«Հայապահպանութեան Առաջին Եւ Կարեւոր Նախապայմանը Հայոց Լեզուն Օտար Ափերու վրայ Չկորսնցնելն Է». Եւգինէ Ղարիպեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ ըստ արժանուոյն կը գնահատէ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու ծաւալած ազգանպաստ գործունէութիւնը. օրերս  ՀՀ սփիւռքի նախարարը «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալով պարգեւատրեց Պոսթընի «Հայկական անկախ ձայնասփիւռ» ռադտիօժամի տնօրէն տիկին Եւգինէ Ղարիպեանը, որուն հետ «Հայերն այսօր»-ի համար զրուցեցի ռատիօժամի հիմնադրման, 37 տարի ծաւալած գործունէութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:

Տիկի՛ն Ղարիպեան, կը շնորհաւորեմ Ձեր եւ Ձեր երջանկայիշատակ ամուսնուն`  ռատիօժամի հիմնադիր Ժիրայր Ղարիպեանի ջանքերով ստեղծուած ու երբեք չդադրող ձայնասփիւռի հայանպաստ հաղորդումներուն համար մետալով պարգեւատրուելու առիթով:

-Այնչափ շնորհակալ եմ շնորհաւորանքի համար, շնորհակալ եմ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին` այս  թանկ  ու պարտաւորեցնող պարգեւին համար. շատ թանկ է  հէնց միայն  անոր համար, որ  Մեսրոպ Մաշտոցի անունով կը կոչուի: Հայաստան-Սփիւռք  գործակցութեան զարգացման նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու եւ Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար ՀՀ սփիւռքի նախարարը 2016թ. ինծի պարգեւատրած է նաեւ «Մայրենիի դեսպան» մետալով: Ի հարկէ, մենք կ’աշխատինք սիրով, առանց ակնկալիքներու, սակայն, անշուշտ, հաճելի է, որ Հայրենիքը կը գնահատէ մեր աշխատանքը:

Դուք Հայաստան  եկած էք կարեւոր առաքելութեամբ` մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին. ի՞նչ կը կարծէք, այս համաժողովը դրական արդիւնքներ կ’արձանագրէ՞ արդեօք Հայաստան-Սփիւռք  համագործակցութեան, կապերու առաւել զարգացման  առումով:

-Կը հաւատամ, որ շօշափելի արդիւնքներ կ’արձանագրուին: Շատ լաւ  կազմակերպուած էր համաժողովը: Ես այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ բոլորը սիրով կը  մասնակցէին:

-Ո՞ր  թեմաները  առաւել սրտամօտ էին ձեզի:

-Հայապահպանութեան խնդիրներուն առնչուող թեմաները, որովհետեւ այս հարցն օրէ օր կը դժուարանայ. դուրսը ապրող ընտանիքներու ծնողները կը ցանկան, որ իրենց երեխաները լաւ տիրապետեն անգլերէնը, եւ կամաց-կամաց  հայկական ընտանիքներն անգլիախօս կը դառնան: Հայկական դպրոցները վճարովի են, ուսման վարձն ալ թանկ է, ատոր համար շատե՛րն  իրենց երեխաները կ’ուղարկեն անվճար հիմունքներով  գործող ամերիկեան դպրոցներ: Հայապահպանութեան առաջին եւ կարեւոր նախապայմանը հայոց լեզուն  օտար ափերու վրայ չկորսնցնելն է:

Տիկի՛ն Ղարիպեան, խօսինք Ձեր` Պոսթընի մէջ հաստատուելու, ռատիօժամի ստեղծման պատմութեան եւ անոր երկարամեայ գործունէութեան մասին:

– Ամուսինս ծնած է Իրաք, 1959-ին մեկնած  Լոնտոն` ամբողջացնելու իր համալսարանական կրթութիւնը, որ աւարտած է 1964-ին, այնուհետեւ, գործի բերումով, գացած է Պարսկաստան եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած ՀՅԴ  պատանեկան միութիւններու ազգային-գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն: Ան հիմնադրած  եւ եղած է «Ալիք պատանեկան»-ի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալը: 1975-ին հրաւիրուած է  Ամերիկայի արեւելեան շրջանի ՀՅԴ-ի կողմէ եւ մինչեւ կեանքին վերջը հաստատուած Պոսթընի մէջ:  Իմ մասիս` ես ծնած եմ Պարսկաստան, ուսանելու գացած եմ`  Լոնտոն, ուր ալ հանդիպած եմ ապագայ ամուսնուս` Ժիրայր Ղարիպեանին. այն ժամանակ Լոնտոնի մէջ  շատ քիչ հայութիւն կար, բայց մենք կրցանք  հայերու լաւ խումբ մը  կազմել, միասին համագործակցիլ, հայապահպանական գործունէութիւն ծաւալել: Անոր մահէն յետոյ` արդէն  26  տարի, ես կը ղեկավարեմ ռատիոն: Ամուսինս մասնագիտութեամբ  լրագրող չէր, սակայն յետագային` 1977-ին, ընդունուեցաւ ու աւարտեց Պոսթընի համալսարանի լրագրութեան բաժինը` ստանալով մագիստրոսի տիտղոս:  1980-ի հոկտեմբերին  ան հիմնադրած է Պոսթընի «Հայկական անկախ ձայնասփիւռ» ռատիօժամը, որուն համար ինք գրած ու վարած է բազմաթիւ հաղորդումներ:  Ժիրայր Ղարիպեան  նաեւ գիրքերու, բանաստեղծութիւններու, մշակութային, քաղաքական բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է: Մեր ռատիօժամի մասին` ունինք 5 հոգինոց վարչութիւն, խօսնակներ, նիւթականի հետ երբեք կապ չենք ունեցած, ամուսինս չէր սիրեր գործ ունենալ այդ մասին հետ, մերը միայն ստեղծագործական աշխատանքն էր, ծրագիրներ կազմելը, հաղորդումներ պատրաստելն ու սփռելը, եւ այդ ամէնը` անվճար, կամաւոր հիմունքներով: Մեր տունը դարձած էր ռատիօ արուեստանոց. որոնք ըսէք` չեն եկած մեր արուեստանոցը`  Համօ Սահեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Վահագն Դաւթեան, Յակոբ Կարապենց, երգչուհի Մելանեայ Աբովեան, ասմունքող Սիլվա Եուզբաշեան  եւ այլոք:   Հիւրընկալած ենք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար յարգարժան Հրանոյշ Յակոբեանը: Շաբաթական մէկ անգամ մէկուկէս ժամով հեռարձակուող մեր  ռատիոն ունի լուրերու բաժին, գրական-գեղարուեստական, մանկապատանեկան հաղորդումներ: Չենք կրնար աւելի մեծ յաճախականութեամբ եւ աւելի շատ ժամաքանակով հեռարձակել մեր հաղորդումները, որովհետեւ  վարձը  շատ թանկ է: Ըսեմ, որ մէկուկէս ժամէն 15 վայրկեանը անգլերէնով կը հեռարձակուին հաղորդումները, որպէսզի մեր ռատիոյին միջոցով հայն ու Հայաստանը ծանօթացնենք նաեւ օտարներուն. անոնց շարքին մենք ունինք օտարերկրացի, անգլիալեզու բազմաթիւ ունկնդիրներ:

Ին՞չ  յաճախականութեամբ կու գաք Հայաստան:

-Երկու տարին անգամ մը կու գամ Հայաստան, այստեղ  յուղարկաւորուած է երջանկայիշատակ ամուսինս` լրագրող, խմբագիր, ազգային գործիչ Ժիրայր Ղարիպեանը: Ան միշտ կ’ըսէր, որ  մահէն ետք  զինք անպայման Հայրենիք բերենք, կ’ըսէր` ես բան չեմ ուզեր, ընդամէնը`  փայտէ խաչ մը…Վահագն Դաւթեանի խորհուրդով անոր յուղարկաւորեցինք Հայրենիքի մէջ: Ես երկու թանկ արժէքներ ունիմ այստեղ` Հայրենիքս եւ ամուսնուս շիրիմը:

Տէ ինչ, յարգարժա՛ն տիկին Ղարիպեան, յաջողութիւն  եւ երկարակեցութիւն  կը մաղթեմ «Հայկական անկախ  ձայնասփիւռ» ռատիօժամին` ակնկալելով, որ այդ  ձայնն օտար ափերու վրայ միշտ արթուն ու հայեցի  կը պահէ հայու հոգին, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-Սփիւռք յաջորդ համաժողովին Դուք եւս կ’ունենաք Ձեր գործուն մասնակցութիւնը:

Կարինէ  Աւագեան

 

Scroll Up