Գէորգ Չաքմանեան.«Խորհուրդ կու տամ`գոնէ մէկ անգամ գիշերել սահմանամերձ գիւղերու մէջ»
«Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Լոս Անճելըսի «Կանթեղ» եւ «Տարօն» աշուղական երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար, ժողովրդական երգիչ Գէորգ Չաքմանեանի հետ:
Երգիչը այս անգամ յատուկ առաքելութեամբ ժամանած էր Հայաստան: Տաս օր շարունակ բարեգործական համերգային շրջագայութիւններու մեկնած էր Տաւուշի մարզի սահամանամերձ շրջաններ` իր երգերով բնակիչներուն, դիրքերու մէջ կենաց-մահու պայքար մղող զինուորներուն ոգեւորելու, գորշ առօրեան ցրելու եւ անոնց ըսելու, որ միայնակ չեն…
-Պարո՛ն Չաքմանեան, սահմանամերձ շարք մը շրջաններու մէջ համերգներ ունեցած էք: Որ՞ն էր բուն շարժառիթը:
-Տեղեկանալով, որ Օգոստոս ամսուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրադրութիւնը կրկին լարուած է, միտք յառաջացաւ սահմանամերձ գօտիներու մէջ ապրող հայրենակիցներուս համար բարեգործական համերգներ կազմակերպել: Այս քայլով որոշեցի փոքրիկ ներդրում ունենալ բնակիչներու հոգերը թօթափելու եւ օրը ուրախութեամբ լեցնելու գործին մէջ: Բնականաբար, ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահեցի նաեւ մեր քաջ զինուորները. անոնց հոգիներուն հայրենասիրութիւն, ուժ, կորով հաղորդելու համար անհրաժեշտ է հայկական երգերուն հաղորդակից դարձնել, որուն շնորհիւ առաւել հպարտութեամբ եւ յոյսով կը լեցուին:
Իմ հիմնած «Կանթեղ» աշուղական երգչախումբի երգիչներէն Էտիկ Օհանեանի հետ միասին եկանք Հայաստան` որոշումը իրականութիւն դարձնելու նպատակով:
Մինչ մեկնիլը սահմանամերձ գիւղեր` նախ հանդիպեցանք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Ան, իմանալով նախաձեռնութեանս մասին, շատ ուրախացաւ եւ խրախուսեց զիս: Կատարածս աշխատանքը միշտ բարձր գնահատուած է նախարարին կողմէն, որուն համար այնչափ շնորհակալ եմ: Անխօս, տիկին Յակոբեան հայկական մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու ջատագովներէն է:
-Իսկ ուրկէ՞ սկսաք համերգային շրջագայութիւնը:
-Համերգները մեկնարկեցինք Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքէն: Իջեւանի Մշակոյթի պալատին մէջ համերգը աւարտելէ յետոյ բարձրացանք զօրամասերէն մէկը, ուր 150 զինուորներու համար երգեցինք: Իսկ վերջաւորութեան, երբ «Հայոց աղունակ» եւ «Ա՜խ իմ հայրենիքի ջուրը» երգերը կատարեցի, զօրամասի նուագախումբը նուագակցեցաւ զիս, որմէ շատ ազդուեցայ եւ յուզուեցայ: Աշխարհի տարբեր երկիրներու նուագախումբերու հետ երգած եմ, սակայն այս մէկէն ստացած տպաւորութիւններս ամէն ինչէ վեր էր ինծի համար:
Երկրորդ օրը ուղեւորուեցանք Մովսէս գիւղ, որ Հայաստանի դարպասն ու բանալին կը համարուի: Այստեղ երկրորդ անգամ համերգ կ’ունենայի: Ի դէպ, երբ Հայաստան կու գամ, պարտադիր կ’այցելեմ սահմանամերձ շրջաններ:
Մովսէս գիւղի համերգին 400 հոգի ներկայ էր: Նայելով անոնց` կը մտածէի, որ բացառիկ ժողովուրդ են. նոյնիսկ այդ ծանր պայմաններուն մէջ կը փորձէին ծիծաղիլ եւ ուրախանալ:
Համերգին օրը զուգադիպեց գիւղին մէջ աշակերտերուն կողմէ տօնախմբուող «Ոսկէ աշուն» երգի, պարի եւ ասմունքի ձեռնարկին, որմէ ժողովուրդին խանդավառութիւնը աւելի կրկնապատկուեցաւ. մինչեւ ուշ երեկոյ տօնական տրամադրութիւնը կը թեւածէր Մովսէսի մէջ:
Մովսէսի մէջ մեզի ուղեկցեցին նաեւ սահմանային դիրքեր` հանդիպելու զինուորներուն: Ճանապարհը դժուարին էր. ընդամէնը մէկ ինքնաշարժ յառաջանալու տեղ կար, իսկ դիմացը`միայն ձոր էր: Անտեսելով այդ պայամանները` 4 քմ հատեցինք: Դիրքերուն մէջ մեզի հաճելի անակնկալ կը սպասուէր. զինուորներէն մէկուն` Արշակին, ծննդեան 20-ամեակն էր: Իմանալով այդ մասին` որոշեցինք միահամուռ ուժերով յոբելեարի օրը տօնի վերածել: Զինուորները ամէն բան ըրին, որ իրենց ընկերը լիաթոք ուրախանայ: Սասնայ, Մշոյ երգ-պարերու ուղեկցութեամբ Արշակին լաւ մը պարեցուցինք` մոռնալով, որ քանի մը քիլոմեթր այն կողմ թշնամիի խրամատներն են:
Վերջաւարութեան Արշակը, ուրախութենէն փայլող աչքերով, ըսաւ, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին իր 20-ամեակը յիշողութենէն պիտի չի ջնջուի:
– Այդ օրերուն ընթացքին այլ խոչընդոտներու հանդիպեցա՞ք:
-Այն, ինչ տեղի ունեցաւ, ոչ թէ խոչընդոտ, այլեւ փորձանքէ փրկուիլ կարելի է համարել:
Ըստ ծրագիրի` վերջին համերգը Բաղանիսի մէջ էր, որ Հոկտեմբեր 24-ին տեղի ունեցաւ: Երբ Բաղանիսի մէջ համերգային շրջագայութիւնը բարեյաջող աւարտեցինք եւ հասանք Երեւան, իմացանք, որ մեզմէ անմիջապէս յետոյ գիւղը կրկին գնդակոծուած է…
Առհասարակ, պէտք է տեսնել, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ’ապրին այնտեղի մարդիկ. մութը իյնալուն պէս, անվտանգութեան առումներով, բնակարաններու եւ փողոցներու ելեկտրականութիւնը կ’անջատեն, երթեւեկութիւնը կը դադրի, որպէսզի թշնամին լոյսի ուղղութեամբ չկրակէ: Իսկ գիւղի բնակիչները, զինուորներուն հետ հերթափոխով կը հերթապահեն,բնաւ, միայնակ չեն ձգեր:
Հիացած եմ աշակերտներու հոգատարութեամբ եւ արիութեամբ: Երբ ուսուցիչները դուրսը կը գտնուին եւ կրակոցներ կը հնչեն, երեխաները տագնապած կը վազեն անոնց մօտ` խնդրելով ներս մտնել:
Մէկ խօսքով, բառերով չեմ կրնար նկարագրել այն ապրումներն ու հպարտութիւնը, որոնցմով այդ օրերուն լեցուած էր հոգիս: Ականատես ըլլալով հերոս-զինուորներու անկոտրում ոգին եւ հայերնասիրութիւնը` կ’ուզէի բոլորին եղբայրաբար փարուիլ եւ խոնարհիլ անոնց առջեւ: Հրաժեշտ տալուս` բոլորին աչքերուն մէջ հանգստութիւն զգացի, հոգեպէս խաղաղ եւ աւելի ինքնավստահ դարձած էին:
–Պարո՛ն Չաքմանեան, Ձեր նախաձեռնութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ՞:
-Արդէն ծրագրած եմ գարնան կրկին համերգներ կազմակերպել սահմանամերձ այն շրջաններուն մէջ, ուր չհասցուցի երթալ: Իմ երգերովս կը ներկայանամ Չինարիկ, Այգեպար եւ միւս գիւղերու բնակիչներուն:
Կոչս է արուեստագէտ ընկերներուս, երգիչ-երգչուհիներուն, առհասարակ բոլոր սրտացաւ մարդոց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ սահամանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, պէտք չէ կեդրոնանալ միայն Երեւանի շուրջ, ուր ամէն քայլափոխի մշակութային տարբեր ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան: Բոլորիս գերխնդիրը անոնց ամէն կերպ աջակցիլ ու յոյսով ներշնչել, որպէսզի լքուած չզգան: Խորհուրդ կու տամ գոնէ մէկ անգամ գիշերել սահմանամերձ գիւղերու մէջ եւ սեփական մաշկի վրայ զգալ այն տագնապը, որուն ամէն վայրկեան կը բախուին բնակիչները:
Աւարտին տեղեկացնեմ, որ այս բարեգործական համերգային շրջագայութիւնը իրականացուցած եմ 1993 թուականին Ղափանի սահմանամերձ Տրիդցատկա գիւղին մէջ պատերազմի ժամանակ զոհուած 19-ամեայ եղբօրս` Մանուէլ Չաքմանեանի եւ միւս հերոս քաջորդիներու յիշատակին, որոնք մինչեւ արեան վերջին կաթիլը յամառ պայքար մղեցին թշնամիին դէմ: Այս ամէնէն յետոյ խիղճս հանգիստ կը զգամ:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան