«Հայաստանէն Սէ՛ր Կը Տանիմ, Մեր Ժողովուրդին Հանդէպ Ունեցած Անսահման Կարօտն Ու Հայրենիքիս Անմահական Ջուրին Համը». Յակոբ Տունիայեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/08/1-8.jpg)
Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթին մէջ մշտապէս կարեւոր համարուած են գիրն ու գրականութիւնը, դպրութիւնը, առհասարակ` արուեստն ու մշակոյթը, եւ ատո՛նք են մեր գոյատեւման հզօր կռուանները: Ամենածանր, օրհասական տարիներուն անգամ հայ մտաւորականը պահած ու պահպանած է իր մատեանները, դպրոցներն ու վարժարանները, շարունակած արարել, տպագրել գիրքեր ու թերթեր: Հայ մամուլն անքակտելի մասը եղած է մեր հոգեւոր հարուստ ժառանգութեան. բազմաթիւ թերթեր, հանդէսներ, պարբերականներ լոյս ընծայած են մեր նշանաւոր գրողներն ու հրապարակախօսները, հասարակական-քաղաքական յայտնի գործիչները, բանաստեղծներն ու լրագրողները, արձակագիրները` Գաբրիէլ Այվազովսկին` «Բազմավէպ» հայագիտական, բանասիրական, գրական հանդէսի հիմնադիր-խմբագիր, Յարութիւն Սուաճեան` «Մեղու» երգիծաթերթի խմբագիր, գրող, Յակոբ Պարոնեան`«Խիկար» երգիծաթերթի հիմնադիր-խմբագիր: Մեր օրերուն կը շարունակուի մամուլի նկատմամբ ունեցած այս մեծ սէրը, նուիրումն ու հետաքրքրութիւնը: Որքան ալ նորարարական արհեստագիտութիւնները զարգանան եւ մեծ տարածքներ նուաճեն, միեւնոյնն է, տպագիր մամուլն անփոխարինելի եւ մնայուն արժէք է. այդ կը վկայէ նաեւ մեր օրերուն Պէյրութ հրատարակուող «Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթը, որուն հիմնադիր-խմբագիր Յակոբ Տունիայեանի հետ հարցազրոյց ունեցայ «Հայերն այսօր»–ի համար: Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
-Պարո՛ն Յակոբ, Ձեր հիմնադրած շքեղ ու բազմաբովանդակ «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի անունը ինծի յիշեցուց հայ մամուլի եւ տպագրութեան լաւագոյն ժամանակներն ու նշանաւոր հայ խմբագրապետերը. ինչպէ՞ս կրցաք հասնիլ նման տպագրութեան, ո՞րն է յաջողութեան գաղտնիքը:
-Նախ` շնորհակալ եմ, որ ինծի հարցազրոյց տալու առիթ ընձեռուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պարբերականին: «Ծաղիկ»-ը հիմնադրուած է 2004 թուականի ապրիլի սկիզբներուն, առաջին համարը լոյս ընծայուած է յունիս 8-ին` Արշակ Չոպանեանի մահուան 50-րդ տարելիցին օրը. նպատակային ընտրած ենք եւ՛ այդ օրը, եւ՛ շաբաթաթերթի «Ծաղիկ» անուանումը` նկատի ունենալով, որ Արշակ Չոպանեան 1894-95թթ. Պոլսոյ մէջ հիմնած է իր համանուն պարբերականը: Մեր շաբաթաթերթին սկիզբը լոյս կ’ընծայուէր 15 օր անգամ մը` ոչ գունաւոր, ոչ այնքան որակեալ: Յետագային` 2010-էն, սկսանք գունաւոր տպագրութիւնը, եւ այն դարձաւ շաբաթաթերթ:
-Նման շքեղ հրատարակութիւն մը ի՞նչ միջոցներով կը տպագրէք, արդեօք հովանաւորներ ունի՞ք…
-Այդ հարցն ինծի յաճախ կու տան. հովանաւորը իմ ժողովուրդս է, մեր ընթերցողները, կ’ունենանք նաեւ նուիրատուութիւններ: Պաշտօնապէս ո՛չ մէկ կուսակցութիւն, հոգեւոր կառոյց, կազմակերպութիւն մեզ չի հովանաւորեր: Մօտաւորապէս ունինք 800 բաժանորդ, որմէ գրեթէ 600-ը` Պէյրութի մէջ է, 200-ը` արտերկիր:
-Պարո՛ն Յակոբ, քանի՞ հոգիէ բաղկացած է Ձեր թերթի խմբագրակազմը:
-Հիմնականին մէջ ե՛ս կ’աշխատիմ. կը հաւաքեմ ինծի ուղարկուած նիւթերը, կը խմբագրեմ, կը սրբագրեն, կը գրեմ կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն մասին վերլուծական խմբագրականներ, նաեւ` գրական, մշակութային, միջազգային նիւթեր կը տեղադրեմ, ինչպէս նաեւ` թարգմանական նիւթեր. օրը 17-է 18 ժամ ես կ’աշխատիմ: Տարբեր երկիրներէ թղթակիցներ ունինք, Հայաստանէն ալ մեզի կը թղթակցին: Մենք ամէն անգամ կ’անդրադառնանք մեծանուն հայերու յոբելեաններուն եւ մեր ամսագիրի շապիկի երեսը կը ձեւաւորենք հէ՛նց տուեալ անհատի լուսանկարով, իսկ էջերուն վրայ կը ներկայացնենք յօդուած` անոր կենսագրական եւ ստեղծագործական գործունէութեան մասին. օրինակ` աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին, հանճարեղ Չարենցի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած, անցեալ տարի ներկայացուցինք երկու մեծագոյն երգիծաբաններ` Յակոբ Պարոնեանը Երուանդ Օտեանը: Մեր շաբաթաթերթուն մէջ հիմնականին մէջ տեղ կը գտնեն Հայրենիքին առնչուող հետաքրքիր լուրեր, նորութիւններ: Սեպտեմբեր 21-ի` Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով, կը նախատեսեմ մօտ 70 էջնոց տպագրութիւն ունենալ: Քաղաքական նիւթերն աւելի շատ մեր ազգային խնդիրներուն կ’առնչուին:
-Պարո՛ն Յակոբ, մասնագիտութեամբ բանասէ՞ր էք, լրագրո՞ղ …
-Ո՛չ, ես աւարտած եմ Երեւանի փոլիտեխնիքական ինստիտուտը, սակայն իմ ամբողջ կեանքս զբաղած եմ գրականութեամբ:
-Պատահաբար չէ՞ք ստեղծագործեր` արձակ, բանաստեղծութիւններ…
-Ես կը ստեղծագործեմ. բանաստեղծութիւններ կը գրեմ, նաեւ պատմուածքներ ունիմ: Երկու հատոր բանաստեղծութիւններ ունիմ տպագրուած, սակայն անտիպներն աւելի շատ են: Մինչեւ «Ծաղիկը»-ը հիմնելը` 90-ականներուն ես «Զարթօնք» օրաթերթի մշակութային, գրական բաժինին մէջ աշխատած եմ, ուր ցանուցիր` նաեւ մեր գրական էջերը կան. կրնայ ` օր մը ատոնք ամփոփեմ մէկ հատորի մէջ:
-Ձեր շաբաթաթերթի լեզուն միայն արեւմտահայերէնն է. ցանկութիւն չունի՞ք նիւթերու մէկ մասը տպագրել որեւէ օտար լեզուով` առաւել մեծցնելու ընթերցողներու ու բաժանորդներու թիւը` ի դէմս օտարալեզու ընթերցողներու:
-Սկիզբը մեր արտօնագիրը տրուած էր հայերէն եւ արաբերէն լեզուներուն համար. եթէ արաբերէն ալ տպէինք, պէտք է որոշակի գումար աւելցնէինք: Ես ցանկացայ շարունակել հայերէնով, որովհետեւ այնքան շատ են արաբերէն լեզուով թերթերը: Օտարալեզու բաժանորդներ ունենալու համա՛ր շատերը անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուներով էջեր կ’ունենան. եթէ մեր շաբաթաթերթի ընթերցողը ցանկութիւն ունենայ օտար լեզուներով կարդալու, կը դիմէ օտարալեզու թերթերու, որովհետեւ մենք այդ թերթերէն կ’արտատապենք:
-Պարո՛ն Տունիայեան, մենք վաղ ժամանակներէն ունեցած ենք հրաշալի խմբագիրներ. ո՞վ է Ձեզի համար լաւագոյն խմբագրապետի օրինակը:
-Ես կը սիրեմ բոլոր խմբագիրներու խմբագրած թերթերը` սկսած Երուանդ Օտեանի, Պարոնեանի, Թէքէեանի եւ այլոց խմբագրած թերթերէն: Շատ կը սիրեմ իմ ուսուցիչիս` սերունդներու ուսուցիչ Վահէ Վահեանի խմբագրած «Անի» հանդէսը, նաեւ Թէքէեանի երկրպագուն եմ. մեր նշանաւոր խմբագիրներու խմբագրած թերթերն ու հանդէսները ինծի համար ուսանելի եղած են, սակայն աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Վահէ Վահեանը:
– ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ըստ Ձեզի, ինչպիսի՞ դերակատարում ունի սփիւռքահայերուն համար:
-ՀՀ սփիւռքի նախարարին հանդիպած եմ Պէյրութ եւ անոր կողմէ պարգեւատրուած եմ «Մայրենիի դեսպան» պատուաւոր մետալով, իսկ երկու տարի առաջ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած եմ ոսկէ մետալով: Եթէ Սփիւռքի հայերը հպարտանալու բան մը ունին, ատիկա Հայաստանն է: Սփիւռքի նախարարութիւնը լուսատու փարոս մըն է, որ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւններէն մոլորեալ հայորդիներուն կը կապէ Հայրենիքին: Ես առաջին անգամ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութիւն կ’այցելեմ, սակայն մշտապէս կը հետեւիմ անոր բոլոր հրապարակումներուն, որոնց միջոցով դուք կը կարենաք լուսաբանել Սփիւռքի նշանաւոր հայերու ծաւալած ազգանպաստ, հայապահպան գործունէութիւնը եւ, առհասարակ, դուրսը ապրող հայերուն կապել Հայրենիքին:
-Իմ վերջին` աւանդական, տարիներ շարունակ բազմաթիւ սփիւռքահայերու տրուող հարցս` ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:
-Հայրենիք ըսելով` ես կը հասկնամ ժողովուրդ, եկեղեցի եւ պատմութիւն. այս անքակտելի եռամիասնութիւնն է ինծի համար Հայրենիքը: Հայրենիքը մնայու՛ն արժէք է:
– Ձեր սրտին , հոգիին մէջ ի՞նչ կը տանիք Հայաստանէն:
-Սէ՛ր կը տանիմ, Հայաստանի քաղցր, անմահական ջուրին, մեր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած անսահման կարօտը կը տանիմ սրտիս մէջ: Ես կը հաւատամ մեր Հայրենիքի վարդահեղեղ ապագային:
Ահա այս` Հայաստանի վարդահեղեղ ապագայի ոգեւորիչ տեսլականով ալ կ’աւարտեմ իմ հարցազրոյցս Պէյրութի «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիր, բանաստեղծ, հրապարակագիր Յակոբ Տունիայեանի հետ` «Գրական ղօղանջներ, «Գրական գոհարներ», «Միջազգային գրական գոհարներ» «Բաբախումներ արեւմտահայ գրականութենէն» եւ բաւականին հետաքրքիր այլ խորագիրներով, հայ եւ համաշխարհային գրականութեան գոհարներով, մեծ մտածողներու մտքերով, Հայրենիքի կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին նիւթերով, միջազգային նորութիւններով, թարգմանութիւններով, նշանաւոր հայերու յոբելեաններն արտացոլող նիւթերով, հայ դասականներու չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւններով յագեցած «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի բազմաբովանդակ գործունէութեան եւ անոր արհեստավարժ ու մեղուի պէս ժրաջան խմբագիրին, հայ մամուլի անխոնջ մշակին մաղթելով բազմաբեղուն գործունէութիւն:
Կարինէ Աւագեան