«Արի Տուն» Ծրագիրի Հիւրընկալ Ընտանիքներու Տպաւորութիւնները Սփիւռքահայ Երեխաներուն Մասին

«Արի տուն» ծրագիրի հիւրընկալ ընտանիքները սփիւռքահայ երեխաներուն ընդունած են հարազատի պէս եւ մտերմացած անոնց հետ: Կան ընտանիքներ, որոնք  քանի մը տարի շարունակ երեխաներ  հիւրընկալած էին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած, որ յաջորդ տարիներուն ալ իրենց տան դռները բաց պիտի ըլլան այս ծրագիրի մասնակիցներուն համար:

Հիւրընկալ ընտանիքներէն Գառնիկ Գէորգեան կ’ըսէ. «Աղջիկս այնքան  մտերմացած է մեր տան մէջ բնակող մոսկուաբնակ հասակակիցին` Էլէնին, որ հիմա իրար արդէն քոյր կը համարեն, ամէն օր համացանցով կը շփուին, իսկ Նոյեմբերին Էլէնը կրկին Հայաստան պիտի գայ, որու համար  աղջկաս ուրախութիւնը անսահման է»:

Ելէնա Դաւթեան իր հերթին ըսաւ. «Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ սփիւռքէն Հայաստան ժամանած երեխաները իրենց մեր ընտանիքներուն մէջ լաւ զգան, քանի որ մէկ հայ ընտանիքի միջոցով անոնք կրնան տպաւորութիւն կազմել հայ ժողովուդի եւ Հայաստանի մասին»: Անահիտ Ասլանեան ընդգծեց. «Մենք պէտք է միանանք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայապահպան այս գործին եւ մեր տան դռները բանանք սփիւռքահայ երեխաներուն առջեւ»:

Կամօ Սարգսեանի խօսքով. «Մշտապէս պատրաստ ենք մեր տան մէջ այս ծրագիրէն երեխաներ հիւրընկալել: Մեծ գործ կ’ընէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, իսկ մեր տան մէջ բնակող բալիկէն գոհ ենք շատ, ծրագիրի աւարտէն ետք եւս կը ցանկար մնալ Հայաստան»:

Ժորա Բաբալեան կ’ըսէ. «Յորդանանէն եկած Ճոնին սկիզբը ընկճուած էր, չէր շփուիր մեզ հետ, բայց տեսնելով մեր բարեացակամ վերաբերմունքը իր նկատմամբ` մերուեցաւ մեզի հետ. յուզուած էինք հրաժեշտի ժամանակ»:

Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up