«Նոր Հանգրուան Հայկական Լրատուական Ցանցի Ամրապնդման Եւ Զարգացման Ճանապարհին». Վաղինակ Վարդանեան
Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը, լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը,Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ`Հոկտեմբեր 20-24 պիտի իրականացնեն «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը:
Նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ համաժողովին առնչուող այլեւայլ հարցերու շուրջ է «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանի հետ:
–Պարո՛ն Վարդանեան, Լրագրողներու համահայկական համաժողովի կազմակերպումը, առհասարակ, ի՞նչ նպատակ ունի:
-Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ հաստատուած Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հայեցակարգային դրոյթներէն է համահայկական միասնական տեղեկատուական դաշտի եւ Սփիւռքի մասնագիտական ցանցերու ստեղծումը: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուած եւ արդիւնաւէտ գործող մասնագիտական ցանցերէն մէկն ալ` Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու միջոցով ձեւաւորուած եւ տարիէ տարի ընդլայնուող լրատուամիջոցներու համահայկական ցանցն է:
Լրագրողներու համահայկական համաժողովները պարբերականութեամբ կը հրաւիրուին երկու տարին անգամ մը: Այն մինչեւ 2008 թուական կ’իրականացնէր Լրագրողներու համահայկական ընկերակցութիւնը: Երբ ստեղծուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, արդէն չորս համաժողով գումարուած էր: Նախարարութեան ստեղծումէն ետք այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը իր տրամաբանական շարունակութիւնը ունեցաւ:
Կարեւոր համարելով լրատուամիջոցներու համահայկական ցանց ստեղծելու խնդիրը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները աւելի ընդալայնուած եւ ընդգրկուն դարձան:
2010 թուականի աշնանը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ հրաւիրուած է Լրագրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովը, որուն աշխատանքները ընթացած են նախ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ապա` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:
Հինգերորդ համաժողովէն սկսած` բոլոր համաժողովները կ’իրականացուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան անմիջական մասնակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ:
–Յառաջիկայ համաժողովը թեմատիկ ի՞նչ ուղղութիւններով պիտի ընթանայ, ծրագիրը արդէն պատրա՞ստ է:
-Նախ ըսեմ, որ համաժողովը նուիրուած է մեր երկու հայկական պետութիւններու` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակներուն: Բնականաբար, համաժողովի թեմատիկ ուղղուածութիւնը պէտք է համահունչ ըլլար Հայոց պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման ուղղուած գաղափարին:
Այդ հանգամանքը հաշուի առնելով` համակարգող մարմինը քանի մը տարբերակներ քննարկելէ ետք , որոշեց համաժողովը իրականացնել «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրին ներքոյ:
Համաժողովի աշխատանքները կը տեւեն Հոկտեմբեր 20-24: Բացումը տեղի կ’ունենայ Երեւանի մէջ, աշխատանքները կը շարունակուին Հոկտեմբերի 20-22` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նիստերու դահլիճին մէջ (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ), իսկ Հոկտեմբեր 23-24` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մշակոյթի պալատին մէջ:
Հոկտեմբեր 24-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ’ունենայ ամփոփիչ նիստը, որմէ ետք համաժողովը կ’աւարտէ իր աշխատանքները:
Օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութենէն` շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ԼՂՀ պատկան մարմիններուն եւ Արցախի լրագրողներու միութեան` համագործակցութեան պատրաստակամութեան համար:
Ցանկացողները համաժողովի աշխատանքներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կրնան հետեւիլ համացանցի միջոցով` ուղիղ հեռարձակմամբ:
Իսկ բոլոր այն մասնակիցները, որոնք տարբեր պատճառներով չեն կրնար ֆիզիքապէս մասնակցիլ համաժողովին, հեռակապի միջոցով հնարաւորութիւն ունին միանալու եւ ներկայացնելու իրենց ելոյթը:
Նախատեսուած է նաեւ Երեւանի մէջ համաժողովի մասնակիցներու այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը համաժողովին օրերուն պիտի հոգայ մասնակիցներու գիշերակացի եւ սնունդի, ինչպէս նաեւ` Երեւան-Ստեփանակերտ-Երեւան փոխադրութեան ծախսերը:
Վերադառնալով հարցին` ըսեմ, որ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 23-ին, որոշուեցաւ համաժողովի թեմատիկ հետեւեալ ուղղութիւնները.
Տեղեկատուական միացեալ համակարգի նախադրեալները եւ համապատասխան մեքենականութիւնները, տեղեկատուութիւնը ճգնաժամային պայմաններուն մէջ
ՀՀ դիւանագիտութիւնը, սփիւռքեան կառոյցները եւ համագործակցութեան ուղիները
Սփիւռքի ներուժի օգտագործումը ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ
Հայկական սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակից` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ
Հայաստանի եւ Արցախի Հ
անրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին հետ կապուած խնդիրները
Հայաստան-Սրցախ-Սփիւռք` 25-ամեայ համագործակցութեան հանրագումարները եւ յետագայ ընելիքները:
Այժմ կը կազմուի համաժողովի ծրագիրը, որ յառաջիկայ օրերուն կ’առաքենք բոլոր մասնակիցներուն:
– Երբ ստեղծուած է լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինը՞:
– Համակարգող մարմինը ստեղծուած է Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին ժամանակ` յետագայ համաժողովներու հրաւիրման օրակարգերը ճշգրտելու, ինչպէս նաեւ համաժողովներուն ժամանակ բարձրացուցած հարցերը, առաջարկութիւնները, ընդունուած յայտարարութիւնները մինչեւ կայանալիք միւս համաժողովը կեանքի կոչելու նպատակով:
Համակարգող մարմնի նիստերը կ’իրականացուին երեք ամիս անգամ մը: Նիստերու հրաւիրման եւ իրականացման բոլոր կազմակերպչական եւ տեխնիկական աշխատանքները կ’իրականացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութիւնը:
Նշեմ նաեւ, որ համակարգող մարմնի նիստերուն սփիւռքեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները կը մասնակցին ուղիղ միացմամբ` տեսակապի միջոցով:
–Ովքե՞ր կրնան մասնակցիլ համաժողովին: Սահմանուած յատուկ չափորոշիչներ կա՞ն:
– Մասնակիցներու ընտրութեան հարցով միակ չափորոշիչը այն է, որ հրաւէրները կ
��?ուղարկուին հիմնականին մէջ լրատուամիջոցներու խմբագիրներու անունով: Եթէ անոնք չենք կրնար մասնակցիլ համաժողովին, ապա կ’ուղարկեն իրենց կողմէ լիազօրուած ներկայացուցիչին: Այստեղ որեւէ ընտրութեան կամ խտրականութեան հարց ըլլալ չի կրնար: Հայկական բոլոր ԶԼՄ-ներու խմբագիրները, որոնք նախապէս` մինչեւ ս/թ Հոկտեմբեր 1 մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են, կրնան մասնակցիլ համաժողովի աշխատանքներուն: Համաժողովի յայտարարութիւնը այս տարուան Ապրիլ ամիսէն հրապարակուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ, նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ , ինչպէս նաեւ առաքուած է սփիւռքեան մամուլին:
–Արդէն ամփոփա՞ծ էք վերջնական արդիւնքները: Պատկերը ինչպիսի՞ն է, քանի՞ հոգի պիտի մասնակցի համաժողովին եւ աշխարհի ո՞ր երկիրներէն:
-Յայտադիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը մինչեւ Հոկտեմբեր 1-ն էր:
Ուախալի է, որ տարիէ տարի մասնակիցներուն թիւն ու աշխարհագրական ընդգրկումը երթալով կ’աւելնայ:
Եթէ անցեալին Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մասնակիցներու առաւելագոյն թիւը չէր գերազանցեր 60-ը, ապա Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են աշխարհի տարբեր տարածաշրջաններու 30 երկրէ 100 խմբագիրներ եւ լրագրողներ: Համաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Սուրիոյ հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
– Պարո՛ն Վարդանեան, համաժողովին կը նախատեսւուի՞ ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներու մասնակցութիւնը:
-Անշուշտ, օտար ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող 45 հայ լրագրողներու նոյնպէս մասնակցելու հրաւէրներ ուղարկած ենք: Այսօրուան դրութեամբ` 20 հոգի արդէն արձագանքած է: Այնչափ կարեւոր է ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներու մասնակցութիւնը համաժողովին, քանի որ աշխատելով օտար ԶԼՄ-ներու մէջ` անոնք առաւել մեծ հնարաւորութիւն ունին ձեւաւորելու տուեալ երկրի հանրութեան կարծիքը հայկական իրականութեան վերաբերեալ:
Ի դէպ, լրագրողներու համահայկական համաժողովներուն ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներու մասնակցութեան գաղափարը յառաջացաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ` 2014 թուականի Սեպտեմբերին կայացած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին ժամանակ:
Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Սփիւռքի մեր յարգարժան խմբագիրներուն, որոնք իրենց հեղինակութեամբ դերակատարում ունեցան օտար ԶԼՄ- ներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներուն ներգրաւելու հարցով:
–Սփիւռքեան քանի՞ լրատուամիջոցներու հետ կը համագործակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
– Այժմ կը համագործակցինք շուրջ 320 սփիւռքեան լրատուամիջոցներու հետ: Բոլոր լրատուամիջոցներուն ուղարկած ենք համաժողովի մասնակցութեան հրաւէրը: ճիշդ է, յայտադիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը Հոկտեմբեր 1-ն էր, սակայն այս օրերուն ալ Սփիւռքի լրատուամիջոցները դեռ կ’ուղարկեն յայտադիմումներ, որոնք մենք չենք մերժեր:
Լիայոյս եմ, որ հայ լրագրողներու այս հերթական համաժողովը եւս կ’ընթանայ բուռն քննարկումներու, մասնակիցներուն միջեւ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ, կ’ըլլան բազմաթիւ կարեւոր առաջարկութիւններ, որոնք կը գտնեն նաեւ իրենց լուծման տրամաբանական շարունակութիւնը: Լրագրողներու համահայկական 8-րդ յանձնաժողովը նոր կարեւոր հանգրուան կը հանդիսանայ հայ խմբագիրներու եւ լրագրողներու փոխճանաչողութեան, փոխադարձ սերտ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ համահայկական տեղեկատուական միասնական հարթակի ձեւաւորման եւ զարգացման ճանապարհին:
Նախատեսած ենք նաեւ համաժողովի նիւթերը հաւաքագրել եւ հրատարակել առանձին ձեռնարկով:
Գէորգ Չիչեան