Երեւանի ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Հայրենադարձ Նկարիչ Մարիամ Ղարիպեանի Ձեռագործ Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Յուլիս 26-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ Չեխիայէն հայրենադարձուած նկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիպեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան:
Արուեստագէտին մաղթելով ստեղծագործական նորանոր ձեռքբերումներ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ներկայացուց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, ուր մասնաւորապէս ըսուած էր. «Յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները` Մարիամ Ղարիպեանն արարել է, հոգեւոր սնունդ առել ու ստեղծագործելու պարարտ հող գտել` Հայաստան պարբերական այցելութիւնների ժամանակ: Մարիամն ինքնատիպ արուեստագէտ է, ով ունի իր ձեռագիրը եւ ում անչափ քնքուշ ու նուրբ հոգին արտացոլւում է աշխատանքներում, մասնաւորապէս` Այնթապի ասեղնագործութեան մէջ: Վստահ եմ, որ Մարիամի իրական յաջողութիւնները նոր պիտի թակեն դուռը, եւ մենք պիտի է՛լ աւելի հպարտանանք ու հիանանք նրանով թէ՛ որպէս նկարչի, թէ՛ որպէս ասեղնագործի, թէ՛ որպէս հագուստների ձեւաւորողի` Հայրենիքում եւ նրա սահմաններից դուրս»:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան նշեց, որ քաղաքապետարանը սիրով եւ հպարտութեամբ աջակցած է Մարիամ Ղարիպեանի աշխատանքներու ցուցադրութեան կազմակերպման:
Արուեստագէտին շնորհաւորեցին Հայկական արհեստներու զարգացման կեդրոնի փոխտնօրէն Անոյշ Շարամպէյեանը, նկարիչ-ձեւաւորող Նուռը, ոճաբան-մոտելաւորող Արամ Նիկոլեանը: Անոնք ընդգծեցին, որ Մարիամը, ժամանակակից զգեստներու ձեւաւորման մէջ օգտագործելով հայկական աւանդական ասեղնագործութիւնը, իր աշխատանքներուն մէջ իւրօրինակ ձեռագիրով համադրած է հինն ու նորը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Մարիամ Ղարիպեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` Հայրենիքի մէջ աշխատանքներու ցուցադրութիւնը կազմակերպելու եւ բարձր գնահատանքի համար: Հայրենադարձ նկարիչը իր երախտագիտութեան խօսքը յայտնեց նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին, նկարիչ-ձեւաւորող Նուռին աջակցութեան համար: «Ինծի համար այս ցուցահանդէսը ամենակարեւորն է, քանի որ կազմակերպուած է Հայրենիքի մէջ: Համոզուած եմ, որ մայր հողը ինծի ուժ կու տայ եւ դեռ պիտի ստեղծեմ արժէքաւոր աշխատանքներ»:
Մարիամի աշխատանքներու ցուցադրութիւններ կազմակերպուած են Եւրոպայի շարք մը երկիրներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ: Չեխիոյ մէջ բնակելու տարիներուն տեղի հայ համայնքին մէջ Մարիամը աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է` նկարչութիւն եւ ասեղնագործութիւն դասաւանդելով հայկական շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ:
Երեւանի մէջ Մարիամ Ղարիպեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 10 օր: