« Շա՜տ Գեղեցիկ Է Երեւանը, Գեղեցիկ Են Այստեղի Հայերը». Էտմոն Սարգսեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչողական ու սիրուած,արդէն իսկ աւանդական դարձած ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանող հայ պատանիներէն ու աղջիկներէն շատերն առաջին անգամ կ’այցելեն Հայաստան, մէկ մասն ալ շատ փոքր հասակին եկած են Հայրենիք, անշու՛շտ, կան նաեւ այնպիսիները, որոնք յաճախ կու գան Հայաստան, եւ այստեղ հարազատներ, տուն ունին: «Հայերն այսօր»–ի համար ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին իրենց խոհերն ու տպաւորութիւնները կիսեցին Հունգարիայէն եկած Էտմոն Սարգսեանն ու Թուրքմէնստանէն եկած Գէորգի Օսիպովը, որոնց հետ ունեցած զրոյցները կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան:
Գէորգի Օսիպով, 17 տարեկան, Թուրքմէնստան, Աշխապատ
-Ընկերոջմէս լսեցի «Արի տուն» ծրագիրին մասին եւ որոշեցի անպայման մասնակցիլ: Շատ լսած եմ Հայաստանի մասին, անոր տեսարժան վայրերուն, իսկ հիմա սեփական աչքերով կը տեսնեմ այդ ամէնն ու վերադարձիս կը պատմեմ ընկերներուս: Հայերէն ընդհանրապէս չեմ գիտեր խօսիլ. մայրս ազգութեամբ ռուս է, հայրս` հայ: Կ’ըսեն` այս օրերուն նաեւ հայերէնի դասընթացք պիտի ըլլայ, գուցէ այս կարճ ժամանակուան մէջ քիչ մը սորվիմ հայերէն, յետագային կը ձգտիմ կատարելագործել հայերէնս: Շատ ուրախ եմ` այս ծրագիրին մասնակցելու համար:
Էտմոն Սարգսեան, 13 տարեկան, Հունգարիա, Պուտապեշտ
-Հայաստան բարեկամներ ունինք, ես առաջին անգամ չէ, որ Հայաստան կու գամ: Ծրագիրին մասին ինծի տեղեակ պահած է հայրս` Հունգարիոյ Հայ սփիւռքի նախագահ Ադամ Սարգսեան, որ ծնունդով երեւանցի է: Անցեալին այցելած եմ Սեւան, Էջմիածին եւ Երեւան: Այս անգամ, ծրագիրի ծիրէն ներս, պիտի այցելենք Հայաստանի պատմամշակութային շատ վայրեր, ես շատ կը ցանկամ տեսնել Գառնին ու Գեղարդը: Շա՜տ գեղեցիկ է Երեւանը, գեղեցի՛կ են այստեղի հայերը:
…Թէեւ մանկան նման թոթովախօս, սակայն հօր օգնութեամբ իմ հարցերուս հայերէն ով պատասխանող Էտմոնի սեւորակ հայկական աչքերուն մէջ կարօտէն ու յուզմունքէն ալիքուող շատ հարազատ բան մը կար, որ անուն ունի` հայկականութիւն:
Կարինէ Աւագեան