ՀՀ Նախագահին Մօտ Կայացած Խորհրդակցութեան Քննարկուած Են Հայաստան-Սփիւռք Վեցերորդ Համաժողովի Նախապատրաստման Եւ Համահայկական Խորհուրդի Ձեւաւորման Վերաբերող Հարցեր

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ այսօր տեղի  ունեցած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նախապատրաստման աշխատանքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ առկայ հիմնական մօտեցումներուն եւ այդ մարմնի կազմաւորման մեխանիզմներուն վերաբերեալ զեկուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ, կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներէն Գագիկ Յարութիւնեան: Յիշեալ մօտեցումներն ու մեքանիզմները, քննարկման առարկայ կը դառնան ս.թ. սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի նիստերէն մէկուն ընթացքին:

Հաշուի առնելով համահայկական նոր կառոյցի վերաբերեալ նախորդ տարիներու քննարկումները` Հանրապետութեան Նախագահը յանձնարարած է նախապատրաստել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նպատակներու, անդամակցութեան չափանիշներու, 2018թ. կայանալիք առաջին նիստի օրակարգի եւ աշխատակարգի նախագիծերը` շահագրգիռ բոլոր կողմերու, ներառեալ` սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու հետ համապատասխան քննարկումներու արդիւնքով:

Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը միաձայն ընդունուած էր դեռեւս 2015թ. սեպտեմբերին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստին, ուր Հանրապետութեան Նախագահը, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն ընթացքին ու յառաջիկայ ընելիքներուն շուրջ կայացած ծաւալուն քննարկումներն ամփոփելով, նշած էր, որ կը նկատուի յետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական շփումներու մշտական հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Նոյն նիստին ձեւաւորուած էր կազմակերպչական յանձնախումբ, որուն յանձնարարուած էր նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն, ներառական գործընթացք: Աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներ նշանակուած էին ՍԴ նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը եւ Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը:

 

 

 

Scroll Up