Համահայկական Խորհուրդն Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Անյետաձգելի Հրամայական. Շահան Գանտահարեան
«Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներն ունին հետեւողականութիւն ե՛ւ թեմաներու, ե՛ւ կառուցակարգային խնդիրներու, ե՛ւ մասնակիցներու, ե՛ւ հետապնդած նպատակներու առումով: Հետզհետէ կը ձեւաւորուի պետական տանիքի տակ համախմբուող կազմակերպ հայութեան ներկայացուցչական դրոյթը, որ պիտի յանգի նոր կառուցակարգի: Կը կարծեմ` այս Համաժողովը եւս պիտի կազմէ հետեւողական ռազմավարական շղթայի մէկ կարեւոր օղակը»,-անդրադառնալով սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովին` «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց, որ մասնակիցներուն թիւը, զեկոյցներու մասնագիտական որակը, տարբեր գերատեսչութիւններու ներգրաւումը ցոյց կու տան, որ անցումային շրջափուլի շեմին ենք` իբրեւ համահայկական հարթութիւն եւ Հայկական աշխարհ:
«Նկատի ունենալով այն, որ յոբելենական տարուան` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի նախաշեմին ենք, կը կարծեմ` բոլոր քննարկումներու առանցքը պիտի հանդիսանայ պետականութիւնն իբրեւ մեր համազգային գոյութեան կարեւորագոյն երաշխիքը:
Կ’ակնկալեմ, որ կեանքի կը կոչուի Համահայկական խորհուրդը, որուն առաջին նախադէպային փորձը փայլուն ձեւով աշխատեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգելու առումով: Համահայկական խորհուրդը անհրաժեշտութիւն է եւ անյետաձգելի հրամայական` իբրեւ թէ՛ հայրենական, բնականաբար, նաեւ` Արցախեան, թէ՛ Սփիւռքեան ռազմավարական նշանակութիւն եւ համահայկական տարողունակութիւն ունեցող հիմնախնդիրները համակարգելու եւ միասին աշխատելու առումով:
Կը կարծեմ` նախորդին նման Խորհուրդը կ’ունենայ նաեւ տարածաշրջանային խորհուրդներ կամ յանձնաժողովներ, որոնք կը համագործակցին եւ կը համադրեն իրենց ծրագիրները Համահայկական կեդրոնական խորհուրդին հետ»,-իր խօսքը եզրափակեց Շահան Գանտահարեան: