«Լաւագոյն Տպաւորութիւնները Ստացայ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովէն». Անտոն Վարդանեան

Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովը միասնութեան համահաւաքը աննախադէպ երեւոյթ մըն էր մեր իրականութեան մէջ, որուն ծիրէն ներս մէկ յարկի ներքոյ հաւաքուած հայութիւնն իր առջեւ գերխնդիր  դրած էր` առաջնորդուելով  փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով` միահամուռ ուժերով լուծել շատ հարցեր, ճանապարհներ գտնել Հայաստանի յետագայ զարգացման, հզօրացման, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան առաւել սերտ համագործակցութեան համար: Այդ առիթով համաժողովի մասնակիցներէն «Հայերն այսօր»-ի համար հարցազրոյց ունեցայ Սթաւրոփրոփոլի «Նաիրի» ազգամշակութային ինքնավարութեան հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդ նախագահ, Սթաւրոփոլի երկրամասի Դաշնային գաղթականութեան ծառայութեան վարչութեան կից հասարակական-խորհրդատուութեան  խորհուրդի անդամ, Սթաւրոփոլի երկրամասի ազգային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Անտոն Վարդանեանի հետ, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

-Յարգելի՛ հայրենակից, հրաւիրուած ըլլալով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին` Դուք, անշուշտ, այս առիթով ունիք Ձեր խորհրդածութիւններն ու ակնկալիքները. խօսէք, խնդրեմ այդ մասին:

-Ես եւ իմ գործընկերներուս մեծ մասը, անկասակած, ուրախ ենք` աշխատանքային նման հանդիպման առիթով, առաւել եւս` Հայրենիքի մէջ: Այս համաժողովէն մենք կ’ակնկալենք աշխատանքներու առաւել աշխուժացում համայն Սփիւռքի եւ աւելի սերտ համագործակցութիւն` Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ:

-Բաւականին երիտասարդ էք` այդպիսի կազմակերպութիւն ղեկավարելու համար. դժուարութիւններ չէ՞ք ունենար:

-Ես 5 տարի առաջ  ստանձնած եմ այդ պարտականութիւնը` մեծ պատասխանատուութիւն վերցնելով: Սկիզբը, ի հարկէ, դժուար էր, սակայն ժամանակի հետ փորձառութիւն ու որոշակի գիտելիքներ ձեռք բերի: Ես միայնակ չեմ աշխատիր: Մեր կազմակերպութիւնն ունի խորհուրդ, որ կը ղեկավարէ Միխայիլ Պէյրիւմովը: Ի հարկէ, մեր հայրենակիցներուն խնդիրները չեն վերջանար, եւ ամէն անգամ հարկ կ’ըլլայ դուն քեզի համար  նոր բան մը բացայայտես: Մեր խումբին եւ մեզի արձագանքող մարդոց շնորհիւ կը կարենանք միանգամայն յաջողութեամբ իրականացնել մեր աշխատանքները եւ մեր առջեւ դրուած ծրագիրները:

-Ինչպէ՞ս կ’ապրին Սթաւրոփոլի մէջ մեր հայրենակիցներն, ինչպիսի՞ խնդիրներ  ծառացած են անոնց առջեւ եւ արդեօ՞ք լուծելի են ատոնք :

-Այսօր Սթաւրոփոլի մէջ կ’ապրի մօտ 50 հազար հայ. անոնցմէ շատերը հասած են մասնագիտական  յաջողութիւններու եւ արժանի ձեւով կը ներկայացնեն գործը, բժիշկութիւնը, կրթութիւնը, գիտութիւնը, մտաւորականութեան ու հայ նոր սերունդի` երիտասարդութեան  պատկերը: Յատուկ աջակցութեան կարիք ունէին մեր այն հայրենակիցները, որոնք փախած էին 1988-ի երկրաշարժի սարսափներէն, Պաքուի, Սումկայիթի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած ողբերգական իրադարձութիւններէն: Բոլոր փախստականներն  ընդունուած են ջերմօրէն եւ ըմբռնումով, անոնց ցուցաբերուած է մարդասիրական օգնութիւն եւ հոգեբանական աջակցութիւն:

Սակայն, ինչպէս միշտ, մեր հայրենակիցներէն շատերը կը յայտնուին կեանքի շատ ծանր իրավիճակներու մէջ. խօսքը հիմնական կը վերաբերի վերջերս աշխատանք գտնելու  յոյսով Սթաւրոփոլ եկած հայերուն, որոնք չունին սեփական տուն, դրամական միջոցներ ու մշտական աշխատանք, հիմնականին մէջ չունին  կրթութիւն ու մասնագիտական հմտութիւններ: Ատոր վառ օրինակը Ուքրանիոյ բռնագրաւուած տարածքներէն փախած հայ  ընտանիքներն են: Սթաւրոփոլ  տեղափոխուած այդ ընտանիքները  հայկական համայնքի ուժերով եւ, ի հարկէ, քաղաքի վարչակազմի աջակցութեամբ, ապահովուած են պարէնային մթերքներով, առաջին անհրաժեշտութեան կենցաղային պարագաներով, դրամական օգնութեամբ եւ աշխատանքով:

  Մեծ դժուարութիւններ կան փախստականներուն  աշխատանքի տեղաւորելու հարցին մէջ: Ատիկա պայմանաւորուած է աշխատանք փնտրողի իրաւական կարգավիճակով, աշխատանքային փորձ եւ անհրաժեշտ որակաւորում չունենալու հետ:

Ներկայացուցէք, խնդրեմ համայնքային առօրեան, համայնքին մէջ իրագործուող աշխատանքները:

– Ամէն տարի Սթաւրոփոլի «Նաիրի» ազգամշակութային հասարակական ինքնավարութեան ներկայացուցիչներն աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենան  քաղաքին համար այնպիսի նշանակալից ձեռնարկներու, ինչպիսիք են` Յաղթանակի օրը, Սթաւրոփոլ քաղաքի օրը, Ժողովուրդներու միասնութեան օրը, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ իրականացուող միջազգային բարեկամութեան փառատօններուն: Կը կազմակերպուին հայկական աւանդական տօներ` Տեառընդառաջի, Վարդավառի, կը նշուին Առաջին հանրապետութեան, Հայաստանի անկախութեան օրերը: Փետրուար 23-ին եւ մայիս 9-ին ՀՄՊ հայ վեթերանները, ինչպէս նաեւ անոնց այրիները, կը ստանան նուէրներ, օգնութիւն  կը ցուցաբերուի Արցախի ազատագրման մասնակցած ազատամարտիկներուն: Ապրիլ 24-ի օրուան հետ կապուած` տեղի կ’ունենան ձեռնարկներ:

 Մեր երեխաները կը յաճախեն հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, ժողովրդական պարի խմբակ, մեր համայնքին մէջ կը գործեն ազգային խոհարարական վարպետութեան, թատերական արուեստի, տհոլի խմբակներ: Սթաւրոփոլի երիտասարդներն ամէն տարի կը մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ամառնային ծրագիրներուն:

-Ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են Սթաւրոփոլի միւս համայնքներուն հետ:

-Բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունինք գրեթէ բոլոր համայնքներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ. ոմանց հետ` ուղղակի աշխատանքային, իսկ միւսներուն հետ` արդէն բարեկամական: Մեր քաղաքականութիւնը միտուած է Սփիւռքի բոլոր համայնքներուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան: Մասնաւորապէս` ատրպէյճանական կազմակերպութեան հետ ունինք աշխատանքային լաւ յարաբերութիւններ:

. Մէկ անգամ  չէ, որ օգնած ենք մէկս միւսին, համատեղ ուժերով լուծած ենք կենցաղային որոշ հարցեր եւ աննշան վէճեր: Փոխադարձաբար մէկս միւսին կը հրաւիրենք ձեռնարկներու եւ տօնախմբութիւններու: Դուրսը շատ կարեւոր է պահպանել բարիդրացիական յարաբերութիւնները:

– Անտո՛ն, բացի համայնքային հասարակական բնոյթի աշխատանքներէն` ուրիշ ի՞նչ աշխատանքով  զբաղուած էք. Ձեր բուն մասնագիտութեամբ կ’աշխատի՞ք արդեօք:

-Իմ հիմնական եւ միակ աշխատանքս համայնքային գործունէութիւնն է: Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ եմ եւ մօտաւորապէս 5 տարի աշխատած եմ իմ մասնագիտութեամբ:

-Համայնքի առաջնահերթ խնդիրները որո՞նք են:

-Հիմնական խնդիրը աւանդական արժէքներու պահպանումն է` երիտասարդներու հետ աշխատելով` անոնց մեր ազգային, մշակութային բոլոր արժեհամակարգերուն ծանօթացնելը, Հայոց պատմութեան դասերը սորվեցնելը, սերտ համագործակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ: Ներկայիս ներքին մեծ մարտահրաւէրներ ծառացած են ժամանակակից հասարակութեան առջեւ : Շատ կարեւոր է երիտասարդութեան ուշադրութեան կեդրոնին պահելը: Ամուսնութիւնը եւ ընտանի՛քն են հայ ժողովուրդի անխախտ արժէքները, որոնք պէտք է սրբութեամբ պահպանուին մեր երիտասարդներուն կողմէ` տուրք չտալով Արեւմուտքի կողմէ քարոզուող սեռային հաւասարութեան եւ հակակառուցողական սոցիալական այլ երեւոյթներուն: Աշխարհի խոշոր տէրութիւնները եւ անոնց զինակիցներն աշխոյժ աշխատանք կը տանին պատմական արժէքներու, ազգերու միասնութեան քայքայման,անոնց հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու հիմքերու խարխլման գիծով: Այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս  կը խեղաթիւրուի պատմութիւնը, ինչպէս  առաջ կը քաշուին գաղափարներ` մարդկութեան հիմնարար արժէքներու վերանայման գիծով, որոնք ոչ միայն կը խարխլեն բարոյականութեան անխախտ հիմքերը, այլեւ կ’ոչնչացնեն հասարակութեան պատմականօրէն ձեւաւորուած ձեւաչափերը, ներառեալ` նաեւ հայկականը: Հայաստան, ըլլալով հնագոյն քրիստոնէական պետութիւններէն, պէտք է շարունակէ պայքարիլ իր ազգային արժէքներու պահպանման համար, այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են` աշխատասիրութիւնը, ընտանիքը, յարգանքն` առ մարդկային արժանապատուութիւնը, անսահման սէրը Հայրենիքի նկատմամբ: Ատոնց մէջ անգհահատելի է Հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ դերը: Ելլելով վերոյիշեալէն` ըսեմ, որ ինքնավարութեան հիմնական խնդիրներէն մէկն ազգային աւանդական արժէքներու, Հայաստանի մշակոյթի, կենցաղի եւ պատմութեան պահպանումն ու զարգացումն է, Հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ հետ սերտ համագործակցութիւնը:

-Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ ունիք համաժողովէն:

 – Շատ ուրախալի էր մասնակիցներու աշխարհագրական պատկերը: Լաւագոյն տպաւորութիւններն ունիմ համաժողովէն. անմիջապէս երեւցաւ կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակը, որուն համար շնորհակալ ենք Հայաստանի կառավարութեան ու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:

 Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up