‹‹Համահայկական Համաժողովը Յաջող Ընթացք Ունեցաւ››.Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

‹‹Մեծապէս ուրախ եմ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ներկայ գտնուելու համար, կը կարծեմ` համաժողովը յաջող ընթացք ունեցաւ, բոլոր քննարկումներն արդիւնաւէտ էին: Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հայութիւնը մէկտեղուեցաւ` քննարկելով բոլորիս մտահոգութիւններն ու ընելիքները››,-‹‹Հայերն այսօր››-ի հետ զրոյցին ըսաւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան` աւելցնելով, որ կազմակերպուող այս համաժողովներն իրենց ուրոյն տեղը պիտի ունենան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Սրբազան հայրը, խօսելով Ռումանիոյ հազար տարիէ աւելի պատմութիւն ունեցող համայնքին մասին, տեղեկացուց, որ 3000 հայ  կ’ապրի, որոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացած են Պուխարեստի մէջ, հայեր կան գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ: Նշեց նաեւ, որ համախմբուած համայնք է, գործող հայկական կառոյցները համահայկական հարցերուն մէջ բռուցքուած են` հետամուտ ըլլալով Հայ դատի եւ Արցախի հիմնախնդիրի լուծման:

Անդրադառնալով հայկական համայնքի հոգեւոր կեանքին` ան ըսաւ, որ ռումանահայերը եկեղեցակեդրոն են, կը մասնակցին պատարագներուն` փորձելով հաղորդ ըլլալու բոլոր արարողութիւններուն: Սակայն համայնքին մէջ գերխնդիր կը մնայ խառնամուսնութիւններու, Մայրենիի պահպանման հարցը, քանի որ մարդոց ճնշող մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր:

 

 

 

Scroll Up