Ինքնայրումով Կեանք Մը` Յանուն Հայութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/IMG_3166.jpg)
Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր ծայրերէն Հայրենիք ժամանած մտաւորականները, ազգային ու քաղաքական գործիչները, լրագրողները միաւորողը փոխադարձ վստահութիւնը, միասնականութիւնն ու պատասխանատուութեան գաղափարն էր, որոնց շուրջ ծաւալուած տարբեր ելոյթները, հնչած կարծիքները, առաջարկութիւններն, անշուշտ, ժամանակի ընթացքին, ի շահ հայութեան, կեանքի կը կոչուին համատեղ ուժերով: Համաժողովի մասնակիցներուն մէջ էր նաեւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքէն ժամանած ընկերաբան-մանկավարժ, լրագրող, գրող Վարդի Դանիէլեան, որուն հետ զրոյց ունեցայ «Հայերն այսօր»- ի համար:
–Տիկի՛ն Վարդի, տեղեակ եմ, որ մինչեւ համաժողովը այցելած էք Արցախ… Ձեր դէմքի արտայայտութիւնն անգամ կը յուշէ, որ շատ տպաւորուած էք եւ ըսելիքի հեղեղ ունիք…
-Այո՛, այդպէս է… Գանատայի «Հորիզոն» թերթի խմբագիր պարոն Վահագն Գարագաշեանի գլխաւորութեամբ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, 28 հոգիով այցելեցինք Արցախ, 5 օր վայելեցինք այդ դրախտավայրի հրաշագեղ բնութիւնը. չեմ կրնար մէկ կամ քանի մը բառերով նկարագրել հիացմունքս, յուզմունքս…Արցախը` հրաշագեղ, մարդիկ` բարի, շիտակ, հիւրասէր, աշխատասէր… Հանգրուանեցինք Ստեփանակերտի մէջ, արցախցիներուն հետ միասին Արցախի տօնակատարութեան օրը գացինք դէպի հրապարակ, մասնակից դարձանք տեղացիներու ուրախութեան. այդ օրը մեզի համար յաղթանակի պէս բան մըն էր: Շրջեցանք Արցախի տեսարժան վայրերով, գացինք գիւղեր, եղանք Շուշի, մօտէն ծաօթացանք, զրուցեցինք տեղի ժողովուրդին հետ, լսեցինք անոնց անուշ բարբառը, հանդիպեցանք սահմանները պաշտպանող զինուորներուն: Տպաւորուած եմ Արցախ աշխարհով, իսկ ամէնէն շատ` տեղի ժողովուրդի ջերմութեամբ, գրկաբաց ընդունելութեամբ: Ես կը մտածեմ` ուր պէտք է գամ ապրելու` Արցա՞խ թէ՞ Երեւան. աւելի հաւանական է` Արցախ:
–Յարգարժա՛ն հայրենակցուհի, ըսէք, խնդրեմ, թէ այս համաժողովն ինչպիսի՞ խորհրդածութիւններու առիթ տուաւ Ձեզի:
-Առաջին հերթին ինծի կը յուզեն հայոց լեզուին առնչուող խնդիրները. ինչու՞ պէտք է իմ հայրենիքի մայրաքաղաք` Երեւանի մէջ, աւելի շատ հանդիպիմ անգլերէնով գրուած ցուցանակներու, հաղորդումներու վերնագիրներու, լսեմ ռուսերէն արտայայտութիւններ…ո՞ր անգլիացին հայերէնով կը գրէ իր խանութներուն վրայ, հաղորդումներու վերնագիրները կը դնէ հայերէն…շատ կարեւոր է մշակոյթը պահպանել ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ` Հայաստանի մէջ. թատրոնը պէտք է ըլլայ իր նախկին բարձունքին վրայ, պէտք է վերականգնել թատրոնի հեղինակութիւնը, որովհետեւ այն կը սորվեցնէ եւ՛ լեզու, եւ՛ մշակոյթ, դաստիարակչական հսկայական նշանակութիւն ունի: Երբ 1988-ին Հայաստան եկայ, յաճախեցի թատրոն, այն ժամանակ դերասանը կարգին խօսք ունէր, այս այցիս եւս գացի ներկայացումներ դիտելու…այնքա՜ն աղմուկ կայ ներկայացումներուն ընթացքին, արագ-արագ կը խօսին , խօսքը տեղ չի հասնիր… այս մասին եւս պէտք է մտածել: Թատրոնն է, որ սերունդներ կրթած է դարեր շարունակ: Ինչ կը վերաբերի բուն համաժողովին, ըսեմ, որ այն կազմակերպելը շատ լաւ երեւոյթ է, սակայն, իմ կարծիքովս, կազմակերպչական հարցերուն մէջ թերութիւններ կային. բնականաբար, դժուար էր այն կազմակերպելը, յուսամ, որ յաջորդ անգամ ամէն ինչ անթերի կ’ըլլայ: Անշուշտ, համաժողովի ընթացքին որոշ մասնակիցներու հետ համագործակցութեան եզրեր գտանք, սակայն մասնակիցներու թիւն այնքա՜ն շատ էր, որ հնարաւոր չէր մեծ մասին հետ շփուիլ, զրուցել, ծանօթանալ անոնց գործունէութեան, ծրագիրներուն: Մասնակիցներու մեծ մասը կը խօսէր տնտեսութեան մասին եւ, ցաւօք, արտագաղթի, Հայաստանի ներկայիս խնդիրներու, հայրենադարձութեան ծրագիրի մասին համարեայ չխօսեցան, անարդար է…հայրենադարձութիւն բառն ալ ես կը փոխարինէի հայրենատիրութիւն բառով:
–Տիկի՛ն Վարդի, հնչած ելոյթներէն որո՞ւն խօսքը Ձեզի համար ամենատպաւորիչն էր:
-Գանատայէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանինը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանինը: Լեզուի խնդիրներուն մասին խօսեցան եւ կրկին ըսուեցաւ, որ մեր պետական լեզուն հայերէնն է. կը կարծեմ, որ այստեղ որոշակի եւ անպայմանօրէն կատարուելիք ծրագիր պէտք էր ներկայացնել, այսինքն` շարունակ ելոյթներ ունենալ ցաւոտ հարցերու մասին, քի՛չ է, վաղուց ժամանակն է` խօսքէն գործի անցնելու:
–Ամփոփենք համաժողովի մասին Ձեր խօսքը. ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն:
-Դրական կը գնահատեմ, որովհետեւ լաւ նախաձեռնութիւն կը համարեմ, սակայն կարեւորը արդիւնքները, գործնական քայլերն են: Կային նաեւ շատ անհետաքրքիր ելոյթներ, որոնց հեղինակներն այնքան արագ-արագ կը խօսէին, որ դահլիճին մէջ նստածներէն շատերը ծափահարութիւններով ցանկացան դադրեցնել: Կարեւոր համաժողով էր, ուստի ելոյթները պէտք է յստակ, նպատակասլաց, բովանդակալից ու իրաատեսական ըլլային: Խօսուեցաւ ներդրումներու մասին. դուրսէն ներդրում ընողին պէտք է հաւատք ներշնչել: Ամէն աշխատանք պէտք է թափանցիկ ըլլայ:
–Ես գիտեմ, որ Դուք շատ կը սիրէք Հայաստանը եւ ցանկութիւն ունիք Հայրենիքի մէջ տուն գնելու, ծրագիր ունիք` կապուած մէկ դպրոց կամ մէկ դասարան ստեղծելու…խօսէք, խնդրեմ, նաեւ այդ մասին` հնարաւորինս բանալով փակագիծերը:
-Այո՛, ունիմ այդպիսի մտադրութիւն, որուն առիթով պէտք է խորհրդակցիմ Սփիւռքի յարգարժան նախարար` տիկին Յակոբեանի հետ, իսկ Հայաստանի հանդէպ ունեցած սէրս անսահման է:
–Տիկի՛ն Վարդի, Դուք հանդիպած եւ հարցազրոյց ունեցած էք «Կարին» ազգագրկան պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի հետ. մասնաւորապէս ինչի՞ շուրջ ծաւալեցաւ ձեր զրոյցը, կարծեմ` Դուք նաեւ ազգագրական պարերու բացատրութեան համար անոր հանդիպած էիք…
-Այո՛, այդ մասին ես արդէն ըսած եմ. ինծի այնչափ հետաքրքիր են մեր պարերու անուանումներու, ամէն մէկ շարժման բացատրութիւնները, ծագման պատմութիւնը, տարազներու, պարեղանակներու ընտրութիւնը, որոնց մասին հանգամանալից զրուցեցինք Գինոսեանի հետ, որուն համար այնչափ շնորհակալ եմ անոր: Ցանկութիւն ունիմ` այդ ամէնը սորվեցնելու Գանատայի հայ աշակերտներուն, պարը` որպէս դասաժամ, ներառել ուսումնական ծրագիրին մէջ: Այս հարցով պէտք է խօսիմ մեր հոգաբարձուներու խորհուրդին, մեր Սրբազանին հետ:
–Ձեր բնակավայրին մէջ
Դուք մանկավարժութեան բնագաւառին մէջ ուրոյն ներդրում ունիք, Ձեր աշակերտներուն կը սորվեցնէք մեր աւանդապատումները, կը ծանօթացնէք հայկական աւանդական ծէսերուն, մեր առասպելական հերոսներուն մասին կը պատէք` աւելցնելով Ձեր ստեղծագործական մօտեցումը, ինչպիսի՞ն է աշակերտներուն արձագանքը:
–Անոնք շատ հաճոյքով կը լսեն, հարցեր կու տան. օր մը ինծի հարցուցին, թէ արդեօք մեր առասպելական հերոսներէն Թորք Անգեղը մանկութիւն չէ՞ ունեցած, ես անոնց համար յօրինեցի Թորք Անգեղի մանկութեան պատմութիւնը: Սովորաբար, յունական չաստուածներն (ինծի համար անոնք չաստուածներ են) իրենց դիցաբանական պատմութեան մէջ կը նկարագրուին` սկսած մանկութենէն, իսկ մեր հեթանոս շրջանի աստուածներէն, թերեւս, միայն Վահագնը ունի մանկութեան թեթեւակի դրուագ եւ մեր էպոսի դիւցազուն Սասունցի Դաւիթը: Ես միշտ աշխատած եմ իմ աշակերտներս մտցնել այն մեծ աշխարհը, որ կը կոչուի Հայաստան: Մեր պատանիները հայեցի կրթութիւն կը ստանան, ունինք Հայաստանէն ստացած գրականութիւն, արեւմտահայերէնով գրականութիւն, 6-էն մինչեւ 8 տարեկաններուն համար ունինք մանկական գրականութիւն, բայց 12-13 տարեկաններուն ատոնք այլեւս հետաքրքրիր չեն, անոնք աւելի շատ հետաքրքրուած են ազգագրական պատմութիւններով, արկածային գրականութեամբ, ուստի ես կ’աշխատիմ ծրագիրին մէջ ներառել այդ թեմաները, նոյնիսկ այնպիսի պատմութիւններ, ուր սիրային փոքրիկ դրուագներ կան:
–Պատմէ՛ք, խնդրեմ, Ձեր վարժարանի գործունէութեան եւ գանատահայութեան, հայկական համայնքներուն մասին:
-Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ մեր վարժարանն ունի 700 աշակերտ, ունի մանկամսուր, ուր կը յաճախեն մինչեւ 3 տարեկան երեխաներ: Վարժարանը կ’աւարտեն12-րդ դասարանին` ստանալով հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն: Շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ վարժարաններ ունինք այն աշակերտներուն համար, որոնք հայկական լիարժէք վարժարան չեն յաճախեր: Մեր վարժարանը նաեւ հաւաքատեղի է. այնտեղ մեծերն իրենց ժողովները կը կազմակերպեն, փոքրիկներն` իրենցը, սկաուտներն` իրենց ժողովները: Մենք պարախումբ ունինք, երգչախումբ, հեռուստատեսութիւն: Բաւականին աշխոյժ է գանատահայութեան կեանքը, մանաւանդ` թորոնթոհայութեանը: Հայկական համայնքին նոր շունչ բերին սուրիահայերը, մենք Գանատա եկող իւրաքանչիւր սուրիահայու համար անշահախնդիր կերպով կը պատրաստէինք կացարանը, կը կահաւորէինք, սնունդ ու հագուստ կը պատրաստէինք:
–Տիկի՛ն Վարդի, գիտեմ, որ Դուք մշտապէս թղթակցած էք տարբեր թերթերու, գրած մանկավարժութեան առնչուող աշխատութիւններ, յօդուածներ…
-Այո՛, ես բազմաթիւ յօդուածներ գրած եմ, որոնցմէ մէկ մասը կը տպագրուի Գանատայի «Հորիզոն» թերթին մէջ, ինչպէս նաեւ` մանկավարժական աշխատութիւններ…վերադարձիս պէտք է գրեմ Արցախ կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուս մասին: Այցելած ենք զօրամաս, ուր հարցազրոյց ունեցած եմ գնդապետի մը հետ, որ մասնակցած էր Աղտամի մարտերուն: Այս պահուն չեմ դասաւանդեր, զբաղուած եմ շարք մը նիւթեր գրելով, սակայն մշտապէս վարժարանի, աշակերտներուն հետ եմ. ես հոգիով ու սրտով միշտ այդ սիրելի աշխարհին մէջ եմ, կը զբաղիմ արտադպրոցային աշխատանքով: 30-է աւելի մանկավարժական յօդուածներ գրած եմ միայն «Հորիզոն»-ի համար. նպատակ ունիմ իմ բոլոր յօդուածներս ամբողջացնել մէկ գիրքի մէջ, պէտք է անդրադառնամ նաեւ հօրս, անոր մասին եւս գիրք պէտք է գրեմ, որովհետեւ հայրս 9-ը տարեկանին ականատես եղած է Հայոց ցեղասպանութեան, յետագային գրառումներ ըրած է, եւ ես անոր բոլոր ձեռագիրները պէտք է յանձնեմ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Ահա այսպիսին է գանատահայ մտաւորական Վարդի Դանիէլեանը` չափազանց հայրենասէր, հայասէր ու հայերէնասէր, գործունեայ, արդարամիտ, աշխատասէր ու աննկարագրելի ազգասէր, որուն հետ ծաւալուած իմ զրոյցս կրնար անվերջ շարունակուիլ, եթէ նորին մեծութիւն ժամանակը նոյնպէս անվերջանալի ըլլար: Վարդի Դանիէլեան հայուհիին կեանքն ու ծաւալած գործունէութիւնն ամբողջապէս անանձնական է, որ կարելի է բնութագրել մէկ արտայայտութեամբ` ինքնայրումով կեանք մը` յանուն հայութեան:
Կարինէ Աւագեան