաշտօնը եւ ի՞նչ է Ձեզի համար այս աշխատանքը:

– Հասարակական աշխատանքը միշտ համընթաց քալած է իմ անձնական կեանքիս, աշխատանքային գործունէութեանս զուգահեռ: Նոյնիսկ այս պաշտօնը ստանձնելէ տասնամեակներ առաջ`  ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուելէ ի վեր, շուրջ 30-35 տարի` ազգին, համայնքին, ժողովուրդին ծառայելը զուգորդուած է իմ անմիջական գործիս ասպարէզին հետ: Այդ պատճառով ինծի համար հեշտ էր այս փոխանցումը եւ հարազատ, որովհետեւ կը գտնուիմ այնպիսի մթնոլորտի մէջ, որ ինծի հոգեկան գոհունակութիւն կու տայ: Իմ կարողութիւններս, ծառայութիւններս ի սպաս կը դնեմ այնպիսի ընկերակցութեան, որուն սկզբունքներուն արդէն իսկ հաւատացած եմ, որ իմ գաղափարախօսութեան, հաւատամքին մէկ մասը կը կազմէ:

Աշխատանքային պարտականութիւններս ստանձնելը շատ հեշտ, սահուն եղաւ: Այնքան գոհունակութեամբ կը կատարեմ իմ աշխատանքս, որ երբեմն աշխատանքային ժամերը չեմ զգար:

Ի հարկէ, տագնապները շատ են, դժուարութիւններ, մարտահարւէրներ միշտ կան, անգամ լուրջ մարտահրաւէրներ ալ ունեցանք, բայց կրցանք յաղթահարել:

Մեր յաջողութեան գրաւականն այն է, որ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը  քանի մը կարեւոր սկզբունքներ  որդեգրած է, որոնցմով եւ կ’առաջնորդուի:

Առաջին. շատ թափանցիկ կազմակերպութիւն է, երբեք ներփակ չենք, մեր ծրագիրները, աշխատանքը բաց են բոլորին առջեւ: Մեր ծառայութեան  ընտրական ոճը ժողովրդավար է, մեր ներկայացուցիչները, գործադիր մարմնի կազմը կ’ըտրուին անդամներուն կողմէ, բոլորը քուէարկելու իրաւունք ունին:

Երկրորդ` մենք հաշուետու ենք: Կանոնաւոր, մեր տարեկան ժողովներուն ընթացքին, կայք-էջի հրապարակումներուն, հաղորդագրութիւններուն միջոցով տեղեակ կը պահենք մեր անդամներուն մեր գործունէութեան մասին: Ընկերակցութեան կրնայ անդամակցիլ այն մարդը, որ Աւետարանչականին տարեկան նպաստ կու տայ: Կարեւոր չէ, թէ որ յարանուանութեան կը պատկանի, որ երկրէ է:

Երրորդ` պատասխանատու է: Այս պատասխանատուութեան կը գիտակցի, որ արդէն 100 տարի կ’օգնէ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները, անակնկալներն ու մարտահրաւէրները:

– Պարո՛ն Խանճեան, 2018 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի տօնէ հիմնադրման 100-ամեակը: Ինչպիսի՞ն էին ընկերակցութեան համար անցնող 100 տարիները:

– Առաջին` այս 100 տարուան ընթացքին այն, ինչին հասած է Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, պարտական է այն հազարաւոր մարդոց, որոնք հիմնադրութենէն ի վեր իրենց միտքը, նիւթական կարողութիւնը,  ժամանակը, քրիտինքը թափած են, որ ունենանք այն, ինչ ունինք այսօր: Հրաշալի 100-ամեայ կեանք, անցած ճանապարհ, որուն համար պարտական ենք միմիայն այդ մարդոց: Մարդիկ, որոնք այս ժառանգութիւնը կերտեցին եւ մեզի հասցուցին: Ամէն սերունդ, ամէն հանգրուան մէկ քար  դրած է` կառուցելով  կառոյց մը, որ տարիէ տարի կը բարձրանայ: Այսօր մենք կը վայելենք այն զոհողութիւններու արդիւնքը, որ իրենցն էր: Այս ամէնուն գիտակցումը միայն հիացում կը պատճառէ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք մեզմէ առաջ էին:

Երկրորդ խորհուրդն այն է` թէ ո՞րն է մեր դերը այսօր: Մենք կը հաւաքուինք, կ’ուրախանանք, կը խնդակցինք, սակայն ո՞րն է մեր դերը: Մեր դերը յաջորդ քարը դնելն է, յաջորդ 100-ամեակը ծրագրելն է, եկող սերունդներու կեանքը ապահովելը, որ մենք այսօր մեր քրտինքով, մեր զոհողութեամբ, մեր նուիրատուութեամբ պէտք է կարենանք կերտել:

Այս ամէնը հաշուի առնելով` ընկերակցութիւնը 2016 թուականին ծրագրեց 20 միլիոն տոլարի հանգանակութիւն կազմակերպել: Աշխատանքներն ընթացքի մէջ են, որոնք կ’եզրափակենք 2018 թուականի տարեվերջին:

Յուսանք, որ կը կարենանք մեր ամբողջ էութեամբ այդ մէկ քարը երկու քար դարձնել, որպէսզի աւելի դիւրացնենք յաջորդ սերունդներու կարիքները, անգամ կեանքը` գալիք 100-ամեակին ընթացին:

– Ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք տօնել յոբելեանը:

– Մենք 5 մայրցամաքներու 24 երկիրներու վրայ բաժնուած ծրագիր եւ ծառայութիւն ունինք. մտածեցինք, որ պէտք է ընդգրկենք հնարաւորինս շատ շրջան:

Թէեւ հանգանակութիւնը նախաձեռնեցինք 2016 հոկտեմբերին, սակայն մեր հանդիսութիւնները, տօնակատարութիւններու մեկնարկը կը տրուի 2017-ի հոկտեմբեր 21-ին` ԱՄՆ Արեւելեան շրջանէն: Աւետարանչական ընկերակցութեան տարեկան ժողովի ժամանակաշրջանն է, որ կը զուգադիպի տարեկան ժողովի ճաշկերոյթին: Տօնակատարութիւնները կը շարունակուին մարտին` Աւստրալիոյ, մայիսին` Գանատայի մէջ, յունիսի սկիզբը` Լիբանանի, յունիսի երկրորդ կէսին` Ֆրանսայի, սեպտեմբերին` Հայաստանի մէջ, իսկ արդէն հոկտեմբերին կ’եզրափակենք մեր հանդիսութիւնները Լոս Անճելըսի մէջ, զուգահեռ նաեւ` մեր դրամահաւաքը:

– Պարո՛ն Խանճեան, ինչո՞վ կը ցանկաք եզրափակել մեր զրոյցը:

– Կ’ուզեմ վերադառնալ համաժողովին եւ հետեւեալ միտքն արտայայտել: Ինչպէս եւ նշեցի, մեր երկրի ամենակարեւոր հարստութիւնը հայ մարդն է, հայ անհատը: Անկախութիւնը դիւրին չէր: Դիւրին չէր յատկապէս Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը, որ մեզի արծաթէ ափսէի վրայ չհրամցուեցաւ: Արեան եւ քրտինքի ոռոգումով մեր հողերը ազատագրուեցան եւ Անկախութիւն հռչակուեցաւ:

Հայաստանի պարագան քիչ մը տարբեր է: Հայաստանի անկախութիւնը, որուն 26-ամեակը ուրախութեամբ տօնեցինք օրերս, ստեղծուեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման արդիւնքով եւ մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու ինքնորոշմամբ:

26 տարի առաջ կատարուեցաւ բոլորիս երազը, եւ աշխարհատարած հայութիւնն իր անկախութիւնը գտաւ այստեղ: Անակնկալ էր, սակայն պայքարով շահուած անկախութիւն չէր, թէեւ ամէն ինչ զերոյէն պէտք է սկսուէր, քանի որ Խորհրդային հասարակարգէն անցում կատարուեցաւ  նոր հասարակարգի մը: Այս վիճակին խարխափումը տրամաբանական էր, սխալներ գործելը` ակնկալելի, քանի որ պետութիւն կերտելը ժամանակ կը պահանջէ:

Սակայն, դժբախտաբար, անցնող 26 տարիներուն ընթացքին ժողովուրդին սոցիալական վիճակը`  լաւի եւ վատի միջեւ տարբերութիւնը` հսկայական է, որ մեզի շատ ցաւ կը պատճառէ:

Զանազան կազմակերպութիւններ կը ջանան օգտակար ըլլալ նեղ դրութեան մէջ գտնուող զանգուածներուն, սակայն տակաւին այդ հսկայ զանգուածը վեր բարձրացնելու խնդիր ունինք: Այս համաժողովը որքանով կրցաւ այս հարցերը քննել, ճանապարհներ գտնել օգտակար ըլլալու` ապագան ցոյց կու տայ:

Շատ կարեւոր է մեզի համար այդ տարածութիւնը կրճատելը եւ սոցիալական անհաւասար պայմաններու մէջ ապրող մարդոց վեր բարձրացնելը: Այդ ձեւով նաեւ անոնց կը պահենք հայրենի հողին վրայ, որովհետեւ ես չեմ հաւատար, որ մէկը, որ կրնայ այստեղ հոգալ իր ընտանիքի կարիքները, որոշէ դուրս գալ հայրենի, պապենական հողէն:

Կը յուսանք, կ’աղօթենք, կ’աշխատինք, մեր բաժինը կը բերենք եւ կ’ակնկալենք, որ մեր երկրի իշխանութիւնները եւս կ’որոնեն ճանապարհներ` այդ տարածութիւնը նուազեցնելու եւ մեր ժողովուրդը աւելի բարեկեցիկ վիճակի մէջ պահելու ուղղութեամբ:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

 

 

 

Scroll Up