Կը մեկնարկէ «Հայ կինը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը

Ապրիլ 17-ին, ժամը10:30-ին  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կ’իրականացուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողով` «Հայ կինը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ» խորագիրով   (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 26/1 «Էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ «էրեբունի» սրահ):

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Գիտաժողովի մասնակիցներուն կ’ողջունեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան   ատենապետուհի  Վիգի Մարաշլեան եւ Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Նարինէ Գալստեան:

Կը ցուցադրուին հատուածներ բեմադրիչ  Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ֆիլմէն:

Գիտաժողովի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ հրուշակագործներու եւ ձեռագործի վարպետներու աշխատանքներու ցուցահանդէս-տօնավաճառ:

Scroll Up