Պարգեւատրումներ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Օգոստոս 9-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան Տիւմենի մարզի ստեղծագործական զարգացման եւ մարդասիրական կրթութեան «Էթնոս» կեդրոնի ուսուցչուհի Ալվան Պօղոսեան հիւրընկալուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան փոխանցեց Հրանոյշ Յակոբեանի  ողջոյնի խօսքը: Նախարարի հրամանով` սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար Սերժ Սրապիոնեան Ալվան Պետրոսեանին յանձնեց «Մայրենիի դեսպան» մետալը:

««Մայրենիի դեսպան» մետալը շնորհւում է միայն ընտրեալներին,   եւ այն մեր լաւագոյն պարգեւներից մէկն է: Մեր ցանկութիւնն է, որ հայկական համայնքներում  նման նուիրեալները շատ լինեն: Եւ ինչպէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն է բազմիցս նշել, այն հայորդիները, ովքեր նպաստում են հայ ինքնութեան եւ մայրենի լեզուի պահպանութեանը, պէտք է մշտապէս լինեն ուշադրութեան կենտրոնում, եւ նրանց գործը պէտք է գնահատուի ու արժեւորուի»,- իր խօսքին մէջ ընդգծեց նախարարի տեղակալը:

Ալվան Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան ողջ անձնակազմին, մասնաւորապէս` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ նշեց. «Տիւմենի մարզի ստեղծագործական զարգացման եւ մարդասիրական կրթութեան «Էթնոս» կեդրոնը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակութային կեդրոնը մշտապէս սերտօրէն կը համագործակցին Սփիւռքի նախարարութեան հետ, եւ ես վստահ եմ, որ այդ համագործակցութիւնը երթալով կը դառնայ աւելի բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ»:

Տիւմենի մարզի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական մշակութային կեդրոնի ուսուցչուհիներ Սիլվա Սիմոնեան եւ Ռուզաննա Դանիէլեան պարգեւատրուեցան ՀՀ ՍՆ պատուոգիրներով:

Scroll Up