«Լրագրութիւնը Այն Եզակի Մասնագիտութիւնն Է, Որ Կը Գտնուի Ներկայի, Անցեալի Եւ Ապագայի Կիզակէտին». Արամ Անանեան

Հոկտեմբեր 20-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Լրագրողներու համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին հնչեցին Սփիւռքի եւ Հայաստանի  շարք մը լրատուամիջոցներու  ներկայացուցիչներու ելոյթներ: Անոնց այս համաժողովին միաւորած են լրագրողական դաշտին առնչուող այլեւայլ խնդիրներ, մտահոգութիւթիւններ, որոնց լուծման ճանապարհներն անպայմանօրէն համագործակցութեան արդիւնքին մէջ կը գտնուին: Այդ հարցերուն շուրջ ալ ծաւալեցաւ «Հայերն այսօր»-ին համար իմ զրոյցս «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանի հետ:

Պարո՛ն Անանեան, ես կարդացի Ձեր զեկուցման թեման`«Լրատուութեան ապագան: ժամանակակից լրատուական միտումները` համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման ծիրէն ներս». անշու՛շտ, կարեւոր թեմա է լրագրութեան ապագան, սակայն պակաս կարեւոր չէ լրագրութեան ներկան. ո՞րն է Ձեզ մտահոգող ամենակարեւոր խնդիրը այդ ոլորտին մէջ:

-Լրագրութիւնը այն եզակի մասնագիտութիւնն է, որ կը գտնուի ներկայի, անցեալի ու ապագայի կիզակէտին: Որքան մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ կ’աւելնան ու կ’արագանան փոփոխութիւնները, այնքան լրագրութիւնը կը տեղափոխուի դէպի ապագայ. ատիկա, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ մենք ճշմարտութիւնն ու իրականութիւնը արձանագրելու փոխարէն պէտք է գլխակորոյս նետուինք կանխատեսումներու դաշտ, այլ այն, որ  խնդիրները, որոնք մեր մասնագիտութեան առջեւ պիտի ծառանան 5-10-15 տարի ետք, շատ աւելի արագ կը դառնայ առօրէական: Այս առումով 5 կարեւոր միտումներ կան, որոնցմէ մէկը արհեստագիտութիւններու զարգացումն է, երկրորդը, որն այսօր խիստ ակնյայտ է, բովանդակութեան համար կատաղի պայքարն է, երրորդը արհեստագիտութիւններու զարգացման զուգահեռ լրատուամիջոցներու թիւի աճն է, չորրորդը` պետութիւն-լրատուամիջոցներ-գործարարութեան ձեւաչափերու փոփոխութիւնը եւ հինգերորդը` մասնագիտական առումով ամենակարեւորներէն մէկը, լրատուութեան բարոյագիտութեան  խնդիրները, որոնք նոյնպէս ձեւափոխումներու կ’ենթարկուին: Սա՛ է հարցերու  այն մօտաւոր շրջանակը, որոնց ես կ’անդրադառնամ, որովհետեւ այդ համաշխարհային միտումները այս կամ այն չափով կ’ազդեն նաեւ համահայկական լրատուական իրականութեան վրայ:

Ծնելով ու մեծնալով  ճանչցուած մտաւորական`  հայերէնասէր ու հայրենասէր Լեւոն Անանեանի ընտանիքին մէջ, կը կարծեմ` Ձեզի ալ  ժառանգաբար փոխանցուած են  այդ արժէքները,  եւ Դուք, որպէս հայ  ու լրատուամիջոցի ղեկավար, անշուշտ, պէտք է մտահոգուած ըլլաք  հայոց լեզուի  վիճակով մեր լրատուամիջոցներուն մէջ:

-Ի հարկէ՛, այդ մտահոգութիւնը կայ. մեծցած է լրատուամիջոցներու թիւը, եւ  ատիկա  չի կրնար բացասաբար չազդել թէ՛ լեզուի, թէ՛ մատուցուող լրատուութեան որակին վրայ, որովհետեւ առաջարկի եւ պահանջարկի  հաւասարակշռութեան բացակայութիւնը մեզի կանգնեցուցած է մէկ իրողութեան առջեւ, երբ խմբագիրները, լրատուամիջոցներու ղեկավարները շատ սահմանափակ ընտրութիւն կ’ունենան` զտելու լաւ կազմեր: Ըսեմ նաեւ, որ մեր բազմաթիւ լրատուամիջոցներու տնտեսական վիճակն ալ նախանձելի չէ, եւ ատիկա ալ  լրացուցիչ սահմանափակումներ կը ստեղծէ, սակայն  ատոնք արդարացում չեն կրնար ըլլալ, եւ հայոց լեզուն, լրատուամիջոցներու հայերէնը այդ ամէնէն պէտք չէ տուժէ. իւրաքանչիւրը, որ ինքզինքը կը  տեսնէ այդ ոլորտին մէջ, պէտք է մեծագոյն պատասխանատուութեամբ վերաբերուի հայոց լեզուին:

Համամի՞տ էք արդեօք ստեղծուած այն կարծիքին, թէ համացանցը, կայքերը  մեր կեանքէն դուրս կը մղեն տպագիր մամուլը:

-Ես կը կարծեմ, որ պատմութիւնը փաստած է, եւ կապի որեւէ միջոց, տպագիր մամուլ չէ անհետացած. եթէ այն ըսելիք ու ընելիք ունի, երբեք չանհետանար, պարզապէս կրնար փոխուիլ կրիչները, կրնայ փոխուիլ արհեստագիտութիւնը, սակայն  չանհետանար այն լրատուամիջոցը, որ կ’առաջարկէ ինքնատիպ, հետաքրքիր, բովանդակալից նիւթեր`անկախ կրիչէն. խնդիրը կրիչը չէ, այլ` բովանդակութիւնը:

Որքանո՞վ  կարեւոր կը համարէք  նման համաժողովները, եւ արդեօք  զգալի, շօշափելի՞ է ատոնց արդիւնաւէտութիւնը:

-Սա արդէն 8-րդ համաժողովն է, որ համընկած է  Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին, ատոր մէջ ալ մեծ խորհուրդ կայ: Փաստը կը վկայէ, որ համաժողովներաւ նման ձեւաչափերը խիստ պահանջուած են. միայն մենք չենք, որ այս ձեւաչափով համաժողովներ կ’ընենք: «Արմէնփրէս»-ը Հայաստանի ամենամեծ միջազգային ներգրաւուածութիւն ունեցող լրատուամիջոցներէն է. մենք շուրջ 20 գործակալութիւններու հետ երկկողմ յարաբերութիւններ ունինք,  քանի մը միջազգային լրատուական կազմակերպութիւններու անդամ ենք եւ կը տեսնենք, թէ մեր գործընկերները իրենց երկիրներուն մէջ ինչպէս կը կազմակերպեն նման համաժողովներ: Այսինքն` այսպիսի համաժողովները պահանջուած են, եւ կ’ակնկալեմ, որ քննարկումները կ’ըլլան նոյնքան արդիական, որովհետեւ խորագիրը Հայոց պետականութեան շուրջ համախմբուիլն է:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up