«Ծագումով Հայեր» Ծրագիրի 10-ամեակին Նուիրուած Համերգ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Ծիրէն Ներս

Սեպտեմբեր 19-ին Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծագումով հայեր» ծրագիրի 10-ամեակին նուիրուած համերգ:

Ձեռնարկին  ներկայ էին  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, մտաւորականներ, հիւրեր:

Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան ֆրանսահայ սիրուած երգչուհի Ռոզի Արմէնը, օփերայի երգչուհիներ Լուսինէ Լեւոնին, Էլլատա Չախոյեանը, Ուրֆան, երգիչներ Գոռ Սուջեանը, Սեւակ Խանաղեանը, Արծուիկը, տուտուկահար Վազգէն Ասատրեանը, թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանը, Հայաստանի Պետական Երիտասարդական նուագախումբը` Սերգէյ Սմբատեանի խմբավարութեամբ:

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան բարձր գնահատելով «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի առաքելութիւնը հայապահպանութեան ոլորտին մէջ` ստեղծագործական խումբին պարգեւատրեց Մշակոյթի նախարարութեան Ոսկէ մետալով:

Համերգի մասնակիցները ողջունեց իտալացի դերասանուհի Օռնելա Մուտին:

Ձեռնարկին  ելոյթ ունեցաւ ֆրանսահայ հեղինակաւոր երգիչ, երգահան Միշել Լեկրանը: Ան նշեց. «Հայաստանի մէջ զգացումներս միշտ շատ կ´ըլլան: Երջանիկ եմ Ձեզի հետ կիսելու այս երեկոն: Ես կապուած եմ Հայաստանի հետ, ինչպէս իմ մեծհայրս` Սարգիս Միքայէլեանը: 10 տարեկան էի, երբ ան մահացաւ, մինչ այդ մենք միասին  երաժշտութիւն կը ստեղծէինք»:

Համերգի աւարտին «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի հեղինակ Մանանա Յակոբեան, շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին, որուն բարձր հովանիին ներքոյ իրականացուեցաւ ձեռնարկը, Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն, ձեռնարկի հովանաւորներուն եւ հաղորդաշարի ստեղծագործական խումբին:

 

 

Scroll Up