ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Սփիւռքահայ Գործարար Հելէն Ազարեանը

Նոյեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հելիոս» բժշկական կեդրոնի տնօրէն, սփիւռքահայ գործարար Հելէն Ազարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բժշկական հաստատութեան արդիւնաւէտ աշխատանքին, նոր բացուող աշխատատեղերուն եւ Հայաստանի ու Սփիւռքէն ժամանած մեր հայրենակիցներուն համար զեղչային համակարգին առնչուող հարցեր:
«Հելիոս» բժշկական կեդրոնը Հայաստանի մէջ կը գործէ շուրջ 7 տարի: Այն իր մէջ կը ներառէ մաշկաբանական, գեղագիտական, տարրալուծարան եւ այլ բաժանմունքներ: 2012-ին կեդրոնը Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ արժանացած է «Տարուան լաւագոյն բժշկական հաստատութիւն» անուանակարգին, իսկ 2013-ին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Հելէն Ազարեան ճանչցուած է որպէս «Տարուան լաւագոյն սփիւռքահայ կին գործարար»: