«Սփիւռքի ՄԷջ Եկեղեցւոյ Ծոցին ՄԷջ Գտած Ենք Մեր Ինքնութիւնը Եւ Այն Պահպանելու Խորհուրդը».Տէր Ներսէս Քահանայ Խանանեան

Սփիւռքի մէջ ազգային ներուժի համախմբման, հայապահպանութեան ու մատաղ սերունդին քրիստոնէական դաստիարակութիւն տալու հարցով, անխօս, անուրանալի է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դերը: Հայ եկեղեցին գործուն մասնակցութիւն կ’ունենայ նաեւ եկեղեցիներուն կից դպրոցներու, կրթական այլ հաստատութիւններու ստեղծման եւ զարգացման գործին մէջ, որոնց անհրաժեշտութիւնը առաւել քան երբեք ժամանակի հրամայական է:

Այս եւ առանցքային այլ հարցերու շուրջ  «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է ՌԴ Տուէր քաղաքի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ներսէս քահանայ Խանանեանի հետ:

Տէր Ներսէ՛ս, ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս` Տուեր քաղաքին մէջ, ազգային ներուժի համախմբման, հայու ինքնութեան, հոգեւոր արժէքներու պահպանման ու  տարածման, ինչպէս նաեւ`  հայութիւնը մայր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու համար:

-Ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, այսօր ալ` Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ անփոփոխ է. այն եղած է եւ  կը  մնայ հայութեան  ինքնութեան պահպանման երաշխիքը, փրկութեան փարոսը, առաջնորդող ուժը դէպի  ապահով ու բարօր ժամանակներ: Ինչպէս անցեալին  եկեղեցւոյ ծոցին մէջ գտած ենք մեր ինքնութիւնը եւ այն պահպանելու խորհուրդը, այնպէս ալ` այսօր, մեր հայրերու ուխտին հաւատարիմ` հայութիւնը համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ:

Մեր հոգեւոր կեանքը, մշակոյթն ու պատմութիւնը կերտելու ճանապարհները տարբեր են ու բազմազան`կը կազմակերպենք հոգեւոր զրոյցներ, եկեղեցական եւ ազգային տօներուն նուիրուած ձեռնարկներ:Անշուշտ, նաեւ մեծ դեր ու նշանակութիւն ունի յատկապէս մատաղ սերունդի հոգեւոր դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, քահանայի ամէնօրեայ անձանձիր աշխատանքը համայնքի իւրաքանչիւր անդամի հետ:

Տուերի հայ երիտասարդները կ’այցելե՞ն եկեղեցի, հոգեւոր կեանքով կ’ապրի՞ն:

-Ընդամէնը երեք ամիս է, որ  Տուերի հայկական եկեղեցւոյ մէջ ամէնօրեայ ժամերգութիւններ կը կատարուին ու կիրակնօրեայ պատարագներ կը մատուցուին: Դեռ  չեմ կրնար ըսել, որ եկեղեցւոյ` դէպի աղօթատուն կանչող ղօղանջը հասած է Տուեր ապրող ամէն  հայ երիտասարդի: Անոնցմէ շատերուն  աշխուժութեամբ ուրախանալու առիթներ ունեցած եմ: Երբ  դեռ չօծուած եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ժամերգութիւն կատարեցի,  խումբ մը երիտասարդներ մօտեցան զիս եւ  կրօնական թեմայով բազում հարցեր տուին` քրիստոնէական կեանքով ապրելու, եկեղեցին կանգուն պահելու, հաւատքը չուրանալու մասին: Հասկցայ, որ երիտասարդները հոգեւոր քաղց ունին ու այդ ծարաւը միայն հոգեւորականը կրնայ յագեցնել: Զարմանքս միախառնուած էր ուրախութեանս հետ այն պարզ պատճառով, որ վիրթուալ իրականութեան մէջ ապրող երիտասարդը կը հետաքրքրուի հոգեւոր կեանքով:

Երբ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութեամբ նշանակուեցայ Տուեր քաղաքի հոգեւոր հովիւ, առաջին գործս այդ երիտասարդները եկեղեցի բերելը եղաւ: Ստեղծեցի «Վէմ» եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւնը: Ի դէպ, միութեան անունը պատահական չեմ ընտրած:Այս երիտասարդները պէտք է ըլլան այն հիմնաքարը` վէմը, որուն վրայ  պիտի կառուցուի Տուերի հոգեւոր-ազգային կեանքը:

Այսօր արդէն «Վէմ»-ի անդամներուն շնորհիւ` բազում ծրագիրներ իրագործած ենք: Ասիկա կու գայ մէկ անգամ եւս վկայելու, որ հաւատքը առանց գործերու մեռած է: Երիտասարդները ոչ միայն քրիստոնեային վայել առաքինի պահուածքով, եկեղեցւոյ հետ ամէնօրեայ կապ պահպանելով, այլեւ բարի գործերով կը վկայեն իրենց ճշմարիտ հաւատքին մասին:

Ե՞ րբ  կառուցուած է  Տուերի սբ. Յարութիւն եկեղեցին:

-Տուերի հայկական եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը կատարուած է 2000 թուականին: Բուն  շինարարութիւնը սկսած է  2007  թուականին, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ճարտարապետական բաժինը կը լրացնէր մշակումն ու կը հաստատէր եկեղեցւոյ նախագիծը:

Տուերի հայկական եկեղեցին կառուցուած եւ նուիրուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700–ամեակին:Հայկական ճարտարապետութեան աւանդոյթներով կառուցուած տուֆակերտ եկեղեցին թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արք. Ներսիսեանի ձեռամբ օծուած եւ պաշտօնապէս բացուած է 2016 թուականի Հոկտեմբեր 8 –ին` Սուրբ թարգմանիչներու տօնին: Այդ օրուընէ սկսած Հայ Եկեղեցւոյ յաղթական խաչը պարզուեցաւ դէպի երկինք ու հովանի դարձաւ քաղաքի հայութեան համար:

– Ե՞ րբ   սկսած էք հոգեւոր ծառայութիւնը Տուերի մէջ:

-Տուեր քաղաքի հայկական համայնքը միշտ եղած է Եզրաս սրբազանի հոգածու ուշադրութեան ներքոյ: Քանի դեռ կը կառուցուէր եկեղեցին,  Մոսկուայէն կ’այցելէին հոգեւորականներ, եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարէին, ծանօթանալով համայնքի անդամներուն հետ, կը կիսէին անոնց հոգը, օգտակար խորհուրդներով կը քաջալերէին ու կը մխիթարէին մարդոց: Ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ, որ Տուերի հայկական համայնքին մէջ հոգեւորականի ու հաւատացեալի միջեւ կենդանի կապը միշտ եղած է: Երբ արդէն եկեղեցին պատրաստ էր լիարժէք գործելու, թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ նշանակուած եմ ծառայութեան` որպէս մշտական հոգեւոր հովիւ:

Սփիւռքի մէջ հոգեւորականը ի՞նչ խնդիրներու հետ կը բախուի:

-Կը կարծեմ` ամենագլխաւոր խնդիրը հայ մարդուն մէջ ազգային ինքնագիտակցութիւնը վառ  պահելն է: Գաղտնիք չէ, որ հայրենիքէն հեռու ապրող հայութիւնը ձուլման եզրին է եւ  հոգեւորականը պարտաւոր է ու պատասխանատու իր հոտի ամէն մէկ անդամին համար ոչ միայն հոգեւոր սնունդ մատուցելու, Աստուծոյ խօսքը քարոզելու, այլ նաեւ մարդոց ազգային գաղափարի շուրջ միաւորելու, հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ապահովելու առումով:

Հայապահպանութեան ուղղուած կարեւոր նախաձեռնութիւն է եկեղեցւոյ մէջ կից  Հայորդաց տուն հիմնելը:Ի՞նչ ծրագիրներով  կեդրոնը հանդէս կու գայ:

– Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ժամանակներէն ի վեր հայ դպրութիւնը եղած է մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանող գլխաւոր օղակներէն մէկը: Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Հայորդաց տունը նոյն այդ առաքելութեան պիտի ծառայէ: Այն պիտի  դառնայ  հոգեւոր, մշակութային, ազգային, կրթական կեդրոն, որուն խնդիրն  է սաներուն  մէջ ամուր պահել ու զօրացնել  սէրը դէպի Մայր Եկեղեցին, Հայրենիքը եւ Մայրենին:

Նորաստեղծ  հայորդաց տունը քանի սան ունի եւ  ի՞նչ խմբակներ կը գործեն:

-Հոգիի անհուն ուրախութիւն է մեզի համար, որ ծնողները կը գնահատեն ու  կ’արժեւորեն հայեցի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը` որեւէ ջանք չխնայելով հանգստեան օրերուն երեխաները կեդրոն բերելու համար: Հարիւրէ աւելի թոթովախօս սան ունինք:Անոնցմէ շատերը հայերէն գրեթէ չեն գիտեր, յուսամ` տարուան վերջը մեր ոսկեղինիկ մայրենիով ոչ միայն կ’աղօթեն, այլեւ կ’արտասանեն ու կ’երգեն: Կեդրոնին մէջ կը դասաւանդուի հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայոց լեզու եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն, կ’իրականացուին հոգեւոր զրոյցներ, որպէս յաւելեալ դասաժամ` կ’ուսուցանենք նաեւ անգլերէն: Ունինք  գրադարան, երկու դահլիճ` ցուցահանդէսներ իրականացնելու համար: Շուտով պիտի գործեն ճատրակի, ձեռագործութեան եւ թատրոնի խմբակներ: Այստեղ կը հաւաքուին եւ ամէն շաբաթ  ժողովներ կը գումարեն  «Վէմ» երիտասարդաց միութեան անդամները:

Ին՞չ խնդիրներ ունի Տուերի հայկական համայնքը:

– Հայը ուր ալ ապրած է, միշտ  արարած  ու բարի համբաւ  ունեցած է: Տուերի  հայութիւնն ալ գործունեայ ու աշխոյժ կեանքով կ’ապրի, որուն համար փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ Տիրոջ` իր շնորհաշատ օրհնութիւնն ու ողորմածութիւնը հայցելով հայորդաց բարօր, անվտանգ ու ապահով կեանքին համար: Մեծ խնդիրներ չկան, կազմակերպուած համայնք է. մարդիկ կ’ապրին իրենց ամէնօրեայ հոգերով եւ ուրախութիւններով:

  Ի վերջոյ, համայնքի կազմակերպուածութեան մասին կը խօսի քաղաքի կեդրոնին մէջ վեր յառնած հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է տեղի հայերու համախմբուածութեան շնորհիւ, որպէս առհաւատչեայ նուիրուածութեան, սիրոյ ու հաւատարմութեան առ մեր սուրբ նախնիներու ժառանգութիւնը, եկեղեցական ու ազգային նուիրական արժէքները:

 –ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ կը համագործակցի՞ք, համատեղ ի՞նչ աշխատանքներ իրականացուցած էք:

-Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանքեց մեր խնդրանքին եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` պիտի տրամադրեն դասագիրքեր`Հայորդաց տան սաներուն համար: Կը կարծեմ` այս համագործակցութիւնը ժամանակի ընթացքին կ’ընդլայնուի`ի շահ հոգեւոր, ազգային կեանքի եւ ազգային ներուժի համախմբման:

Գէորգ Չիչեան

 

 

Scroll Up